Հետաքրքրուած անհատներուն վերայցելել. ե՞րբ
1. Աշակերտելը ի՞նչ կը պարփակէ։
1 Աշակերտելը կը պարփակէ վերադառնալ ոեւէ անհատի, որ Եհովայի Թագաւորութեան կարգադրութեան մասին սորվելու յօժարութիւն կը ցուցաբերէ (Մատ. 28։19, 20)։ Վերայցելելու լաւագոյն ժամանակը յաճախ կախեալ է մեր յայտագրէն եւ հետաքրքրուած անհատին յայտագրէն։ Ինչո՞ւ մեր առաջին հանդիպումէն ետք շուտով պէտք է վերադառնանք։
2, 3. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք կարելի եղածին չափ շուտով վերադառնալ։
2 Ինչո՞ւ շուտով վերադառնալ։ «Արքայութեան այս աւետարանը» քարոզելը վերջանալու վրայ է, եւ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտեցած է (Մատ. 24։14. Ա. Պետ. 4։7)։ Հետեւաբար, մինչ հետաքրքրուած անհատներուն համար «փրկութեան օրը» տակաւին մատչելի է, պէտք է հնազանդինք ‘խօսքը հրատապութեան զգացումով քարոզելու’ յորդորին, որ կը պարփակէ՝ կարելի եղածին չափ շուտով վերադառնալ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը մշակելու համար (Բ. Կոր. 6։1, 2. Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ)։
3 Սատանան մեծ ցանկութիւն ունի յափշտակելու Թագաւորութեան որեւէ սերմ, որ հետաքրքրուած անհատի մը սրտին մէջ կը ցանենք (Մար. 4։14, 15)։ Հետաքրքրուած անհատներ յաճախ ծաղրանքի կ’ենթարկուին ընտանիքի անդամներու, գործակիցներու եւ ուրիշներու կողմէ։ Շուտով վերադառնալը կարելի կը դարձնէ, որ անհատին հետ մեր ունեցած խօսակցութիւնը շարունակենք, առաջ որ ուրիշներ անոր հետաքրքրութեան կայծը մարեն։
4. Առաջին հանդիպումին, ի՞նչպէս կրնանք հիմ դնել վերայցելութեան։
4 Ժամադրութիւն առ։ Նախընտրելի է առաջին հանդիպումին՝ վերադառնալու համար հաստատ կարգադրութիւններ ընել։ Հարցում մը ուղղէ, որուն պիտի պատասխանես յաջորդ այցելութեան։ Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է լաւ արձանագրութիւն մը պահելը։ Եթէ յայտագիրդ ներէ, կրնաս անհատին նշել, թէ կը փափաքիս վերադառնալ յաջորդ օրը կամ քանի մը օր ետք։ Եթէ առաջին հանդիպումը տեղի ունենայ շաբաթավերջին, եւ հետաքրքրուած անհատը շաբթուան ընթացքին կ’աշխատի, թերեւս ան յօժարի որ իրեն վերայցելես յաջորդ շաբաթավերջին։ Երբ ժամադրուիս, խօսքդ յարգէ (Մատ. 5։37)։
5. Անյապաղ վերադառնալը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ, որ Յիսուսի աշակերտելու յանձնարարութիւնը կատարենք։
5 Հետաքրքրուած անհատներուն կարելի եղածին չափ շուտով վերադառնալու վաւերական պատճառներ ունինք։ Հետեւաբար, ժամադրութիւն առ եւ շուտով վերադարձիր, քանի որ «ժամանակը կարճցած է» (Ա. Կոր. 7։29)։ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած անհատներուն ո՛րքան շուտ այցելենք, ա՛յդքան աւելի մեր ջանքերը արդիւնաբեր կ’ըլլան։