Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/99 էջ 1
  • «Համբերութիւն Ի Գործ Դնենք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Համբերութիւն Ի Գործ Դնենք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր ծառայութիւնը համբերութեամբ պէտք է յատկանշուի
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Շարունակէ համբերող ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովային եւ Յիսուսին համբերութենէն սորվինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 1/99 էջ 1

«Համբերութիւն Ի Գործ Դնենք»

1 Սատանայի հին դրութեան վախճանին աւելի մօտենալը տեսնելով, կենսական է որ «համբերութիւն ի գործ դնենք», մինչ Եհովայի ազատագրութեան օրուան կը սպասենք։ Մասնաւորաբար այս յառաջացած ժամանակուան մէջ, թշնամի չար ուժեր վճռած են մեր ուշադրութիւնը վրիպեցնել Եհովայի գերիշխանութեան ամենակարեւոր հարցէն, փորձելով մեզ զբաղած պահել անհատական բազմաթիւ հետապնդումներով։ Այս կերպով, Սատանան ճարտարութեամբ պիտի խաբէ մեզ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին մէջ ետ կենանք կամ դանդաղինք։ (Յակ. 5։7, 8, ՆԱ. Մատթ. 24։13, 14) Ի՞նչ կերպերով կրնանք անհրաժեշտ եղող այսպիսի համբերութիւն յայտնաբերել։

2 Համբերատար Ըլլալով. Երբ մեր ծառայութեան մէջ անտարբերութեան կամ հակառակութեան հանդիպինք, համբերատար ըլլալը պիտի օգնէ մեզի որ քարոզչութեան մէջ յարատեւենք։ Եթէ մարդիկ մեզի հետ կոշտ կամ կոպիտ վարուին, դիւրաւ պիտի չվիրաւորուինք կամ չվախնանք։ (Ա. Պետ. 2։23) Այս ներքին զօրութիւնը մեզ ետ կը պահէ բացասական կերպով խօսելէ մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց մասին, որոնք անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն ցոյց կու տան մեր գործին հանդէպ, գիտնալով որ այսպիսի խօսակցութիւն մը կրնայ վհատեցնել մեզ եւ անոնք որոնք ծառայութեան մէջ մեզի հետ կ’աշխատին։

3 Համբերութեամբ Յարատեւելով. Մեր համբերութիւնը փորձի կ’ենթարկուի, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ լաւ խօսակցութիւն մը ունենալէ վերջ, հետաքրքրուող անհատը դարձեալ տունը չգտնենք։ Նոյն է պարագան երբ անհատներ, որոնց հետ կ’ուսումնասիրենք, արագօրէն չեն յառաջդիմեր, կամ ճշմարտութեան համար դիրք բռներ։ Սակայն, համբերութեամբ յարատեւելը շատ յաճախ լաւ արդիւնքներով կը վարձատրուի։ (Գաղ. 6։9) Քոյր մը բազմիցս վերայցելեց երիտասարդուհիի մը, մինչեւ որ վերջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Առաջին հինգ այցելութիւններուն, կինը մտազբաղ էր ուրիշ հարցերով։ Վեցերորդ փորձին, քոյրը ճամբան փոթորիկէ մը բռնուելով սաստիկ թրջուեցաւ, բայց դժբախտաբար տունը ոչ ոք գտաւ։ Այսուհանդերձ, որոշելով կնկան առիթ մը եւս տալ, քոյրը կրկին այցելեց իրեն, եւ տեսաւ որ ան ուսումնասիրելու պատրաստ էր։ Անկէ ետք, աշակերտը հաստատ յառաջդիմութիւն ցուցաբերեց եւ կարճ ժամանակուան մէջ իր կեանքը Եհովայի նուիրեց։

4 Գիտենք որ Եհովայի օրը պիտի չուշանայ։ Ուստի կը սպասենք որ ան հարցերը ձեռք առնէ, գիտնալով որ աստուածային համբերութիւնը լաւ արդիւնքներ պիտի տայ։ (Ամբ. 2։3. Բ. Պետ. 3։9-15) Եհովայի նման մենք ալ համբերութիւն պէտք է ի գործ դնենք եւ ծառայութեան մէջ չհեղգանանք։ «Հաւատքով ու համբերութիւնով» Եհովայի նայեցէք, որպէսզի ձեր կատարած ծանր գործին համար ձեզ վարձատրէ։—Եբր. 6։10-12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել