ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՑԷՔ ԱՌԱՆՑ ՈՒՇԱՑՈՒՄԻ
1 «Այսօրուան գործը վաղուան մի յետաձգեր»։ Շատեր քաջածանօթ են այս առածին հետ որ կը քաջալերէ անհրաժեշտ բաները շուտով կատարել։ Հետեւեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ կրնանք այս սկզբունքը մեր ծառայութեան մէջ կիրարկել։
2 Քոյր մը գիրք մը տեղաւորեց մարդու մը հետ եւ խոստացաւ վերադառնալ։ Ուրիշ քոյր մը սխալմամբ նոյն տունը այցելեց մէկ ժամ ետք։ Մարդը դուռը բացաւ, գիրքը իր ձեռքը, ու ըսաւ. «Երբ ըսիք որ պիտի վերադառնաք, չմտածեցի թէ այսքան շուտ պիտի ըլլար այդ, բայց հրամեցէք ներս, ուսումնասիրութեանս համար պատրաստ եմ»։
3 Մինչ այսպիսի արագ վերայցելութիւն մը կրնայ սովորական չըլլալ, այս փորձառութիւնը աչքառու կը դարձնէ կարիքը ուշադիր ըլլալու որ հետապնդենք մեր գտած հետաքրքրութիւնը ծառայութեան մէջ առանց անտեղի ուշացումի։ Մարտ ամսուան ընթացքին թող որ մեր լաւագոյնը ընենք ուրիշները քաջալերելու որ ժամանակ յատկացնեն Աստուածաշունչը քննելու։ Անոնք կարիքը ունին տեսնելու թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարուին մեր օրերուն մէջ։
4 Մարդիկ Յաւելեալ Օգնութեան Կարիքը Ունին. Մարդոց օգնելու որ հասկնան Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները եւ գնահատեն թէ անոնք կապ ունին իրենց կեանքին ու ապագային հետ, պէտք է կարգադրութիւն ընենք վերայցելութեան մը համար, նախընտրաբար առաջին հանդիպումէն մի քանի օր ետք։ Ինչպէ՞ս պիտի ընենք ասիկա։ Թերեւս անհատին գիտցնելով որ պիտի վերադառնաք, կարենաք որոշել թէ որքանով հետաքրքրուած է։
5 Վերայցելութեան Համար Ճամբայ Բացէք. Ներկայ աշխարհին մէջ միշտ դիւրին չէ որոշ ժամանակի մը կառչիլը, եւ կարելի է որ տանուտէրը չյիշէ ժամադրութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, եթէ այսպիսի վերայցելութեան մը ժամանակը ուշադրութեամբ նօթագրէք եւ յետոյ վստահ ըլլաք վերայցելելու—մի քանի օրուան ընթացքին եթէ կարելի է—ժամադրութիւնը լուրջի առնելու ձեր պատասխանատուութիւնը կատարած պիտի ըլլաք։ Եթէ անհատը տունը չըլլայ, վստահ եղէք որ շարունակէք փորձել հաղորդակցութեան մէջ գալու անոր հետ։ Ան կարելի է որ քաջալերուի որ ձեր այցելութիւնը լուրջի առնէ, երբ տեսնէ ձեր հաստատմտութիւնը զինք գտնելու տան մէջ։
6 Քանի որ երբեք չենք կրնար բացարձակապէս վստահ ըլլալ անհատին կողմէ յայտնաբերուած հետաքրքրութենէն, երբ առաջին հանդիպումը ունեցանք, նօթագրեցէք վերայցելելը նոյնիսկ եթէ թուի թէ միայն նուազագոյն հետաքրքրութիւն մը կայ։ Օգտակար բան մըն է հետապնդել այսպիսի հետաքրքրութիւն մը առանց ուշացումի։ Թերեւս անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցուցած էք Աստուածաշունչին հանդէպ, ու երբ վերադառնաք թերեւս անակնկալի գաք ձեր ստացած լաւ ընդունելութեան համար։ Ուստի վստահ եղէք հետաքրքրութիւնը հետապնդելու առանց ուշացումի։