Ձեր Ծառայութիւնը Ընդլայնելու Կերպեր
1 Շուրջ 40 տարիներ առաջ, Դիտարան 15 Յունուար 1955–ի թիւին մէջ, «Ձեր Լաւագոյնը Բաւարա՞ր Է» խորագրով յօդուած մը լոյս տեսաւ։ Անիկա սիրալիր կերպով ուշադրութեան յանձնեց, թէ Եհովայի ծառաները ծառայութեան մէջ իրենց անհատական ջանքերը ի՛նչպէս կրնան բարելաւել, որպէսզի կարենան Թագաւորութեան գործունէութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնել։ Այդ լաւ խրատը այսօր ալ կիրարկելի է, մինչ կը շարունակենք մեր լաւագոյնը աւելի բարելաւել։
2 Մեր բոլոր ծառայութեան ետին մեզ դրդող ոյժը մեծագոյն պատուիրանքը պէտք է ըլլայ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։ (Մար. 12։30) Թագաւորութեան գործը յառաջ տանելու նպատակաւ մեզի մատչելի եղած պատեհութիւնները լիովին օգտագործելով, Եհովայի հանդէպ մեր լման սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Ձեր ծառայութիւնը ընդլայնելու համար, հետեւեալ քանի մը կերպերը նկատի առէք։
3 Ձեր Պատասխանատուութիւնը Կրեցէք. Նուիրուած եղբայրներ կրնան ջանք թափել որ որակելի ըլլան ծառայելու որպէս օգնական ծառաներ, ապա՝ որպէս երէցներ։ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1990–ի համարին մէջ, «Դուք Անոր կը Ցանկա՞ք» եւ «Ծառայելու Համար Որակելի՞ Էք» յօդուածները բազմաթիւ եղբայրներու մղած են որ ժողովքային պատասխանատուութիւններու համար ձեռնտու ըլլան։ Ձեր ժողովքի երէցներէն խնդրեցէք որ մասնայատուկ թելադրութիւններ տան, ի՛նչպէս անոնց ձգտելու ու անոնց համար որակելի ըլլալու մասին։
4 Ամուրի երէցներ եւ օգնական ծառաներ, հրաւիրուած են որ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին համար դիմումնագիր մը ներկայացնելու մասին լրջօրէն մտածեն։ Այս դպրոցին մասին կրնաք յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել, բանալով 1986-1995, 1996 եւ 1997–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–երը, եւ կարդալով «Ծառաներու Մարզումի Դպրոց» բնաբանին ներքեւ յիշուած աղբիւրները։ Ձեր առջեւ բացուող «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ»ը կը տեսնէ՞ք։ (Ա. Կորն. 16։9ա) Այդ պատեհութեան դռնէն ներս մտնող բազմաթիւ եղբայրներ երբեք չերեւակայեցին որ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք այսքան շատ առանձնաշնորհումներ պիտի վայելեն։ Այժմ անոնք կը ծառայեն Պէթէլի մէջ, կամ դաշտին մէջ՝ որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ, միսիոնարներ, կամ շրջանային տեսուչներ։
5 Լիաժամ Ծառայութեան Ձգտեցէք. Երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ եղող երիտասարդներ, տանտիկիններ, եւ հանգստեան կոչուելու տարիքին հասած ոեւէ անհատ, ռահվիրայութեան մասին պէտք է լրջօրէն մտածեն։ Վերաքաղ ըրէք Յուլիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, ապա խօսեցէք ձեր պարագաներուն նման պարագաներ ունեցած ռահվիրաներու հետ։ Թերեւս ձեր ծառայութիւնը ընդլայնելու մղուիք, անոնց նման ռահվիրայութեան ձեռնարկելով։ (Ա. Կորն. 11։1) Կրնա՞ք ձեր գործունէութիւնը ընդլայնել եւ որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ ծառայել, ամիսը 70 ժամ տրամադրելով։
6 Աւելի քան 17,000 եղբայրներ ու քոյրեր ներկայիս կը ծառայեն համայն աշխարհի մէջ գտնուող մասնաճիւղերու եւ Պէթէլներու մէջ։ Մարտ 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը նկատի կ’առնէ այս տեսակ ծառայութեան համար դիմումնագիր ներկայացնելու պահանջները։ Լաւ կ’ըլլայ եթէ այդ յաւելուածականը կարդաք ու տեսնէք թէ արդեօք Պէթէլի ծառայութեան անզուգական առանձնաշնորհումին համար որակելի՞ էք։
7 Ծառայեցէք Հո՛ն Ուր Աւելի Մեծ Կարիք Կայ. Արդեօք ձեր ապրած շրջանի թաղամասերը շատ յաճա՞խ կ’աշխատցուին, կամ շա՞տ եղբայրներ կան հոն։ Բնաւ խորհա՞ծ էք ձեր ծառայութիւնը ընդլայնելու մասին, փոխադրուելով հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Թերեւս փոխադրուիք մօտակայ գիւղ մը, ուր աւելի մշակներու կարիքը կայ։ (Մատթ. 9։37, 38) Ասիկա հապճեպով պէտք չէ ընէք։ Զայն աղօթքով նկատի պէտք է առնէք։ (Ղուկ. 14։28-30) Ձեր պարագան նկատի առէք երէցներուն եւ շրջանային տեսուչին հետ։ Անոնք ձեզի հետ հարցը պիտի քննեն, տեսնելու համար եթէ հիմա այսպիսի քայլ մը առնելը իմաստութի՞ւն է, թէ ոչ նախընտրելի է յետաձգել ու պատրաստուիլ անոր համար։ Եթէ կը փափաքիք Ընկերութեան գրել որպէսզի ո՛ւր փոխադրուելու մասին ձեզի թելադրութիւններ տայ, ձեր Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ ստորագրուած նամակ մը պէտք է ընկերակցի անոր։
8 Ձեր Ծառայութեան Որակը Բարելաւեցէք. Հաւանաբար բոլորս ալ կրնանք ծառայութեան մէջ լիովին մասնակցիլ, մեր դաշտի ծառայութեան որակը բարելաւելով։ Քարոզչութեան բոլոր երեսակներուն կը մասնակցի՞ք, մէջը ըլլալով տունէ–տուն եւ անպաշտօն ծառայութեան, նաեւ՝ վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու գործին։ Եթէ ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, ձեր սորվեցնելու արուեստը կրնա՞ք բարելաւել։ Լաւ կ’ըլլայ եթէ վերաքաղ ընէք Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները, որոնք կրնաք գործածել ձեր աշակերտները նուիրումի եւ մկրտութեան մղելու համար։
9 Մեր ծառայութիւնը ընդլայնելու եւ բարելաւելու կերպերուն մասին աւելի մանրամասնութիւններ տրուած են, Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 9–րդ գլուխին մէջ։ Անկասկած բոլորս ալ պէտք է փափաքինք կարելի եղածին չափ աւելին ընել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Ինչո՞ւ լրջօրէն չմտածէք ձեր հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին։ Ա. Տիմոթէոս 4։15–ի յանձնարարութեան համաձայն գործեցէք. ‘Ասոնց վրայ խորհեցէք ու ասոնցմով պարապեցէք, որպէս զի ձեր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ըլլայ’։