Յայտարարենք «Մարգարէութեան Խօսքերը»
1 Մենք կ’ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ երբ Յայտնութեան մարգարէութիւնները կը կատարուին։ Շատեր կը ջանան հասկնալ տեղի ունեցած շփոթեցուցիչ դէպքերուն նշանակութիւնը։ Անոնք կրնան օգտուիլ Յայտնութեան մարգարէութեան ‘խօսքերը լսել’ով։ (Յայտ. 1։3) Մարտ ամսուան ընթացքին, Յայտնութեան Յանգումը գիրքը ուշադրութեան յանձնելով պատեհութիւնը ունինք անոնց օժանդակելու։ Երբ զայն կը ներկայացնենք պէտք է մեր միտքը պահենք թէ այսօր մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրները գուշակուած են Յայտնութեան գրքին մէջ։ Ուստի ի՞նչ կրնանք ըսել։
2 Այս մօտեցումը կրնայ ազդեցիկ ըլլալ.
◼ «Պատերազմը, սովը եւ հիւանդութիւնը հարուածած են մարդկութիւնը այս Ի. դարուն մէջ։ Ինչո՞ւ կը խորհիս որ պարագան այդպէս է երբ մարդը գիտարուեստական մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր անակնկալի կու գան գիտնալով որ այս վիճակները նախագուշակուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Հաւանաբար քեզի ծանօթ է ‘Աբոքալիբսի չորս ձիաւորները’ արտայայտութիւնը։ Ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ այս ձիաւորներուն մասին իրապէս մարգարէութիւն մըն է որ աշխարհի ներկայ դէպքերով կը կատարուի։ [Բաց Յայտնութեան Յանգումը գրքին գլուխ 16–ը եւ ցոյց տուր էջ 91–7–ի մէջ եղած պատկերները։] Մինչ այս մարգարէութիւնը կը գուշակէ մեծ տառապանքի ժամանակ մը, ան նաեւ յոյս կը մատուցանէ։ [3–րդ պարբերութեան մէջ, կարդա Յայտնութիւն 6։2–ը։] Ճերմակ ձիուն վրայ Հեծնողը Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան խոստացած է չարութիւնը յաղթահարել եւ ուրախութեան ու խաղաղութեան աշխարհ մը բերել այն Թագաւորութեան միջոցաւ որու համար մեզի սորվեցուց որ աղօթենք»։ Գիրքը ներկայացուր։
3 Թերեւս այս հարցումը կրնայ իմաստալից խօսակցութիւն մը դրդել.
◼ «Ըստ կարծիքիդ, աշխարհի մէջ եղած գէշ վիճակները մէջտեղէն վերցնելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մարդոց մեծամասնութիւնը կը համաձայնի որ հիմնական փոփոխութիւններու կարիքը կայ որպէսզի այս աշխարհը վերապրի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած գիտէ ինչպէ՛ս մեր խնդիրները լուծել եւ խոստացած է մեզի օգնել»։ Բաց Յայտնութեան Յանգումը գրքին էջ 171–ը եւ առաջին պարբերութեան մէջ կարդա Յայտնութիւն 11։15–ը։ Նկատի առ էջ 302 եւ 308–ի պատկերները եւ նշէ այն օրհնութիւնները որոնք պիտի իրագործուին Քրիստոսի արքայական իշխանութեան ներքեւ։ Ապա բացատրէ թէ ինչպէ՛ս տանտէրը կրնայ անձամբ օգտուիլ։
4 Կրնաս հանգիստ զգալ ըսելով ասոր նման բան մը.
◼ «Շատ մը անհատներ որոնք Աստուածաշունչի Յայտնութեան գիրքը կարդացած են, զանիկա հասկնալը դժուար գտած են։ Անիկա կը նկարագրէ անսովոր ու նշանակալից զանազան դէպքեր։ Այս գիրքը՝ Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է՝ նկատի կ’առնէ ամբողջ Յայտնութեան գիրքը համար առ համար եւ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս անձամբ ազդուած ենք անոր մարգարէութիւններուն կատարումով»։ Բաց գրքին էջ 15–ը, 2–րդ պարբերութիւնը, եւ ցոյց տուր Յայտնութիւն 1։1–ը որ սեւագիրով է։ Բացատրէ թէ այս տեսակ մասնայատուկ մեկնութիւններ հայթայթուած են Յայտնութեան իւրաքանչիւր համարին մասին եւ թէ այս տեղեկութիւնները իրեն պիտի օգնեն որ այս աչքառու մարգարէութիւնները հասկնայ։ Առաջարկէ գիրքը իրեն հետ ձգել եթէ նպաստաւոր ընդառաջում կայ։
5 Եթէ անհատը զբաղած է կամ վստահ չես որ բաւարար հետաքրքրութիւն կայ, կրնաս պարբերաթերթ մը կամ թերթիկ մը ներկայացնել։ Երբ կը վերադառնաս եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, կրնաս գիրքը մատուցանել։
6 Յայտնութեան բովանդակած պատգամը ամբողջ մարդկութեան կ’ազդէ։ Ամէն ոք կարիքը ունի մարգարէութեան խօսքերը լսելու։ Թող որ մեր ամէն կարողութիւնը ընենք այս կենսական պատգամը յայտարարելու։