Ուրիշներու Օգնենք Որ ‘Գրուած Բաները Պահեն’
1 Յայտնութեան գրքին մարգարէութիւններուն խօսքերը ‘լսել’ը բաւարար չէ։ Լիովին օգտուելու համար, անհատը պէտք է ‘պահէ’ ինչ որ գրուած է։ (Յայտ. 1։3) Գրականութիւններ տեղաւորելը միայն սկզբնական քայլ մըն է աշակերտներ ընելու։ Անգամ մը որ հետաքրքրուող անհատներ կը գտնենք որոնք լսելու յօժար են, պէտք է շուտով վերադառնանք անոնց օգնելու որ աւելին սորվին։ Մեր վերայցելութեան ատեն ի՞նչ բանի մասին կրնանք խօսակցիլ։
2 Եթէ առաջին հանդիպումին խօսեցար խորհրդանշական չորս ձիաւորներուն մասին, կրնաս այս կերպով խօսակցութիւնդ սկսիլ.
◼ «Նախապէս խօսակցեցանք Յայտնութեան գրքին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս անոր մարգարէութիւնները այսօր կը կատարուին աշխարհի դէպքերով։ Յայտնութիւն գլուխ 6–ը նախագուշակեց խորհրդանշական չորս ձիաւորներու արշաւը, որու հետեւանքը պիտի ըլլար շատ բռնութիւն եւ տառապանք երկրին մէջ։ Ասոր տեղի ունենալուն մենք ականատես ենք։ Շատեր հարց կու տան թէ այս տառապանքը ե՛րբ պիտի վերջանայ այնպէս որ կարենանք կեանքը վայելել խաղաղ աշխարհի մը մէջ։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուսի աշակերտները հետաքրքրուած էին այս հարցումին պատասխանով»։ Կարդա Մատթէոս 24։3, ուր հարցումը կը յարուցուի, ապա համար 34–ը, ուր Յիսուս պատասխանը կու տայ։ Եթէ ընդառաջումը դրական է, աւելի բացատրէ վերջին օրերուն մասին։
3 Եթէ առաջին հանդիպումին նկատի առիր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, կրնաս շարունակել այս հարցումը ուղղելով.
◼ «Ըստ կարծիքիդ, ի՞նչ տեսակ կառավարութեան կարիքը կայ ամբողջ մարդկութեան կարիքներուն գոհացում տալու համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Կարդա Երեմեայ 10։23։] Ինչպէս որ կը նկատես, Աստուած երբեք չորոշեց որ մարդը պէտք է իր գործառնութիւնները ինք առաջնորդէ։ Առանց Աստուծոյ օգնութեան ատիկա ընելու փորձերը մեր խնդիրներուն մեծամասնութեան պատճառն են։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը միակ կառավարութիւնն է որ կրնայ մեր կարիքներուն գոհացում տալ»։ Բաց Պատճառաբանել գրքին էջ 230–ը, եւ առաջին ենթագլուխին տակ եղած համարները նկատի առ։ Շարունակէ խօսակցութիւնը բացատրելով թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուծոյ լիովին վստահիլ։
4 Թերեւս կը փափակիք ասիկա փորձել սուրբ գրային խօսակցութեան մը սկիզբ տալու.
◼ Յայտնութեան Յանգումը գրքին էջ 302–ին մէջ եղած պատկերը ցոյց տուր, եւ բացատրէ. «Մարդկութիւնը այս վիճակները պիտի վայելէ երբ Աստուծոյ կամքը կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Սակայն, ոմանք կը վախնան որ գէշ վիճակները ապագային պիտի վերադառնան։ Ատիկա անկարելի է, քանի որ բոլոր ամբարիշտները չքացած պիտի ըլլան»։ Կարդա Սաղմոս 37։10, 11։ Տանտէրը հրաւիրէ որ մեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիրը օգտագործէ աւելին սորվելու համար։
5 Եթէ Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը տուած ես, մատնանշէ կողքի պատկերը ապա կարդա «Կեանքը՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհին մէջ» ենթագլուխին տակ եղած առաջին պարբերութիւնը։ Յետոյ ըսէ.
◼ «Եթէ կ’ուզենք ապրիլ ատոր նման աշխարհի մը մէջ, կարեւոր բան մը կայ զոր պէտք է ընենք»։ Կարդա վերջին պարբերութիւնը եւ ներկայացուր Յայտնութեան Յանգումը գիրքը։
6 Քանի որ մեր նպատակակէտն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, հարկ կայ որ ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընենք։ Անոնց համար ժամանակ յայտագրենք եւ լաւ նախապատրաստուինք։ Այս կերպով իրապէս կրնանք պարկեշտ սրտով եղողներուն օգնել։—Յայտ. 22։6, 7