Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/00 էջ 3
  • Սրբազան Բաները կը Գնահատէ՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սրբազան Բաները կը Գնահատէ՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1998–ի «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • 1999–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • 1995–Ի «Ուրախ Փառաբանողներ» Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նահանգային համաժողովներ. ուրախ պաշտամունքի ժամանակ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 5/00 էջ 3

Սրբազան Բաները կը Գնահատէ՞ք

1 Երբ մեզի հարցուի թէ սրբազան բաները կը գնահատենք թէ ոչ, հաւանաբար շուտով այո՛ պիտի պատասխանենք։ Ի՞նչ են Աստուծոյ սրբազան հայթայթումներէն ոմանք, որոնք կը գնահատենք։

2 Որքա՜ն կը գուրգուրանք այն անձնական յարաբերութեան վրայ, որ մեզի թոյլատրուած է ունենալ մեր երկնաւոր Հօրը հետ։ Ան մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ ‘իրեն մօտենանք, ինք ալ մեզի պիտի մօտենայ’։ (Յակ. 4։8) Առանց Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին, ո՛չ ոք կրնայ յաւիտենական կեանք ստանալ։ (Յովհ. 3։16) Անկեղծ երախտագիտութենէ մղուած, ամէն օր աղօթքով խոր գնահատութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ այս թանկագին պարգեւին համար։

3 Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը, մեզի համար սրբազան է, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը։ Եհովայի այս կարգադրութիւններուն հանդէպ պատշաճ գնահատութիւն ցոյց կու տանք, երբ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրինք, եղբայրասիրութեան կապերը կը զօրացնենք, զգուշութեամբ աստուածպետական կարգապահութիւնը կը պահենք, եւ առաջնորդութիւնը առնողներուն հետ կը համագործակցինք։—Ա. Պետ. 1։22

4 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ, հոգեւոր ճոխ սնունդ կը ստանանք։ Ասիկա այս տարի ալ պիտի իրականանայ «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» Նահանգային Համաժողովին։ Հոն պիտի ստանանք կենսական հրահանգներ եւ պիտի վայելենք ջերմ ընկերակցութիւն, որու մեծ կարիքը ունինք։ Այս սրբազան հայթայթումին համար ի՞նչպէս կրնանք մեր սրտանց գնահատութիւնը յայտնել։

5 Եհովայի Տունը Մի՛ Անտեսէք. Նէեմիա Երուսաղէմի պարիսպները վերականգնելու համար ծանր աշխատողները յորդորեց որ ‘Աստուծոյ տանը վրայով անհոգ չըլլան’։ (Նէեմ. 10։39) Ներկայիս, Եհովայի ‘տունը’, պաշտամունքի համար իր կարգադրութիւնն է։ Մեր նահանգային համաժողովը այդ կարգադրութեան մէկ մասն է։ Որպէսզի այս կարգադրութեան հանդէպ անհոգ չըլլանք, պէտք է ներկաներուն մէջ գտնուինք եւ ուշադրութեամբ մտիկ ընենք, Եհովայի ցոյց տալով թէ մեծապէս կ’արժեւորենք իր կարգադրութիւնները։ (Եբր. 10։24, 25) Այժմ ի՞նչ ծրագիրներ պէտք է ընենք, ցոյց տալու համար թէ լիովին կը գնահատենք այս սրբազան պատեհութիւնը։

6 Երեք Օրերուն Ալ Ներկայ Գտնուեցէք. Ամէն մէկս կարգադրութիւն պէտք է ընենք որ համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուինք։ Կը ծրագրէ՞ք ամէն առաւօտ կանուխ հասնիլ եւ մինչեւ Կիրակի օրուան փակման աղօթքին ներկայ գտնուիլ։ Եթէ այո, ճոխ օրհնութիւններ պիտի վայելէք։ Համաժողովի մը ներկայ գտնուիլը միշտ դիւրին չէ։ Ձեր աշխարհիկ գործը կարգի դնելը կրնայ պահանջել որ հաստատակամ ըլլաք։ Փոխադրամիջոցները կրնան միշտ յարմար չըլլալ։ Թոյլ մի՛ տաք որ այս ազդակները վհատեցնեն ձեզ եւ ետ պահեն համաժողովի ներկայ գտնուելէ։

7 Նկատի Առէք Այս Սքանչելի Օրինակը. Անցեալ տարի, Ափրիկեան երկրի մը մէջ, ուր քաղաքացիական խռովութիւններ կան, եղբայրներու խումբ մը նահանգային համաժողովի մը գացած ատեն զինուորական խումբի մը հանդիպեցաւ։ Եղբայրներուն հարցուեցաւ. «Ո՞վ էք եւ ո՞ւր կ’երթաք»։ Անոնք պատասխանեցին. «Եհովայի Վկաներ ենք եւ նահանգային համաժողովի կ’երթանք»։ Զինուորներէն մէկը ըսաւ. «Դո՛ւք, Եհովայի Վկաներդ, բանէ մը չէք վախնար։ Գացէ՛ք, եւ պիտի կարենաք ձեր համաժողովը ունենալ առանց խնդրի։ Սակայն, զգոյշ եղէ՛ք, շատ զինուորներու պիտի հանդիպիք։ Մի՛շտ ճամբուն մէջտեղէն քալեցէք։ Եթէ հաւաքուած մարդիկ տեսնէք, շարունակեցէ՛ք ճամբուն մէջտեղէն քալել»։ Այնպէս ըրին, եւ ողջ առողջ համաժողովի հասան։ Այս եղբայրները վարձատրուեցան, քանի որ սրբազան բաներու հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ցուցաբերեցին։

8 Ափրիկէի մեր եղբայրներուն նման մենք ալ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք։ Սակայն, անկասկած կրնանք անոնց հաւատքը ընդօրինակել եւ վճռել մեր նահանգային համաժողովի բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուիլ։ Եթէ վերաճշդումներ ընելու կարիքը կայ, ուղղութեան համար Եհովայի դիմեցէք, գիտնալով որ ան պիտի օրհնէ ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուելու մեր ջանքերը։

9 Օրհնութիւնները Քաղեցէք. Աստուծոյ Խօսքին կը փափաքինք, գիտնալով թէ անով կրնանք մեծնալ մինչեւ փրկութիւն։ (Ա. Պետ. 2։2) Նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը եւ յայտագրին մտիկ ընելը, իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ որ այդ Խօսքին հանդէպ աւելի զօրաւոր հաւատք կերտենք, եւ այսպիսով, աւելի կարող ըլլանք Սատանայի կատաղի յարձակումներուն դէմ դնելու։ Ասիկա ընելով, Եհովայի եւ բոլոր ականատեսներուն ցոյց պիտի տանք թէ մենք լիովին կը գնահատենք սրբազան բաները եւ «ետ չենք քաշուիր . . ., հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի»։—Եբր. 10։39. 12։16. Առ. 27։11

10 Կրնանք ակնկառոյց սպասել այն ժամանակուան, երբ Եհովա Աստուած երկնքի պատուհանները պիտի բանայ եւ մեր վրայ հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններ տեղացնէ։ (Մաղ. 3։10) Ձեզի համար նպատակակէտ դրէք «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլ, Ուրբաթ առաւօտ՝ յայտագրին բացումէն մինչեւ Կիրակի յետմիջօրէի փակման աղօթքը եւ «Ամէն»ը։ Ուրախ պիտի ըլլաք որ ասիկա ըրիք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել