Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՄ ԸՍԵԼ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌԵԼՈՒ
1 Բարի լուրը քարոզելուն մէջ մեր նպատակին գլխաւոր մասն է աշակերտելը, ոչ թէ պարզապէս գրականութիւն տեղաւորելը։ Հետեւաբար, հետաքրքրութիւն գտնելէ յետոյ, պէտք է մշակենք ու ջրենք ցանուած սերմերը, կատարելով մեր դերը առողջ միջավայր մը մէջտեղ բերելու, ուր Եհովան կրնայ օգնել անհատին որ հոգեւորապէս աճի։ (Ա. Կորնթ. 3։6) Ի՞նչ կրնաք ըսել վերայցելութեան ընթացքին որպէս շարունակութիւն վերը ուրուագծուած սկզբնական ներկայացումներուն։ Ահաւասիկ կարգ մը թելադրութիւններ զանազան պարագաներու մասին զորս կարելի է որ դիմագրաւէք։
2 Գտնուած Հետաքրքրութիւնը Մշակել. «Նախապէս երբ հակիրճօրէն խօսեցանք, շատ զբաղած էիք, բայց ժամանակ տրամադրեցիք արտայայտելու ձեր մտահոգութիւնը ապագային նկատմամբ։ Ինչպէս որ պիտի վերյիշէք, կարդացինք Աստուածաշունչին մէջ՝ Յայտնութիւն 1։3–ին մէջ, թէ ‘‘ժամանակը մօտ է’’։ Ատիկա ուղղակի ազդեցութիւն մը ունի մեզմէ ամէն մէկուս ապագային վրայ։ Նկատի առէք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ասոր մասին։ [Կարդացէք Մարկոս 13։8, 30–ը ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս վտանգաւոր կերպով մօտեցած է որոշուած ժամանակը Աստուծոյ որոշումը գործադրուելու։] Կը հետաքրքրուի՞ք աւելին գիտնալու»։
3 Գտնուած հետաքրքրութիւնը մշակելու համար, ի՜նչ յարմար է մարդոց օգնել որ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները երբեմն իրարու հետ կապուած են։ Կրնանք գործածել Ամբակումայ 2։3–ի մարգարէութիւնը ցոյց տալու համար մարգարէութեան խօսքերը պահելու ստիպողականութիւնը։—Մատթ. 24։20-22
4 Գրականութիւն մը Գործածել Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Սկսելու Համար. «Ուրախ եմ որ այսօր տունն էք։ Մեր վերջին խօսակցութեան ատեն, միասնաբար կարդացինք Աստուածաշունչի խոստումը Յայտնութիւն 1։3–ին մէջ։ [Դարձեալ կարդացէք։] Նկատի առէք թէ այն ուրախութիւնը որու մասին կը խօսուի, ինքնաբերաբար չի գար։ Երկու բաներ պահանջուած են. Պէտք է կարդանք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ եւ յետոյ պահենք, կամ գործադրենք, ինչ որ գրուած է։ Այս գրքոյկը՝ ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’, Աստուածաշունչի ձեր ընթերցումը աւելի հաճոյալի պիտի դարձնէ, քանի որ պարզ կերպով կը բացատրէ թէ ի՛նչ են Աստուծոյ պահանջքները։ 30–րդ էջին մէջ 12 հարցումներու ցանկ մը կայ, զորս շատ մը մարդիկ կը հարցնեն։ Անոնցմէ ո՞ր մէկուն պատասխանը կ’ուզէք ստանալ»։ Տանուտէրը պատասխանելէ յետոյ, կրնաք բանալ գրքոյկին այն բաժինը ուր հարցումին պատասխանը կը գտնուի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
5 Վերայցելութիւններու ատեն, պէտք է շինենք այն հիմին վրայ զոր դրուեցաւ առաջին հանդիպումին ընթացքին։ Մեր ծառայութեան այս երեսակին մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայելը պիտի բերէ Եհովայի առատ օրհնութիւնները թէ՛ մեզի եւ թէ անոնց որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն։—Ա. Տիմ. 4։16