Դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 30–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 126 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Եհովայի կամքը դաս 26-28 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յայտնութիւն 15-22 (10 վրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
10 վրկ. «Օգնէ՛ իրենց որ ‘հաւատքին մէջ հաստատուին’»։ Դասախօսութիւն։ Ապա, հակիրճ կերպով ցուցադրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ յունուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը։ Բոլորը քաջալերէ որ մասնակցին։
10 վրկ. Զաւակիդ օգնէ որ հրատարակիչ ըլլայ։ Դասախօսութիւն՝ հիմնուած Կազմակերպուած ենք գրքին վրայ, էջ 82, պարբերութիւն 1-2։ Տեսակցութիւն ունեցիր օրինակելի ծնողի մը հետ, որուն զաւակը չմկրտուած հրատարակիչ մըն է։ Ան ինչպէ՞ս իր զաւկին օգնեց որ յառաջդիմէ եւ հրատարակիչ ըլլալու որակեալ դառնայ։
10 վրկ. Մենք երբեք մինակ չենք (Դ. Թագ. 6։16)։ Քննարկութիւն՝ հիմնուած 2013–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 48, պարբերութիւն 1-3։ Ներկաներէն խնդրէ որ քաղուած դասերուն մասին մեկնաբանեն։
Երգ 119 եւ աղօթք