Յայտնութիւն Գիրքը—Իրական Ուրախութեան Բանալի Մը
1 Յայտնութիւն 1։3–ի մէջ Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը բարի լուր մըն են մեզի, քանի որ կ’ըսէ ի՛նչպէս ուրախութիւն գտնել։ Ան գրեց. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է»։ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է խորագրով գիրքը շատերու օգնած է որ մեծ ուրախութիւն գտնեն։ Ուստի լաւ պատճառ ունինք զայն ուրիշներու ներկայացնելու։
2 Թերեւս կարենաս խօսակցութեան մը սկիզբ տալ հետեւեալ հարցումով.
◼ «Կը խորհի՞ս որ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը գրուած է այնպէս որ զայն հասկնանք, կամ թէ ան միշտ խորհուրդ մը պիտի մնայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր տեսակէտդ կը բաժնեն։ Նկատի առ Աստուածաշունչին ըսածը Յայտնութիւն 1։3–ի մէջ։ [Կարդա։] Ուրեմն Յայտնութիւնը կարելի է հասկնալ ու անոր բովանդակած գիտութիւնը կրնայ մեզ ուրախացնել։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է»։ Էջ 6–ի վրայ 2–րդ պարբերութեան գաղափարները վերաքաղ ըրէ, ապա ըսէ. «Այս գրականութիւնը Յայտնութիւն գիրքը համար առ համար կը բացատրէ։ Զայն կարդալու տրամադրած ժամանակդ իրապէս կ’արժէ։ Ուրախ պիտի ըլլամ այս օրինակը քովդ ձգելով»։
3 Քանի որ շատեր մտահոգ են իրենց նիւթական պէտքերը ապահովելու նկատմամբ, հետեւեալը կրնայ որոշ հետաքրքրութիւն արթնցնել.
◼ «Ի՞նչ կը խորհիս որ մեր մեծագոյն կարիքն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր համոզուած են որ աւելի նիւթական բաներու կարիքը ունինք»։ Բաց էջ 73 ու վերաքաղ ըրէ «Նիւթապաշտութիւնը Ընդդէմ Իմաստութեան» վերնագրով շրջագծին գլխաւոր կէտերը։ Շարունակէ ըսելով. «Ասիկա ցոյց կու տայ որ նիւթական բաներու վրայ չափազանց շեշտ կը դրուի. մենք պէտք է աւելի հետաքրքրուինք մեր հոգեւոր կարիքներով։ Ճշմարիտ գիտութիւնն է որու իրապէս կարիքը ունինք։ Սակայն, ի՞նչ բանի նկատմամբ գիտութիւն»։ Կարդա Յովհաննու 17։3 ու բացատրէ որ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ունենալը յաւիտենական կեանքի կրնայ առաջնորդել։ Առաջարկէ գիրքը իրեն ձգել ու վերադառնալ ցոյց տալու համար որ ատիկա ինչ հոյակապ տեղեկութիւններ կը յայտնէ մարդկութեան բոլոր կարիքները գոհացնելու Աստուծոյ նպատակին մասին։
4 Քանի որ շատեր մտահոգ են աշխարհի մէջ եղած նեղութեան նկատմամբ, փորձէ հետեւեալը ըսել.
◼ «Ամէն անհատ, որու հետ կը խօսիմ, մտահոգ է ապագային նկատմամբ։ Աշխարհի առաջնորդներէն ոմանք կը խորհին որ մենք խաղաղութեան նոր դարու մը սեմին կը գտնուինք։ Ի՞նչ կը խորհիս ասոր մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հակառակ մարդոց բոլոր ջանքերուն, վայրագութիւնը ու նեղութիւնը կը շարունակեն աւելնալ համայն աշխարհի մէջ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ այս խնդիրներուն միակ մնայուն լուծումը։ [Կարդա Բ. Պետրոս 3։13։ Ցոյց տուր էջ 302–ի պատկերը, ապա բացատրէ ի՛նչպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը այս երկրին մնայուն խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի բերէ։] Այս գրականութիւնը պիտի օգնէ քեզի որ գիտնաս ի՛նչպէս մաս կազմել այս մարդկային նոր ընկերութեան որ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանք պիտի վայելէ»։
5 Եթէ զբաղած անհատի մը հանդիպիս ու հակիրճօրէն պէտք է խօսիս, կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Ժամանակէդ վայրկեան մը առնելով, կը փափաքիմ քեզի ձգել այս թերթիկը [կամ պարբերաթերթը], որու խորագիրն է [ընտրէ յարմար թերթիկ մը կամ յօդուած մը]։ Կը քաջալերեմ քեզ որ կարդաս զայն։ Յաջորդ այցելութեան, կը փափաքիմ գիտնալ կազմած գաղափարդ անոր մասին»։
6 Երբ մեր գրականութիւնները կը ներկայացնէք, ուրիշներուն պատեհութիւն տուէք որ իրենց գնահատանքը ցուցաբերեն, նուիրատուութիւն ընելով քարոզելու համաշխարհային գործունէութեան ծախսերուն համար։ Այսպիսի տալ մը պիտի աւելցնէ այդ ուրախութիւնը զոր պիտի վայելեն Յայտնութեան սքանչելի մարգարէութիւններուն իմաստը ըմբռնելով։—Առ. 3։13