Մէկ Միլիոն
Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը փափաքինք տեսնել որ Օգոստոս 1998–ին մէկ միլիոն հրատարակիչներ կը տեղեկագրեն։ Անոր հասնելու հնարաւորութիւնը ունի՞նք։ Այո՛։ Ներկայիս, 48 նահանգներու մէջ կը գտնուին 1,019,518 հրատարակիչներ։ Սակայն, հրատարակիչներու գագաթ թիւը մինչեւ հիմա՝ 975,829 է, որ արձանագրուեցաւ Օգոստոս 1996–ին։ Ի՞նչպէս կրնանք այդ գագաթ թիւը գերազանցել։ Անիկա կրնայ իրագործուիլ, եթէ ժողովքի իւրաքանչիւր հրատարակիչ հաստատ կարգադրութիւններ ընէ որ Օգոստոս ամսուան ընթացքին մասնակցի դաշտի ծառայութեան եւ իր տեղեկագիրը շուտով յանձնէ։ Քանի որ ամսուան առաջին երկու օրերը՝ Շաբաթ եւ Կիրակի են, ինչո՞ւ դաշտի ծառայութեան չմասնակցիլ, այդ շաբաթավերջէն սկսելով։ Եթէ համաժողովի մը ներկայ պիտի ըլլաք, թերեւս կարենաք համաժողովի քաղաքին մէջ անպաշտօն վկայութիւն ընել, ապա՝ յաջորդ շաբաթավերջին, ժողովքին հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Ամսուան սկիզբը ծառայութեան մէջ բաժին բերելով, պիտի կարենանք ի վերջոյ մեր տեղեկագիրը ներկայացնել։ Միակամ ջանքերով, պիտի տեսնենք հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւ մը որ պիտի գերազանցէ 1,000,000–ը, առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անիկա Եհովայի փառաբանութեան ի՜նչ աղաղակ մը պիտի բարձրացնէ։—Սաղմ. 47։1