Բարի Լուրը Ներկայացնենք Ստիպողականութեան Զգացումով
1 Աստուծոյ Թագաւորութեան խոստումներուն հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը կը ցուցաբերենք քրիստոնէական ծառայութեան մէջ բոլորանուէր մասնակցութիւն բերելով։ Այս գործին մէջ պէտք է մասնակցինք ստիպողականութեան զգացումով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մշակները քիչ են, այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը վերահաս է ու մեր թաղամասին մէջ գտնուողներուն կեանքերը վտանգի մէջ են։ (Եզեկ. 3։19. Մատթ. 9։37, 38) Այսպիսի ծանր պատասխանատուութիւն մը կը պահանջէ որ ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյն ջանքը թափենք։ Դաշտի ծառայութեան մեր գործունէութեան նկատմամբ ի՞նչպէս կրնանք ստիպողականութեան զգացում ցուցաբերել։ Լաւ ներկայացումներ նախապատրաստելով, ամէնուրեք մարդիկը փնտռելու մէջ ժրաջան ըլլալով, բոլոր հետաքրքրուող անհատներուն մասին ճշգրիտ արձանագրութիւն մը պահելով, այդ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդելու համար շուտով վերադառնալով ու յիշելով որ ասոր մէջ կեանքեր պարփակուած են՝ մեր ծառայութիւնը լուրջի առնենք։ Հետեւեալ թելադրութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ, մինչ կը պատրաստուինք Փետրուարի ընթացքին բարի լուրը ստիպողականութեան զգացումով ներկայացնել։ Ներկայացուելիք գրականութիւնը պիտի ըլլայ՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը։
2 Թերեւս կարենաք խօսակցութիւն մը սկսիլ հակիրճօրէն յիշելով համայնքին մէջ մարդոց դիմագրաւած կարգ մը խնդիրները, ապա կրնաք ըսել.
◼ «Բազմաթիւ մարդիկ կը հաւատան որ Աստուած մը կայ, սակայն հարց կու տան. ‘Ան ի՞նչպիսի ապագայ մը կ’ուզէ որ ունենանք’։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Գիտէի՞ք որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը բացատրէ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը մարդկութեան նկատմամբ եւ թէ ի՛նչ քայլեր կ’առնէ ասիկա իրագործելու համար»։ Բացէք Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին էջ 301–ը։ Կարդացէք առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած Յայտնութիւն 21։1–ը, ապա կարդացէք 2–րդ պարբերութեան երկրորդ կէսին մէջ անոր մասին տրուած բացատրութիւնը։ Բացէք էջ 302–ի պատկերը, ցոյց տալու համար թէ ասիկա ի՛նչ կապ ունի մեր ապագային հետ։ Կարդացէք 6–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած Յայտնութիւն 21։4–ը։ Եթէ լաւ ընդառաջում գտնէք, գիրքը ներկայացուցէք։ Չմոռնաք բացատրելու թէ մեր երկրածաւալ գործունէութիւնը ինչպէս նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Խօսակցութիւնը շարունակելու համար, վերադառնալու յարմար ժամանակ մը կարգադրեցէք։
3 Կրնաք Յայտնութիւն 21։1, 4–ի մասին նախապէս ձեր սկսած խօսակցութիւնը շարունակել հետեւեալ հակիրճ ներկայացումով.
◼ «Անցեալ այցելութեանս, խօսակցեցանք մարդկութեան համար երկրային նոր ընկերութիւն մը պատրաստելու Աստուծոյ խոստումին մասին։ [Դարձեալ իր ուշադրութիւնը հրաւիրեցէք Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին՝ էջ 302–ի պատկերին։] Կը փափաքէի՞ք որ ձեր ընտանիքը այսպիսի վիճակներ վայելէր։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Արդ, հարցումը հետեւեալն է. Աստուծոյ խոստումները որքա՞ն վստահելի են։ Հաճեցէք նկատի առնել թէ ան անձամբ ի՛նչ կ’ըսէ»։ Կարդացէք էջ 303, պարբերութիւն 8–ի մէջ յիշուած Յայտնութիւն 21։5, 6ա–ը։ Հարցուցէք էջ 304–ի 9–րդ պարբերութեան տպուած հարցումը, ապա կարդացէք պատասխանը, մէջը ըլլալով պարբերութեան վերջին նախադասութիւնը։ Յիշեցէք Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութեան առաջարկը։ Կարգադրեցէք զայն ցոյց տալ յաջորդ անգամին։
4 Քանի որ շատեր մտահոգ են մարդկութեան դիմագրաւած երթալով աւելցող խնդիրներուն նկատմամբ, առաջին այցելութեան կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Գրեթէ ամէն ոք մտահոգ է համայնքին մէջ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն նկատմամբ։ [Յիշեցէք անոնցմէ մի քանի հատը։] Տասնամեակներէ ի վեր քաղաքագէտներ խոստացած են մնայուն լուծումներ բերել, ու ոմանք փորձած են ասիկա ընել։ Ըստ ձեզի, ի՞նչ բան պատճառ կ’ըլլայ որ վիճակները երթալով աւելի վատթարանան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը բացատրութիւն մը կու տայ, զոր մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ նկատի չէ առած։ Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ պատերազմ մը, որ տեղի ունեցաւ երկնքի մէջ։ Նկատի առէք անոր արդիւնքը, որ յիշուած է Յայտնութիւն 12։9–ի մէջ»։ Համարը կարդացէք, ապա բացէք Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 182–րդ էջը։ Գործածեցէք պատկերը՝ բացատրելու համար երկրի գործառնութիւններուն մէջ Սատանայի ձեռնմխութիւնը։ Եթէ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, գիրքը առաջարկեցէք ու յիշեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։ Ծրագրեցէք վերադառնալ ու նկատի առնել թէ Աստուած ի՛նչպէս պիտի լուծէ մարդկութեան խնդիրները։
5 Եթէ խոստացաք վերադառնալ բացատրելու համար այժմու խնդիրներուն համար Աստուծոյ լուծումը, կրնաք հետեւեալ մօտեցումը փորձել.
