ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԻԼ ԵՐԲ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՔ
1 Ազդեցիկ ըլլալու համար խօսակցութիւն մը սկսելու մէջ անհատի մը հետ, որ հետաքրքրութիւն յայտնած էր առաջին հանդիպումին ատեն, փորձեցէք հիմնել այն բանին վրայ որ հաստատուեցաւ այդ առաջին առիթին։ Նպատակն է օգնել անհատին որ գնահատէ նախապէս իրեն հետ ձգուած գրականութեան ու գաղափարներուն արժէքը։
2 Ժամանակ տրամադրեցէք վերայցելութեան նախապատրաստուելու։ Ձեր ներկայացուցած գրականութենէն հետաքրքրութիւն արթնցնող մեկնաբանութիւններ ընտրեցէք։ Զատորոշեցէք թէ որքան նիւթեր պիտի ծածկէք եւ որքան ատեն պիտի մնաք։ Շատ մը պարագաներուն, մէկ կամ երկու կէտերու մասին հակիրճ բացատրութիւն տալը լաւագոյն բանն է, բացի եթէ անսովոր հետաքրքրութիւն մը յայտնաբերուած է։ Հետեւեալ բնաբանները նկատի առէք.
3 Ի՞նչ ապագայ վիճակներ կրնանք ակնկալել որ երկրին բերուին եթէ ան մարդուն մնայուն տունը պիտի ըլլայ։ Այս խօսակցութիւնը հիմնուած է Եսայեայ 11։6-9 եւ 65։25–ի վրայ, ինչպէս որ բացատրուած ու լուսաբանուած են Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ, էջ 172-5։
Խօսակցութիւնը կարելի է սկսիլ ըսելով.
◼ «Երբ վերջին անգամ այցելեցի, խօսակցեցանք թէ ինչպէս Աստուած նպատակ դրած է որ երկիրը յաւիտեան մնայ։ Բայց հարցում մը ուղղեցի որ մտածէք անոր մասին. Ի՞նչ վիճակներ պէտք է տիրեն այն ատեն։ Ուրախ եմ վերադառնալով ու Աստուածաշունչի պատասխանը ձեր հետ հակիրճօրէն բաժնեկցելով»։
4 Ի՛նչ պէտք է ընենք կեանքը վայելելու Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ. Այս բնաբանը կարելի է զարգացնել գործածելով Յովհաննու 17։3 եւ Երեմեայ 31։34–ը, ինչպէս որ բացատրուած են Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ, էջ 119-20։
Սկսելու համար, կրնաք ըսել.
◼ «Վայելեցի ձեր հետ եղած խօսակցութիւնը Աստուծոյ խոստումին մասին թէ չարութեան վերջ պիտի դնէ։ [Խնդրեցէք անհատէն որ իր Համաշխարհային Ապահովութիւն գիրքը բերէ։] Հարցում մը որ պէտք է հետաքրքրէ մեզ՝ այս է. Ի՞նչ կրնանք ընել ներկայ ըլլալու համար որպէսզի այս փոփոխութենէն օգտուինք։ Նկատեցէք Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Յովհաննու 17։3–ի մէջ, ինչպէս որ մէջբերուած է ձեր գրքին մէջ, էջ 120»։
5 Ո՞ր պէտքերուն գոհացում պիտի տրուի Դրախտ երկրին մէջ. Կրնաք գործածել կա՛մ Սաղմոս 65։9-13 ու 72։16–ը եւ կամ Եսայեայ 11։6-9 ու 65։25–ը։ Յարմար մեկնաբանութիւններ ներկայացուած են Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ, էջ 174-5։
Ձեր բացման խօսքերը կարելի է որ ըլլան.
◼ «Երբ հոս էի անցեալ [օրը յիշէ], նկատի առինք Աստուծոյ խոստումը իր Որդւոյն միջոցաւ թէ մեռած սիրելիները պիտի յարուցանէ Դրախտ երկրի մը մէջ։ Ի՞նչ են կարգ մը այն օրհնութիւնները, զորս պիտի վայելենք այն ատեն։ Ձեր գիրքը Սուրբ Գրոց միջոցաւ ցոյց կու տայ մաս մը այս օրհնութիւններէն»։ Օգտագործելով վերոյիշեալ ակնարկութիւնները, Աստուածաշունչէն կարդացէք մէկ կամ երկու մէջբերուած համարներ եւ գրքէն՝ մեկնաբանութիւններ, թերեւս 7-10–րդ պարբերութիւնները։
6 Շատ մը մարդիկ հետաքրքրութիւն յայտնաբերած են մեր քարոզած Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ։ Շատ մը պարագաներուն, զատորոշեցինք բաւարար հետաքրքրութիւն անոնց կողմէ այնպէս որ մեր գրականութիւնները տեղաւորեցինք։ Ուրիշ պարագաներուն, նկատեցինք գնահատութիւն մեր Սուրբ Գրային սկզբնական խօսակցութեան։ Հետեւաբար, վերայցելեցէք բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն յայտնաբերած են, եւ փորձեցէք ճշմարտութիւնը անոնց սորվեցնել։—Մատթ. 10։11. 28։19, 20. Յովհ. 21։17. Յայտ. 22։17