Փորձառութիւններ
◼ Աւստրալիա։ Ճոն, ուսեալ տղամարդ մը, երբ մանուկ էր եկեղեցի կ’երթար, սակայն յետագային «ծայրայեղ անաստուած» մը դարձաւ։ Ռահվիրայ մը անոր տուաւ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկը, իսկ յաջորդ վերայցելութեան տուաւ՝ Կեանքին ծագումը գրքոյկը։ Ռահվիրան շարունակեց անոր հետաքրքրութիւնը մշակել՝ բերելով վերջին պարբերաթերթերը եւ ներկայացնելով որեւէ յօդուած, որ կը խօսի ստեղծագործութեան կամ Աստուածաշնչական մարգարէութիւններուն մասին։ Երբ ինք տեսաւ թէ Ճոն այլեւս պատրաստ է գիրք ընդունելու, անոր առաջարկեց Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց գիրքը։ Զայն կարդալէ ետք, Ճոն ինքզինք որպէս «միջին երեւութապաշտ» նկարագրեց։ Ապա ռահվիրան ներկայացուց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Ճոնին ցոյց տալով էջ 20–ի վրայ գտնուող 8–րդ պարբերութիւնը եւ էջ 23-24–ի վրայ գտնուող 13-16–րդ պարբերութիւնները։ Նիւթերուն մէջ նշուած համարները այնքա՛ն տպաւորեցին Ճոնը, որ ըսաւ. «Թերեւս պէտք է Աստուածաշունչին առիթ մը եւս տամ»։
◼ Մեքսիքա։ Տղամարդ մը հրատարակիչի մը ըսաւ, որ ինք չի հաւատար թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։ Հրատարակիչը առաջարկեց Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն նկատմամբ փաստ տալ։ Կարգ մը քննարկութիւններէ ետք, մարդը ազդուեցաւ այն բոլոր բաներէն որ կը սորվէր Աստուածաշունչէն։ Ան մասնաւորաբար ազդուեցաւ, երբ սորվեցաւ Աստուածային չափանիշներուն մասին։ Ան հրատարակիչին ըսաւ. «Սկիզբը երբ ես եւ դուն միասնաբար Աստուածաշունչէն կը կարդայինք, անոր խրատները ինծի համար ուրիշ որեւէ գրքի մը խրատներուն պէս էին եւ ինծի չէին ազդեր։ Բայց հիմա երբ անկէ կարդանք, մասնաւորաբար բարոյականութեան շուրջ իր տուած խրատները, սիրտս կը տանջուի»։
◼ Միացեալ Նահանգներ։ Երբ զոյգ մը մեծ քաղաքներու համար ծրագրուած վկայութեան կը մասնակցէր, ծանօթացաւ Թայուանէն կնոջ մը, որ կը հաւատար Աստուծոյ, բայց կը խորհէր որ Աստուածաշունչը արեւմուտքի բնակիչներուն համար է։ Ան մօտեցած էր զոյգին հրատարակութիւններ ցուցադրելու սայլակին, քանի որ ինքզինք կորսուած կը զգար՝ հակառակ բարգաւաճ կեանք մը վարելուն։ Ան կը յուսար որ Աստուածաշունչը իրեն պիտի օգնէ որ կեանքին մէջ նպատակ գտնէ։ Զոյգը իրեն հետ ուսումնասիրութեան սկսաւ՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, ինչպէս նաեւ Ինչպէ՛ս գտնել մնայուն խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն գրքոյկը։ Փոխանակ գրքին երկրորդ գլուխը սերտելու, անոնք քննարկեցին «Ուղեգիրք մը՝ ամբողջ մարդկութեան օրհնութիւն բերելու համար» բնաբանը կրող բաժինը։ Բաժինին առաջին վեց պարբերութիւնները նկատի առնելէ ետք, կինը իր զարմանքը արտայայտեց թէ Աստուածաշունչը որքա՜ն իւրայատուկ է բաղդատած ուրիշ կրօնական գրութիւններու։ Կարգ մը կատարուած Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ նկատի առնելէ ետք, ան ըսաւ. «Չկա՛յ ուրիշ գիրք մը որ Աստուածաշունչէն աւելի ճշգրիտ ըլլայ»։
◼ Ճափոն։ Թէեւ տանտէր մը հրատարակիչի մը ըսաւ որ Աստուծոյ գոյութեան չի հաւատար, սակայն հրատարակիչը շարունակեց կարճ այցելութիւններ տալ, եւ անոր հետ քննարկել Զարթի՛ր–ի «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» խորագրով յօդուածները։ Մարդը աստիճանաբար իր տեսակէտը փոխեց եւ սկսաւ ընդունիլ թէ կրնայ ըլլալ որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունենայ։ Ան այժմ կը հաւատայ թէ Աստուած կայ, եւ հրատարակիչը իրեն հետ կը սերտէ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը։
◼ Քանատա։ Երբ կին մը տունէն դուրս ելլելով դէպի իր ինքնաշարժը կ’ուղղուէր, քոյր մը իրեն ներկայացուց լոյս տեսած վերջին պարբերաթերթը եւ ան ընդունեց։ Յետոյ՝ երբ քոյրը վերադարձաւ, կինը հաստատամտութեամբ իրեն ըսաւ որ ինք հետաքրքրուած չէր Աստուծմով եւ անոր գոյութեան ալ չէր հաւատար։ Քոյրը որոշեց չյուսահատիլ, հապա իրեն բերել Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել գրքոյկը։ Երբ ան կինը տունը գտաւ, անոր ըսաւ որ թէեւ ինք գիտէր թէ ան Աստուծոյ չէր հաւատար, բայց իր մասին կը մտածէր, քանի որ գիտէր թէ ան միածնող է։ Ան ցոյց տուաւ գրքոյկին չորրորդ էջին վրայի 6–րդ պարբերութիւնը, որ կը քննարկէ թէ ո՛ւր կրնանք լաւ խրատ գտնել։ Ապա ան կինը քաջալերեց որ կարդայ երկրորդ դասին թելադրութիւնները՝ զաւակներ մեծցնելու առնչութեամբ։ Կինը գրքոյկը ստանալով շատ ուրախացաւ։