ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՃԱՆՉՆԱՆ
1 Ա. Յովհաննու 2։13–ի մէջ առաքեալը գրեց. ‘‘Կը գրեմ ձեզի, երի՛տասարդներ, վասնզի դուք չարին յաղթեցիք»։ Այսօր կրնանք նոյնը ըսել մեր մէջ գտնուող հազարաւոր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն մասին, որոնք կը դիմագրաւեն Սատանայի ու իր աշխարհին բանեցուցած մեծ ճնշումները։
2 Ակնարկ մը նետելը ժողովքային հանդիպումներուն վրայ, մեծապէս կը փաստէ թէ ‘երիտասարդներու, կոյս աղջիկներու եւ տղաքներու’—այո, դեռահասակներու—մեծ բազմութիւն մը կայ որ Եհովան կը փառաբանէ։ (Սաղմ. 148։12) Ասիկա պէտք է մղէ մեզ որ դաշտի ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած պատանիներուն կատարեալ առիթ տանք Եհովան ճանչնալու։ Մեր արթուն ըլլալը պատանիներուն վկայութիւն տալու, ճամբան պիտի բանայ այս լաւ առիթին։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Ազդեցիկ ի՞նչ գործիք մատչելի է որպէսզի այսպիսի խնամք մը ցոյց տանք։ 1989–ի «Աստուածպաշտութիւն» Նահանգային Համաժողովին, Ընկերութիւնը հրատարակեց Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ ուշագրաւ գիրքը։
3 Պատանիներուն եւ Եհովայի հանդէպ սէր մշակելու իրենց կարողութեան նկատմամբ դրական վերաբերմունքի հարկը կայ։ Ասոր առնչութեամբ շատ մը օրինակներ ունինք Աստուածաշունչին մէջ վաղեմի ժամանակներէն, ինչպէս՝ Սամուէլը, Դաւիթը, եւ Տիմոթէոսը։ Չենք մոռնար այն բազմաթիւ հաւատարիմ պատանիները, որոնք անխախտ հաւատք ցուցաբերեցին Գերմանիոյ մէջ, այս դարու քառասունական թուականներուն։ Եւ ի՞նչ ըսենք այն հազարաւորներուն մասին որոնք ռահվիրաներ են այսօր։ Կրնանք տեսնել թէ ինչպէս Եհովայի պաշտամունքին մէջ այսօր անոնք կը ցուցաբերեն ճարտարութեան ու ուժի մեծ կարողութիւններ։ Անոնք կրնան յայտնբերել Քրիստոնէական վստահելի անձնաւորութիւնը, ինչպէս վաղեմի Յովսէփը։ Սաղմոս 110։3–ը կ’ըսէ թէ ‘‘քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի’’։ Ուստի, հաստատամի՞տ ենք կերպեր փնտռելու որ շփման մէջ գանք այդ գեղեցիկ խումբին հետ մեր քարոզչական գործին մէջ։ Նաեւ, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։
4 Պատանիներուն վկայելու ատեն, կարեւոր է յարգել անոնց արտայայտած տեսակէտը։ Ներատեսութիւն պէտք է գործածել անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնը գիտնալու։ Անոնց մտահոգութիւններուն համաձայն, նպատակայարմար է ուշիմ հարցումներ ուղղել իրենց կարիքներուն գոհացում տալու։ Մարտ ամսուան ընթացքին առանձնաշնորհումը ունինք Երիտասարդները կը Հարցնեն գիրքը բաշխելու։ Ուստի, որպէս երկրորդ քայլ մը, շատ կարեւոր է պատանիներուն ուշադրութիւնը դարձնել Երիտասարդները կը Հարցնեն գրքին։ Մատնանշեցէք այն գլուխին կամ լուսաբանութեան որ նկատի առնուած գաղափարը կը ցոլացնէ։ Թոյլ տուէք որ մեկնաբանեն ձեր ցոյց տուած տեղեկութիւններուն մասին։ Այս կերպով կարող պիտի ըլլանք զիրենք մղելու որ արտայայտեն իրենց խորհուրդներն ու զգացումները։ Եթէ անոնք ազատ չեն գիրքը ընդունելու, ինչպէս թերեւս դպրոցներուն մէջ, բերանացիօրէն վկայեցէք ու կարգադրութիւն ըրէք վերայցելելու դպրոցէն դուրս։ Ասիկա կրնայ հիմ կազմել անոնց օգնելու որ Եհովան ճանչնան։
5 Ազատ զգացէք զննելու նիւթերու ցանկը որպէսզի ուղղակիօրէն անցնիք այն հարցումներուն, որոնք մեծապէս կը հետաքրքրեն զիրենք։ Բայց կը յանձնարարենք որ ետքը ժամանակ յատկացնէք հետաքրքրական պարբերութիւնները միասնաբար կարդալու, պատեհութիւնը հայթայթելով որ մասնակցիք Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կենսական խօսակցութեան մը։
6 Ասոնք ‘‘չար ժամանակներ’’ են, նոյնիսկ պատանիներուն համար։ (Բ. Տիմ. 3։1) Սակայն, Աստուծոյ Խօսքին գիտութեամբ, կրնանք յաջողութեամբ ճշմարտութիւնը բաժնեկցիլ պատանիներու հետ։ Գանձ մըն է կարողանալը անոնց օգնելու այս ընտիր գործիքով՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն գիրքով։ Անոր միջոցաւ անոնք կրնան կեանքի թանկագին պարգեւին ճամբան գտնել։ Այդ նպատակին համար, Եհովան լաւ կը գիտակցի ուղղութեան անոնց կարիքը, եւ սիրալիր կերպով խրատ հայթայթած է անոնց օգնելու։ Մեր պատասխանատուութիւնն է պատանիներուն օգնել որ Եհովան ճանչնան։ Գործածելով այսպիսի գրականութիւն մը, պատասխանատու ենք Աստուածաշունչի մէջ գտնուած անսահման իմաստութիւնը մատչելի դարձնելու։ Ուստի երբ դաշտի ծառայութեան համար կը նախապատրաստուիք, մտածեցէք թէ ի՛նչ կրնաք ըսել որ պատանիներուն կոչ կ’ընէ։ Թող որ մեր լաւագոյնը ընենք այս արժէքաւոր գիրքը բաշխելու Մարտ ամսուան ընթացքին։