Հարցումի Տուփ
◼ Նորեկներու հետ ո՞ր գրականութիւնները պէտք է ուսումնասիրենք, նախքան իրենց մկրտութիւնը։
Անհատ մը իր կեանքը Եհովայի նուիրելէն ու մկրտուելէն առաջ, ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք պէտք է ձգէ։ (Յովհ. 17։3) Ան իրեն պէտք եղած գիտութիւնը պիտի ստանայ ուսումնասիրելով հետեւեալ երկու գրականութիւնները՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Շատ մը պարագաներուն, սկիզբը Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը պիտի ուսումնասիրուի։ Սակայն, եթէ ուսումնասիրութիւնը Գիտութիւն գրքէն սկսուած էր, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը պէտք է ուսումնասիրուի գիրքը ամբողջացնելէ ետք։ Ասիկա ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։
Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տայ։ Եթէ նախ անիկա ուսումնասիրուի, աշակերտին հիմնական հասկացողութիւն պիտի տայ Եհովան հաճեցնող պահանջներուն մասին։ Եթէ վերջը ուսումնասիրուի, Գիտութիւն գրքին մէջ ծածկուած նիւթերուն որպէս լաւ վերաքաղ պիտի ծառայէ։ Երկու պարագաներուն ալ, աշակերտը քաջալերեցէք որ նեցուկ կանգնող համարները կարդայ եւ անոնց մասին խոկայ։ Պատկերները աչքառու դարձնելու չմոռնաք, քանի որ անոնք սորվեցնելու շատ ազդու գործիքներ են։—Տես՝ Դիտարան 15 Յունուար 1997 (Անգլերէն), էջ 16-17։
Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը այս երկու գրականութիւններուն ուսումնասիրութիւնը ամբողջացնէ, կրնայ կարող ըլլալ պատասխանել այն բոլոր հարցումներուն զորս երէցները իրեն հետ վերաքաղ պիտի ընեն մկրտութեան առ ի պատրաստութիւն։ Եթէ այս է պարագան, կրնայ անհրաժեշտ չըլլալ անոր հետ պաշտօնական ուսումնասիրութիւն մը վարել ուրիշ գրականութեան մը օգնութեամբ, թէեւ ուսումնասիրութիւն վարողը պէտք է շարունակէ անոր յառաջդիմութեամբ մօտէն հետաքրքրուիլ։—Տես՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996, էջ 22, 25։