Կը Փափաքի՞ք Աւելին Ընել
1 Յիսուս Թագաւորութիւնը թանկարժէք գանձերու նմանցուց։ (Մատթ. 13։44-46) Թագաւորութեան լուրը տարածելու գործունէութիւնն ալ արժէքաւոր գանձ մըն է։ Քարոզչութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւէ, նոյնիսկ եթէ անոր մէջ լիովին բաժին բերելը որոշ չափով անձնուրացութիւն կը պարփակէ։ (Մատթ. 6։19-21) Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ կը փափաքի՞ք աւելին ընել։
2 Նկատի Առէք Հետեւեալ Կենսական Բաները. Ծառայութեան մէջ մեր բաժինը աւելցնելու համար մի քանի բաներ անհրաժեշտ են. (1) վճռել Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել. (Մատթ. 6։33). (2) հաւատք ի գործ դնել եւ Եհովայի ապաւինիլ (Բ. Կորն. 4։1, 7). (3) Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրել, սրտանց եւ յարատեւ աղօթելով (Ղուկ. 11։8-10). (4) Հետամուտ ըլլալ ու մեր աղօթքներուն համաձայն գործել։—Յակ. 2։14, 17
3 Մեր Ծառայութիւնը Ընդլայնելու Կերպեր. Բոլորս ալ կրնանք ամէն ամիս կանոնաւորաբար որոշ ժամանակ ծառայութեան յատկացնելու հիմնական նպատակակէտը դնել։ Սակայն, նկատի առա՞ծ էք նաեւ անպաշտօն վկայութեան իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործելը, ձեր ներկայացումները աւելի իմաստալից դարձնելու համար ջանք թափելը, աւելի ազդու վերայցելութիւններ ընելը, եւ տան սուրբ գրային յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելը։ Արդեօք կարո՞ղ էք օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլալ, կամ՝ ծառայել հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն էք, կրնա՞ք ձգտիլ օգնական ծառայի մը կամ երէցի մը որակումները ունենալու։ (Ա. Տիմ. 3։1, 10) Կրնա՞ք ձեր ծառայութիւնը ընդլայնել, դիմելով Պէթէլի ծառայութեան, Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին, կամ Գաղաադու Դպրոցին մէջ միսիոնարական մարզում ստանալու։—Ղուկ. 10։2
4 Եղբայր մը որ լիաժամ կ’աշխատէր եւ մարմնամարզանքին շատ ժամանակ կը տրամադրէր, քաջալերութիւն ստացաւ որ կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլայ։ Ան օժանդակ ռահվիրայութեան սկսաւ եւ ետքը իր պարագաները բարեճշդեց լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելու համար։ Հետագային ան Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախեց, որ զինք պատրաստեց որպէս շրջանային տեսուչ իր ներկայ նշանակումին։ Ան շատ ուրախ է որ իրեն տրուած քաջալերութեան ընդառաջեց, եւ վստահ է թէ այժմ ինք շա՛տ աւելի ուրախ է Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ աւելին ընելու իր այս որոշումով։
5 Եհովա կ’օրհնէ զանոնք՝ որոնք իրենց անձերը մատչելի կը դարձնեն։ (Եսայ. 6։8) Թող որ ո՛չ մէկ բան ձեզ ետ պահէ ձեր ծառայութիւնը ընդլայնելէ եւ որպէս արդիւնք՝ աւելի մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն վայելելէ։