Անոնց Օգնենք Որ Հասկնան
1 Պետրոս առաքեալ գիտակցեցաւ որ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կարգ մը բաներ «դժուարիմաց» են։ (Բ. Պետ. 3։16) Շատեր Յայտնութիւն գիրքը այդպէս նկատած են։ Սակայն, անոր իմաստը յստակ եղած է Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին մէջ։ Հետաքրքրուած անհատներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել որ լաւագոյն կերպով օգտագործեն զայն։
2 Եթէ առաջին այցելութեան Յայտնութիւն 1։3–ը նկատի առիր, հետեւեալ գաղափարը թերեւս հետաքրքրութիւնը վերանորոգէ.
◼ «Նախապէս նկատի առինք որ ի՛նչպէս Յայտնութիւն գիրքը հասկնալը կրնայ ուրախութիւն բերել։ Սակայն, այսպիսի ուրախութիւն մը ինքնաբերաբար չի գար։ Առնուազն երկու բաներ մեզմէ պահանջուած են. Աստուածաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք ու մեր սորվածը պէտք է կիրարկենք»։ Յակոբու 1։25–ը կարդա ու մեկնաբանէ։ Էջ 8–ի վրայ 9–րդ պարբերութիւնը նկատի առ ու նշէ թէ Յայտնութիւն գիրքը հասկնալը կրնայ օգնել մեզի որ սորվինք ի՛նչպէս ուրախութիւն ձեռք ձգել դրախտային նոր աշխարհի մը մէջ։
3 Եթէ առաջին հանդիպումին Յովհաննու 17։3–ը նկատի առիր, կրնաս Աստուածաշունչի յաւելեալ գիտութիւն առնելու կարիքը շեշտել, ըսելով.
◼ «Անցեալ հանդիպումին, Յովհաննու 17։3–ին մէջ կարդացինք որ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Սակայն, պիտի փափաքէի՞ր յաւիտեան ապրիլ այնպիսի աշխարհի մը մէջ որ մեր ներկայ աշխարհին նման է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի չփափաքէր։ Այս պատճառով, կրնանք ուրախանալ Աստուծոյ խոստացածը լսելով»։ Էջ 303–ի վրայ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առ, Յայտնութիւն 21։4–ը կարդա, ապա նկարագրէ աշխարհի վիճակը ‘առաջուան բաները անցնելէ’ ետք։ Առաջարկէ վերադառնալ յաւելեալ խօսակցութեան համար։
4 Եթէ էջ 302–ի պատկերը գործածեցիր ցոյց տալու համար որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նեղութեան վերջ պիտի դնէ, կրնաս դարձեալ նոյն էջը բանալ ու ըսել.
◼ «Նկատի առինք հոս նկարագրուած օրհնութիւնները զորս մարդիկ պիտի վայելեն Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ Ի՞նչ կը խորհիս որ պէտք է ընենք եթէ կը փափաքինք այդ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապրիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող մարդոցմէ ոմանք հոյակապ օրինակ մը հանդիսացած են զոր կրնանք ընդօրինակել մեր օգտին համար»։ Կարդա Գործք Առաքելոց 17։11–ը, շեշտելով ‘ամէն օր գրքերը քննելու’ կարիքը։ Բացատրէ որ Եհովայի Վկաները անկեղծ անհատներու կ’օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեն ու զայն աւելի լաւ կերպով հասկնան։
5 Եթէ զբաղած տանտիրոջ մը «Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞» խորագրով թերթիկը տուիր, կրնաս այս մօտեցումը գործածել.
◼ «Երբ վերջերս այցելեցի, բաւական զբաղած էիր։ Քեզի թերթիկ մը տուի որ հարցում մը կը յարուցանէր ներկայ աշխարհի վերապրումին մասին։ Կարդացինք Յայտնութիւն 21։4–ը, որ մէջբերուած է այս գրքին մէջ, որու խորագիրն է՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ [Էջ 303–ի վրայ 6–րդ պարբերութենէն կարդա համարը։] Այս պատկերը [էջ 302–ի վրայ] քեզի գաղափար մը կու տայ որ ի՛նչ վիճակ պիտի տիրէ երբ ‘Աստուած մեր աչքերէն բոլոր արցունքները սրբէ’։ Այս գիրքը համոզիչ փաստեր կը ներկայացնէ որ այս խոստումը շատ մօտ ապագային պիտի կատարուի։ Եթէ կը փափաքիս կարդալ զայն, ասիկա օրինակդ է»։
6 Եթէ հետաքրքրուողներ գտնէք, վերջապէս պիտի փափաքիք ուշադրութիւնը Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին ուղղել եւ զայն գործածել ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Վստահաբար, մեծապէս պիտի ուրախանաք օգնելով ‘անփորձներուն որ հասկնան’։—Սաղմ. 119։130, ՆԱ։