ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՁԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷՔ
1 Փետրուար ամսուան ընթացքին, կը ներկայացնենք որեւէ 192 էջնոց գիրք որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ կամ Համաշխարհային Ապահովութիւն գիրքը։ Այս ընտիր գրականութիւններէն որեւէ մէկը կարելի է գործածել բարի լուրը ներկայացնելու զանազան կերպերով։ Անկասկած, գործնական պիտի գտնէք սորվիլ ու գործածել հետեւեալ թելադրուած ներկայացումներէն մէկը կամ բոլորը։
2 Երկիրը—Մարդկութեան Մնայուն Բնակարանը. Եթէ կ’ուզէք խօսակցութիւններ սկսիլ այն մարդոց հետ որոնք երկրին ու անոր միջավայրին նկատմամբ մտահոգ են, փորձեցէք՝ «Երկիրը Յաւիտեան Պիտի Մնայ Որպէս Մարդկութեան Բնակարանը» բնաբանը։ Այս բնաբանը բաւարար դիւրաթեք է տնասէր մարդոց, բնութիւն սիրողներու, եւ միջավայրը պաշտպանողներու ուշադրութիւնը գրաւելու։ Ժողովողի 1։4–ը գործածուելիք համարն է։ Բնաբանն ու համարը բացատրուած են Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ՝ էջ 98-9, պարբերութիւն 2 եւ 3։
3 Ձեր վերայցելութեան ատեն, կրնաք ըսել.
◼ «Ձեզ դարձեալ կ’այցելեմ խօսակցելու համար մեզմէ շատերուն խոր մտահոգութիւն պատճառող նիւթի մը մասին։ Երկիրը մեր բնակարանն է, եւ անկասկած դուք ալ մտահոգ էք այն կերպին նկատմամբ որով կը կործանուի։ Գիտնականները եւ միջավայրը պաշտպանողները կը յարատեւեն ազդարարել թէ եթէ ապականութիւնը շարունակուի, երկիրը կրնայ անբնակելի դառնալ։ Հարցին որեւէ լուծում կը տեսնէ՞ք։ [Կանգ առէք որպէսզի տանուտէրը պատասխանէ, եթէ ուզէ։] Հակիրճօրէն, կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ երկրին ապագային մասին՝ Ժողովողի 1։4–ին մէջ»։ Համարը կարդացէք, եւ Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին՝ էջ 98-9 պարբերութիւն 2 եւ 3–ի մեկնաբանութիւնները ցոյց տուէք։
4 Չարութիւնը Պիտի Վերցուի. Կոչ ընելու այն մարդոց որոնք մտահոգ են ոճիրին, բռնութեան, եւ պատերազմին նկատմամբ, կրնաք խօսակցիլ իրենց հետ հետեւեալ բնաբանը գործածելով. «Չարութիւնը Պիտի Վերցուի Այնպէս որ Անոնք Որոնք Աստուած կը Սիրեն Կրնան Կեանք ու Խաղաղութիւն Վայելել»։ Սաղմոս 37։9-11–ը այս կէտը կը փաստէ, եւ ան բացատրուած է Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ՝ էջ 118-20, պարբերութիւն 13-15։
5 Ձեր վերայցելութեան ատեն, կրնաք ըսել.
◼ «Կը խորհի՞ք թէ որեւէ ատեն ժամանակ մը պիտի գայ երբ պէտք պիտի չունենանք ոճիրին ու բռնութեան հետ պայքարելու։ [Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը մատնանշէ մնայուն լուծումին՝ հոս՝ Սաղմոս 37։9-11–ին մէջ»։ Համարը կարդացէք եւ Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին 118-20–րդ էջերը բացէք կարդալու համար ընտրուած մասեր 13-15–րդ պարբերութիւններէն։
6 Յարութեան Յոյսը. Քանի որ ժամանակին ընթացքին ամէն ոք սիրելի մը կորսունցուցած է մահով, կրնայ հանգստացուցիչ ըլլալ խօսակցութիւններ սկսիլը գործածելով հետեւեալ բնաբանը. «Թագաւորութեան մը Իշխանութիւնը որ Կեանք Պիտի Տայ Մեռած Սիրելիներուն՝ Դրախտային Վիճակներու Ներքեւ»։ Կրնաք գործածել կա՛մ Յովհաննու 5։28, 29–ը եւ կամ Ղուկաս 23։43–ը եւ ցոյց տալ բնաբանին ու համարին մասին եղած մեկնաբանութիւնները Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին մէջ, էջ 166-7, պարբերութիւն 12 եւ 13։
7 Կրնաք ձեր խօսակցութիւնը սկսիլ երրորդ (երկրորդ, Արբ.) բացումով, որ կը գտնուի «Պատճառաբանել» գրքին 14-րդ (12-րդ, Արբ.) էջին մէջ, ու յետոյ ըսել.
◼ «Ատենէ ատեն մեր մեծամասնութիւնը կը մտածէ սիրելի անհատներուն մասին որոնց կորսնցուցած ենք մահով։ Բայց կը զգա՞ք թէ կարելի է որ իրենց դարձեալ տեսնենք։ [Առիթ տուէք տանուտիրոջ որ ինքզինք արտայայտէ։] Շատ մը մարդիկ, որոնց հետ խօսած ենք, զարմացած են գիտնալով ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը խոստացած է եւ թէ այս ակնկալութիւնը պիտի իրականանայ հոս՝ երկրի վրայ։ Նկատեցէք Աստուածաշունչի խոստումը . . . »։ Գործածեցէք կա՛մ Յովհաննու 5։28, 29–ը եւ կամ Ղուկաս 23։43–ը, եւ կապեցէք Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին՝ էջ 166-7 պարբերութիւն 12 եւ 13–ի մեկնաբանութիւններուն հետ կամ էջ 164-5–ի լուսաբանութիւններուն հետ։
8 Պատրաստեցէք եւ գործածեցէք այս ներկայացումներէն մէկը կամ բոլորը, այս ամիս։ Ձեր գործածած որեւէ գրականութեան մէջ նպատակայարմար մէջբերումներ ու լուսաբանութիւններ գտնելը պէտք չէ դժուար ըլլայ։ Եթէ քիչ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, թերթիկ մը ներկայացուցէք որ կը վերաբերի կապ ունեցող նիւթի մը հետ։