Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք Անաստուածի մը
1 Ափրիկէի մէջ, Լեհ ուսուցչուհի մը միսիոնարուհիի մը ըսաւ. «Ես անաստուած եմ»։ Սակայն, քոյրը կարողացաւ այս կնոջ հետ խօսակցիլ եւ՝ Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը տուաւ անոր։ Երբ միսիոնարուհին յաջորդ շաբաթ վերադարձաւ, ուսուցչուհին անոր ըսաւ. «Այլեւս անաստուած չեմ»։ Ան Ստեղծագործութիւն գիրքը կարդացած էր եւ այժմ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը խնդրէր։ Ի՞նչ կրնաք ընել, որպէսզի կարենաք Աստուծոյ չհաւատացողներուն վկայել։ Նախ, նկատի առէք զանազան պատճառներ թէ ոմանք ինչո՛ւ այդպէս կ’ըսեն։
2 Ազդակներ՝ Որոնք Անհաւատութեան կը Նպաստեն. Բոլոր անաստուածներն ալ այդպէս չեն մեծցած։ Անոնցմէ շատեր որոշ կրօնքի հետ շփման մէջ եղած են եւ ատեն մը Աստուծոյ հաւատացած են։ Սակայն, առողջապահական կամ ընտանեկան լուրջ խնդիրներ, կամ որոշ անարդարութիւններ անոնց հաւատքը տկարացուցած են։ Ուրիշներու պարագային, բարձրագոյն վարժարաններու մէջ իրենց ստացած ուսումը, Աստուծոյ մասին իրենց ունեցած գաղափարին վրայ բացասական ազդեցութիւն մը ունեցած է։ Նկատի առէք ստորեւ տրուած կարգ մը անաստուածներու օրինակներ, որոնք ի վերջոյ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք մշակեցին եւ իր Վկաները եղան։
3 Փարիզի մէջ կին մը՝ ոսկրային հիւծախտով ծնած էր։ Թէեւ ան որպէս Կաթողիկէ մկրտուած էր, սակայն կը դաւանէր անաստուած ըլլալ։ Երբ կրօնաւորուհիներուն հարցուց թէ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուած էր որ ինք այսպիսի տկարութեամբ ծնէր, անոնք պատասխանեցին. «Որովհետեւ քեզ կը սիրէ»։ Կինը մերժեց այդ անմիտ գաղափարը։ Նկատի առէք նաեւ Ֆինլանտա ապրող երիտասարդի մը պարագան, որ մկանային անբուժելի հիւանդութեան մը բռնուելով, հաշմակառքի դատապարտուած էր։ Մայրը զինք Պէնտէկոստականի մը տարաւ, որ կը դաւանէր հիւանդներ բուժել։ Սակայն հրաշալի բուժում մը տեղի չունեցաւ։ Այս պատճառաւ երիտասարդը Աստուծոյ հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը կորսնցուց ու անաստուած դարձաւ։
4 Հոնտուրասի մէջ մարդ մը որ Կաթողիկէ մեծցած էր, Ընկերվարական փիլիսոփայութիւն ու անաստուածութիւն ուսանեցաւ։ Համալսարանական ուսուցումով համոզուելով թէ մարդը բարեշրջութեան արդիւնքն է, ան դադրեցաւ Աստուծոյ հաւատալէ։ Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող կին մը որպէս Մեթոտական մեծցած էր։ Քոլէճը, ան հոգեբանական դասընթացքներու հետեւեցաւ։ Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր հաւատքին վրայ։ Ան ըսաւ. «Մէկ ամառուան մէջ, կրօնքի հանդէպ իմ ունեցած ամբողջ հաւատքս քանդեցին»։
5 Անկեղծ Անհատներու Սրտին Հասնինք. Շատեր, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ չեն հաւատար, պիտի ախորժին գիտնալով որ վատառողջութեան, ընտանեկան անհամաձայնութեան, անիրաւութեան եւ այլ խնդիրներու լուծում մը կայ։ Անոնք անկեղծօրէն հետաքրքրուած են կարգ մը հարցումներու պատասխաններով, ինչպէս՝ ‘Ինչո՞ւ չարութիւն գոյութիւն ունի’։ ‘Ինչո՞ւ բարի մարդոց գէշ բաներ կը պատահին’ եւ, ‘Ի՞նչ է կեանքին իմաստը’։
6 Զուիցերիա ապրող տէր եւ տիկին մը, երկուքն ալ որպէս անաստուած մեծցած էին։ Երբ առաջին անգամ Ճշմարտութեան հետ շփման մէջ եկան, անոնք ժխտական կեցուածք մը ցոյց տուին։ Բայց ընտանեկան լուրջ խնդիրներ ունէին եւ կը ծրագրէին ամուսնալուծուիլ։ Երբ Վկաները դարձեալ այցելեցին, Աստուածաշունչէն անոնց ցոյց տուին իրենց խնդիրները յաղթահարելու կերպը։ Անոնք Աստուածաշունչին բովանդակած գործնական խրատներուն վրայ հիացան եւ համաձայնեցան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Անոնց ամուսնութիւնը ամրապնդուեցաւ, հոգեւորապէս յառաջդիմեցին եւ մկրտուեցան։
7 Անաստուածի մը Ի՞նչ Կրնաք Ըսել. Երբ անհատ մը ձեզի ըսէ թէ ինք անաստուած է, ջանացէք իմանալ թէ ան ի՛նչ պատճառաւ այսպէս կ’ըսէ։ Արդեօք իր ստացած ուսումին, իր հանդիպած խնդիրներո՞ւն, թէ իր տեսած կրօնական կեղծաւորութեան ու սուտ ուսուցումներուն պատճառաւ է։ Կրնաք անոր հարցնել. «Մի՞շտ այսպէս մտածած էք», կամ՝ «Ինչո՞ւ այս եզրակացութեան հասած էք»։ Անոր պատասխանը պիտի օգնէ որոշելու թէ ի՛նչ պիտի ըսէք։ Երբ զօրաւոր պատճառաբանութիւններ պահանջուին, Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը, կրնայ օգտակար ըլլալ։
8 Կրնաք անաստուածի մը հետ խօսակցութիւնը շարունակել անոր հարցնելով.
◼ «Բնաւ դուք ձեզի հարց տուա՞ծ էք. ‘Եթէ Աստուած մը գոյութիւն ունի, ինչո՛ւ այսքան տառապանք եւ անիրաւութիւն կայ աշխարհի մէջ’։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Կրնա՞մ ձեզի այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչին տեսակէտը ցոյց տալ»։ Կարդացէք Երեմեայ 10։23-ը։ Զայն կարդալէ ետք, համարին մասին անոր կարծիքը հարցուցէք։ Ապա ցոյց տուէք Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ գրքոյկին 16 եւ 17–րդ էջերը։ Կամ՝ կրնաք գործածել Ստեղծիչ գրքին 10–րդ գլուխը։ Քաջալերեցէք որ գրականութիւնը ընդունի եւ զայն կարդայ։—Յաւելեալ թելադրութիւններու համար, տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 150-151։
9 Անշուշտ բոլոր անաստուածներն ալ ճշմարտութիւնը պիտի չընդունին։ Սակայն շատեր կը յօժարին նկատի առնել տարբեր տեսակէտ մը։ Տրամաբանող ու համոզիչ եղէք, եւ մանաւա՛նդ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը գործածելով անոնց օգնեցէք որ ճշմարտութիւնը տեսնեն։—Գործք 28։23, 24. Եբր. 4։12