‘Խօսքը Կը Քարոզե՛նք’
1 Աստուածաշունչի «վերջին օրեր»ու նկատմամբ եղած նկարագրութեան համաձայն, ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը միայն «աստուածպաշտութեան կերպարանքը» ունի։ (Բ. Տիմ. 3։1, 5) Այս է պարագան, քանի որ կրօնական առաջնորդները իրենց հօտերուն հոգեւոր ճշմարիտ առաջնորդութիւն չեն տուած։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները Աստուածաշունչը չեն ջատագովեր։ Անոնք կը նախընտրեն փիլիսոփաներու եւ աստուածաբաններու ունայն վարդապետութիւնները թութակաբար կրկնել, կամ ընկերային ու քաղաքական հարցեր քննարկել, փոխանակ Աստուծոյ Խօսքը քարոզելու։ Բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ Աստուածաշունչին չեն հաւատար։ Անոնք զայն ժամանակավրէպ կը նկատեն, ուստի կամակորաբար բարեշրջութեան տեսութիւնը յառաջ կը տանին, Հոյակապ Ստեղծիչի մը մասին Աստուածաշունչի ուսուցումին փոխարէն։ Կղերներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ անձնական անունը նո՛յնիսկ չի գործածեր, ու ոչ մէկ առարկութիւն ունի զայն Աստուածաշունչի արդի թարգմանութեանց մէջէն ջնջելու։
2 Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդներուն նման, ներկայ կղերներն ալ պարապ տեղ կը քարոզեն։ (Մատթ. 15։8, 9) Ճիշդ ինչպէս որ Ամովս մարգարէն գուշակեց։ Ներկայիս «ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծառաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը» կայ։ (Ամովս. 8։11) Ամէն բանէ աւելի, մարդիկ Աստուծոյ Խօսքին մէջ եղած հոգեւոր սնունդին կարիքը ունին։
3 Մարդոց Հոգեւոր Կարիքը Ի՛նչպէս Գոհացնել. Պօղոս՝ Տիմոթէոսը յորդորեց որ կառչի ‘սուրբ գրքերուն, որոնք կրնան անհատը իմաստուն ընել փրկուելու’, ուստի ան պաշտօնապէս պատուիրեց անոր որ «խօսքը [ուրիշներուն] քարոզէ»։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15. 4։2) Որպէս Եհովայի Վկաներ, երբ կը քարոզենք, պէտք է Աստուածաշունչի ուսուցումներուն կառչինք, այսպէս ընդօրինակելով մեր Տիպարը՝ Յիսուսը, որ ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։ (Յովհ. 7։16) Մենք Աստուծոյ Խօսքը որպէս մեր ուսուցման հիմ կը գործածենք, քանի որ կ’ընդունինք որ անիկա աստուածային իմաստութիւն կը պարունակէ, եւ կ’ուզենք որ մարդիկ գիտնան իրենց հետ մեր բաժնեկցած տեղեկութեան աղբիւրը։—Ա. Կորն. 2։4–7
4 Մարդիկ նախ՝ ճշմարտութիւնը Աստուածաշունչէն պէտք է լսեն որպէսզի Եհովայի մասին սորվին ու անոր հաւատք ընծայեն։ Պօղոս տրամաբանօրէն գրեց. «Ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ (Հռովմ. 10։14) Աստուծոյ Խօսքը քարոզելով, ուրիշներուն կ’օգնենք ճշգրիտ գիտութեան միջոցաւ հաւատք ձեռք ձգելու։ Այսպիսի գիտութիւն կրնայ մարդոց կեանքերը բարելաւել։ Անգլիացի հեղինակ Չարլզ Տիքընզ Աստուածաշունչի նկատմամբ գրեց. «Անիկա աշխարհի լաւագոյն գիրքն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ, քանի որ անիկա քեզի կը սորվեցնէ լաւագոյն դասերը, որոնցմով կրնայ առաջնորդուիլ ոեւէ մարդկային արարած որ կը փորձէ ճշմարտասէր եւ հաւատարիմ ըլլալ»։
5 Հոգեւոր ճշմարտութեան սովէն տառապող անհատներ կը գիտակցին որ Աստուծոյ Խօսքն է զայն մատակարարողը։ 1913–ին, Ֆրէտէրիք Վ. Ֆրանզ, երբ երկրորդական վարժարանի աշակերտ մըն էր, գրքոյկ մը ստացաւ՝ Ո՞ւր Են Մեռելները խորագրով։ Այս հարցումին՝ Աստուածաշունչին տուած պատասխանը խոր հետաքրքրութեամբ կարդալէն ետք, ան ըսաւ. «Ասիկա՛ է ճշմարտութիւնը»։ Միլիոնաւոր ճշմարտախոյզներ միեւնոյն զգացումը ունեցած են։ Շարունակե՛նք ժրաջանօրէն ու նախանձախնդրաբար Խօսքը քարոզել ու այսպէս մասնակցինք այն ուրախութեան որ յառաջ կու գայ, երբ ուրիշներէն լսենք որ կ’ըսեն. «Ասիկա՛ է ճշմարտութինը»։