Ներկայ Պիտի Ըլլա՞ք
Ի՞նչ բանի ներկայ ըլլալ։ «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով 1999–ի Նահանգային Համաժողովի Ուրբաթ օրուան նիստին։ Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի պատկանող թաղամասին մէջ, Ուրբաթ օրուան ներկաներու բարձրագոյն թիւը, Կիրակի օրուան ներկաներու բարձրագոյն թիւէն 233,186 նուազ էր։ Ասիկա կը նշանակէ որ Կիրակի օրուան ընդհանուր ներկաներու թիւին աւելի քան 16 առ հարիւրը համաժողովի յայտագրին մէկ երրորդը կորսնցուց։ Ձեր գործերը կարգի պիտի դնէ՞ք որպէսզի ներկայ գտնուիք 1999–ի նահանգային համաժողովին բոլոր երեք օրերուն։ Կ’ակնկալե՛նք որ ընէք։