ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԸՆԴԱՌԱՋՈՒՄ ԿԸ ԳՐԳՌԵՆ
1 Այն ներկայացումները որոնք ընդառաջում կը գրգռեն, անոնք են որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս նիւթը տանուտիրոջ կը վերաբերի, թէ ան բան մըն է որու կարիքը ունի կամ կրնայ գործածել զայն։ Ձեր խօսակցութեան ընթացքին, տանուտիրոջ օգնեցէք որ գիտակցի թէ, «Ասիկա զիս կը պարփակէ»։ Ներկայացում մը պատրաստելու ատեն, պէտք է մենք մեզ հարցնենք. ‘Իմ թաղամասիս մէջ մարդիկ ո՞ր նիւթերով մեծապէս կը հետաքրքրուին։ Ի՞նչ են անոնց կարիքները։ Ինչպէ՞ս կրնամ պատգամը ներկայացնել այնպէս որ ցոյց տամ թէ Եհովան իրենց կարիքները ի մտի ունի’։ Վարը յիշուած են մի քանի բաներ որոնք խորապէս կը հետաքրքրեն մարդիկ այսօր։ Կրնա՞ք ասոնցմէ մէկը կամ նոյնանման բան մը գործածել ձեր ներկայացումին մէջ։
2 Ուրախութեան Պակասին Շուրջ Մտահոգութիւն. «Կը խօսինք այն մարդոց հետ որոնք իսկապէս մտահոգ են մեր ընկերութեան մէջ եղած կեանքի որակին նկատմամբ։ Թէեւ մարդիկ կրնան ձեռք ձգել նիւթական պէտքերը, շատեր իրապէս ուրախ չեն իրենց կեանքի վիճակով։ Կը խորհի՞ք թէ կարելի է իսկապէս ուրախ կեանք մը ունենալ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ուրախութեան առաջնորդող բանալիներէն մէկը կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ՝ Յայտնութիւն 1։3–ի մէջ։ [Կարդացէք։] Հասկնալը ինչ որ Յայտնութիւնը կ’ըսէ ապագային մասին կրնայ ձեզի ուրախութիւն բերել։ Նկատի առէք անոր մարգարէութիւններէն միայն մէկը»։ Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4–ը եւ յետոյ նշեցէք գալիք օրհնութիւնները։
3 Ապագային Շուրջ Մտահոգութիւն. «Կը ջանանք մեր դրացիներուն հետ ապագային նկատմամբ դրական տեսակէտ մը բաժնել։ Արդեօք ա՞յդ կերպով կը փորձէք կեանքին դիտել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ըստ Աստուածաշունչին, պատճառ ունինք լաւատես ըլլալու եթէ կատարենք ինչ որ կ’ըսէ Յայտնութիւն 1։3–ին մէջ»։
4 Լաւ Առողջութիւն Պահպանելու Շուրջ Մտահոգութիւն. «Շատեր մեր շրջակայքը պէտքը կը զգան լաւ առողջութիւն պահպանելու։ Սակայն, հակառակ մեր առած նախազգուշութիւններուն, տակաւին կը տառապինք հիւանդութիւններէն։ Կը փափաքի՞ք ապրիլ աշխարհի մը մէջ ուր ամէն ոք պիտի վայելէ կատարեալ առողջութիւնն ու կենսունակութիւնը։ Թերեւս ասիկա անհաւատալի կը թուի ըլլալ, բայց Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի այսպիսի ժամանակի մը մասին եւ կ’ըսէ մեզի թէ ան մօտ ապագային պիտի ըլլայ»։ Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։ Յետոյ կրնաք մատնանշել թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի մասնակցին կեանքի համար եղած հայթայթումներուն՝ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։
5 Միջավայրին ու Ապականութեան Շուրջ Մտահոգութիւն. «Մեր դրացիներուն հետ խօսելով, նկատեցինք որ շատեր մտահոգ են թէ ինչպէ՛ս մեր օդը, ջուրը, եւ ուտելիքը կ’ապականուին։ Կը խորհի՞ք թէ կառավարութիւնները որեւէ մէկ ժամանակ պիտի կարենան վերջ մը դնել ասոր։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Քաջալերական է նկատել ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պիտի պատահի անոնց որոնք երկիրը կ’ապականեն»։ Կարդացէք Յայտնութիւն 11։18բ։ Մատնանշեցէք թէ երկիրը ապականողները մէջտեղէն վերցնելէ զատ, Աստուծոյ նպատակն է որ հեզերը երկիրը դրախտի մը վերածեն, ինչպէս որ ցոյց տրուած է Սաղմոս 37։10, 11–ին մէջ կամ Եսայեայ 65։21, 22–ին մէջ։
6 Կրօնական Հակում Ունեցողներուն Համար. «Մեր դրացիներուն հարցում մը կ’ուղղենք. Կը խորհի՞ք թէ Յայտնութիւն գիրքը գրուեցաւ այն նպատակով որ հասկցուի, կամ միշտ պիտի մնար որպէս գաղտնիք մը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շատեր ձեր տեսակէտը կը բաժնեկցին։ Նկատի առէք Աստուածաշունչը ինքը ի՛նչ կ’ըսէ Յայտնութիւն 1։3–ին մէջ»։
7 Մինչ լրջօրէն կը ջանաք ձեր ունկնդիրներուն սրտին հասնիլ, անոնք որոնք ճշմարտութեան ու արդարութեան անօթի են պիտի ընդառաջեն։—Մատթ. 5։3, 6