◼ «Մասնաւոր ջանք ըրի վերադառնալու, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր խօսակցութիւնը՝ մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրներուն իսկական լուծումին մասին։ Անցեալ այցելութեանս, նկատի առինք թէ Աստուածաշունչը՝ Բանսարկու Սատանան կը բնորոշէ որպէս համայն աշխարհը մոլորեցնողը։ Քանի որ ան գերմարդկային հոգեղէն արարած մըն է, կը խորհի՞ք որ իր ազդեցութիւնը մէջտեղէն վերցնելու կերպ մը կայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հաճեցէք նկատի առնել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ»։ Կարդացէք ու բացատրեցէք Յայտնութիւն 20։1–3–ը։ Գիտութիւն գրքին էջ 4–5–ի պատկերը գործածելով, ցոյց տուէք թէ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրեն առանց Սատանայի ազդեցութեան։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք ու ջանացէք տեղւոյն վրայ զայն սկսիլ։
6 Քանի որ բազմաթիւ անհատներ հետաքրքրուած են մթնոլորտի ապականութեամբ, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել խօսակցութիւն մը սկսելու համար.
◼ «Նկատեցինք թէ գրեթէ ամէն մարդ մտահոգ է մեր օդին, ջուրին եւ ուտելիքին ապականութեամբ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մթնոլորտի ապականութիւնը արդէն իսկ կեանքի կը սպառնայ։ Քանի որ Աստուա՛ծ է երկրի Ստեղծիչը, արդեօք Ան բան մը պիտի ընէ՞։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ թէ երկրագունդը ի՛նչպէս կը գործածենք։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 11։18բ։] Պահ մը երեւակայեցէք, ամէ՛ն տեսակ ապականութենէ զերծ երկրի մը վրայ ապրիլ»։ Ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Յայտնութիւն 21։3, 4–ի մէջ յիշուած, դրախտի մը նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին։ Ցոյց տուէք Յայտնութիւն գրքին էջ 302–ի պատկերը։ Եթէ բաւարար հետաքրքրութիւն գտնէք, գիրքը ներկայացուցէք ու կարգադրեցէք վերադառնալ։ Նուիրատուութիւն մը ընելու պատեհութիւնը տուէք անհատին։
7 Երբ կը վերադառնաք անհատի մը քով որ դրախտ երկրի մը նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, կրնաք ըսել.
◼ «Անցեալ այցելութեանս, համաձայնեցանք թէ ապականած երկրի մը խնդիրը լուծելու համար, Աստուած պէտք է մարդուն գործառնութիւններուն միջամուխ ըլլայ։ Սակայն հարցումը հետեւեալն է. Ի՞նչ պէտք է ընենք, Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած արդար նոր աշխարհի մը մէջ վերապրելու համար»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը։ Տանտէրը քաջալերեցէք որ օգտուի մեր առաջարկած Աստուածաշունչի ձրի դասընթացքէն, այս մասնաւոր գիտութիւնը ձեռք ձգելու համար։
8 Ի՜նչ առանձնաշնորհում է որպէս արդի մշակ մը գործածուիլ ու կեանք փրկող քարոզչութեան գործ մը կատարել։ Թող որ բոլորս ալ զբաղած մնանք, բարի լուրը ներկայացնելով ստիպողականութեան զգացումով, ‘գիտնալով թէ մեր աշխատութիւնը պարապ չէ’։—Ա. Կորն. 15։58