Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
1 «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է»։ (Յայտ. 1։3) Այս խօսքերը Յայտնութիւն գրքին արժէքը կ’ընդգծեն, մանաւանդ որ կ’ապրինք անոր մարգարէութիւններէն շատերուն կատարման ժամանակամիջոցին։ Տեղին ըլլալով, պիտի սկսինք Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը ուսումնասիրել Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ, Յունուար 8–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ։
2 Յայտնութեան յանգումը Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ վերջին անգամ ուսումնասիրելէն ի վեր, աշխարհի տեսարանը բազմաթիւ փոփոխութիւններ կրած է։ (Ա. Կորն. 7։31) Ասկէ զատ, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզողներուն շարքին նոր միացողներէն շատեր, Յայտնութիւն գիրքը համար առ համար նկատի չեն առած։ Յայտնութեան յանգումը գրքին ուսումնասիրութիւնը մեր բոլորին պէտք է օգնէ գալիք դէպքերուն նկատմամբ արթուն մնալու։—Յայտ. 16։15
3 Նպատակ դիր՝ իւրաքանչիւր շաբաթ ներկայ ըլլալ։ Նիւթերը մեզի պիտի օգնեն արթուն կենալու, իսկ եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամները մեզի պիտի օգնեն խուսափելու վիճակներէ ու պարագաներէ, որոնք կրնան մեր հոգեւորութիւնն ու ծառայութիւնը տկարացնել։—Յայտ. 1։11, 19
4 Նիւթը լաւ պատրաստէ. Նիւթը ուսումնասիրելու չսկսած, Յայտնութիւն գրքին այն համարները կարդա՛, որոնք նկատի պիտի առնուին։ Բացատրուած կէտերուն աստուածաշնչական պատճառաբանութեան ուշադրութիւն ընծայէ։ Ջանա՛ գլխաւոր կէտերը հասկնալ, որպէսզի սրտիդ հասնին։ (Նէեմ. 8։8, 12) Ժամանակ տրամադրէ խոկալու, եւ դուն քեզի հարց տուր. ‘Ասիկա Եհովայի ու իր նպատակին իրագործման մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ ինծի։ Ի՞նչպէս կրնամ իր նպատակին հետ ներդաշնակ գործել եւ ուրիշներուն օգնել’։
5 1914–ին ‘Տէրոջ օրը’ սկսելէն ի վեր՝ 92 տարի անցած է։ (Յայտ. 1։10) Յայտնութեան գրքին մէջ նախագուշակուած ցնցիչ դէպքեր տեղի ունենալու վրայ են։ Յայտնութեան յանգումը գրքին ուսումնասիրութիւնը մեր սիրտն ու միտքը պիտի թարմացնէ եւ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» ու նոր աշխարհին մօտալուտ ըլլալուն նկատմամբ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։—Յայտ. 16։14. 21։4, 5