«Հաստա՛տ կը Մնամ։ Հաստա՛տ կը Մնամ։ Հաստա՛տ կը Մնամ»
1 Ողջակիզութենէն վերապրած հաւատարիմ Քրիստոնեայի մը հետեւեալ խօսքերը կ’արձագանգեն ողջ եւ մեռած հազարաւոր Վկաներու վճռակամութիւնը, որոնք իրենց հաւատալիքներուն կառչած մնացին, հակառակ Նացիական վայրագութեան։ (Եփ. 6։11, 13) Քաջութեան եւ յաղթանակի անոնց յուզիչ պատմութիւնը արձանագրուած է Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց խորագրով սրտապնդիչ պատկերիզին մէջ։ Կը քաջալերենք որ ժողովքի բոլոր անդամները զայն դիտեն եւ իրենց տպաւորութիւնները եւ զգացումները իրարու հետ բաժնեն։
2 Թող որ այս հարցումները ձեր միտքը խթանեն. (1) Եհովայի Վկաները ի՞նչ պատճառներով Նացիներուն դէմ խիզախ կեցուածք մը բռնեցին։ (2ա) Բարեւի մը շուրջ ի՞նչ իրար հակասող տեսակէտներ կային, եւ ինչո՞ւ։ (2բ) Ասիկա ի՞նչպէս ազդեց Վկայ ընտանիքներուն։ (3) Քանի՞ Վկաներ կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան, անոնք ի՞նչպէս կը ճանչցուէին հոն, իսկ Կեսթափոն անոնց հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ (4) Ազատութեան համար մեր եղբայրները ի՞նչ գին վճարելու յօժար չէին։ (5ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս եւ ե՞րբ խիզախօրէն խօսեցան Հիթլէրի վարչակարգին գազանային արարքներուն դէմ։ (5բ) Հիթլէր ի՞նչպէս հակազդեց։ (6) Եհովայի ժողովուրդին միակամութիւնը ի՞նչպէս իրենց եւ ուրիշներուն կեանքը փրկեց, ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս։ (7) Թագաւորութեան ո՞ր երգեցողութիւնը կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ գրուեցաւ։ (8) Ո՞ր հաւատարիմ տղամարդոց, կիներու եւ պատանիներու օրինակները ձեզ կը ներշնչեն Եհովայի հանդէպ ձեր ուղղամտութիւնը պահելու, ի՛նչ որ ալ պատահի։ (Տես նաեւ՝ 1999–ի Տարեգիրքը, էջ 144-147։) (9) Որպէս Եհովայի Վկայ մը, այս պատկերիզը դիտելէն ետք ի՞նչ է ձեր զգացումը աշխարհի մէկ մասը չըլլալու մասին։
3 Հաստատ կը Մնան պատկերիզին մէջ Եհովայի Վկաներուն ցուցաբերած խիզախ եւ քաջալերական օրինակը կրնայ պատանիներուն օգնել, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք Վկայ չեն, դիմագրաւելու համար անհանդուրժողութիւն, շրջապատի ճնշում, եւ խղճմտանքի նման հարցեր։ Եթէ միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարան յաճախող պատանի մըն էք, կրնա՞ք ձեր ուսուցիչներուն պատեհութիւն տալ որ այս նիւթը դասարանին մէջ ներկայացնեն։ Թերեւս կրնաք այս պատկերիզէն օրինակ մը տալ անոնց եւ զայն նկարագրել որպէս հանրածանօթ չեղող պատմական արձանագրութիւն մը, կամ բարոյական դաս մը պարունակող փաստագրական յայտագիր մը։
4 Հաստատ կը Մնան պատկերիզը հոյակապ գործիք մըն է ցոյց տալու համար թէ աստուածային ուսուցումը ի՛նչպէս մեզի հոգեւոր զօրութիւն կու տայ, որ շիտակի հանդէպ հաստատ մնալով Աստուած հաճեցնենք։ (Ա. Կորն. 16։13) Զայն բաժնեցէք ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող բոլոր անհատներուն հետ։