Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/01 էջ 1
  • Ի՞նչ Բանի Համար Պէտք Է Ծրագրենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ Բանի Համար Պէտք Է Ծրագրենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յաջողութիւնը ի՞նչով կը չափէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Թող Աստուած «քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նախապէս Ծրագրեցէ՛ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Լիաժամ Ծառայութեան Ուրախութիւնները
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 4/01 էջ 1

Ի՞նչ Բանի Համար Պէտք Է Ծրագրենք

1 Բոլորս ալ ապագայի մեր ծրագիրներուն մասին որոշ չափով կը մտածենք։ Երկրային յոյս ունեցողները կ’ակնկալեն Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիլ։ Սակայն, ազդեցութիւններ կան, որոնք կրնան այս յոյսը անհատի մը սրտէն յափշտակել։ Անկեղծ ջանք կը պահանջուի որպէսզի շարունակենք մեր կեանքը Թագաւորութեան շահերուն շուրջ կերտել եւ մարմնին փորձիչ ցանկութիւններով չշեղինք։—Ա. Յովհ. 2։15-17

2 Աշխարհը պարզապէս չի կրնար ըմբռնել հոգեւոր արժէքներ ունեցող մարդոց ցանկութիւններն ու նպատակակէտերը։ (Ա. Կորն. 2։14) Մինչ շատեր կը ճգնին համբաւ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն ձեռք ձգել, մենք հոգեւոր գանձեր կը հետապնդենք։ (Մատթ. 6։19-21) Եթէ փորձենք մեր մտածելակերպը ապագայի նկատմամբ աշխարհի տեսակէտին յարմարցնել, մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն կրնա՞նք հասնիլ։ Աշխարհիկ բաները շուտով մեր սրտերը կը լեցնեն։ Ի՞նչպէս կրնանք արգելք հանդիսանալ ասոր։

3 «Ձեր Վրայ Հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը». Մեր խօսակցութիւնը քննելը, կերպ մըն է գիտնալու համար թէ մեր ապագան Թագաւորութեան շահերուն շուրջ կը կերտե՞նք թէ ոչ։ Մեր խօսակցութիւնը մի՛շտ նիւթական բաներու եւ աշխարհիկ շահերու մասի՞ն է։ Եթէ այդ է պարագան, նկատի պէտք է առնենք թէ մեր սիրտը հոգեւոր արժէքներու վրայ իր կեդրոնացումը կը կորսնցնէ՞ թէ ոչ։ Թերեւս կարիքը ունինք աւելի կարեւորութիւն ընծայելու ‘մեր վրայ Տէր Յիսուս Քրիստոսը հագնելու, փոխանակ մարմնի ցանկութիւններու համար կանխաւ ծրագիրներ ընելու’։—Հռովմ. 13։14, ՆԱ

4 Դեռատիներ կրնան ‘Քրիստոսը հագնիլ’, կանխաւ ծրագրելով այն օրուան, երբ լիաժամ ծառայութեան պիտի ձեռնարկեն։ Պատանի մը, որ կը փափաքէր կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլալ, մեծցած էր մշակոյթի մը մէջ, ուր տիրական եղող սովորութիւնը այն է որ երիտասարդ մը նիւթական գետնի վրայ ինքզինք ապահովէ։ Ուստի, ան ա՛յնքան գործով տարուեցաւ որ ժողովներու յաճախելը եւ քարոզչութեան մասնակցիլը մեքենայական սովորութիւն մը դարձան իրեն համար։ Անմիջապէս որ ան սկսաւ Մատթէոս 6։33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն վստահիլ, դուրս եկաւ այդ աննպատակ ձանձրացուցիչ առօրեայէն, եւ որպէս ասպարէզ լիաժամ ծառայութիւնը որդեգրեց։ Ներկայիս, հանգիստ խղճով մը ան Եհովայի կը ծառայէ, ինչպէս ինք կ’ըսէ՝ ‘իր բոլոր հնարաւորութիւններով’։

5 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ապագայի համար ծրագիրներ ընելը իմաստութիւն է։ (Առ. 21։5) Թող որ բոլորս ալ ասիկա ընենք, Աստուծոյ կամքը մեր մտքին մէջ առաջին տեղը դնելով։—Եփ. 5։15-17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել