Եհովայի վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու
Աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, Եհովայի վկաները կազմակերպուած են բարի լուրը քարոզելու։ Աշխարհի տեսած այս մեծագոյն քարոզչական արշաւին մէջ, բարի լուրը հարիւրաւոր լեզուներով կը ներկայացնենք՝ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ (Մատ. 24։14)։ Այս գործունէութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Ատիկա աշխարհածաւալ տարողութեամբ ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Եհովայի վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու տեսաերիզը, այդ հարցումներուն կը պատասխանէ, բացատրելով համայն աշխարհի մէջ տարած մեր գործունէութեան մանրամասնութիւնները։ Տեսաերիզը դիտելէ ետք, նկատի առ հետեւեալ հարցումները։
Տեսաերիզը հետեւեալ կէտերուն նկատմամբ ինչպէ՞ս գնահատանքդ խորացուց. 1) Եհովայի կազմակերպութեան ջանքը՝ բարի լուրը քարոզելու (Բ. Տիմ. 4։2)։ 2) Աշխարհի տարածքին Պէթէլի ընտանիքները։ 3) Միսիոնարներու եւ տեսուչներու տրուած կրթական մարզումը (Բ. Տիմ. 2։2)։ 4) Ամէն օր Աստուածաշունչի համար մը նկատի առնելու, եւ ամէն շաբաթ ժողովքային հանդիպումներուն պատրաստուելու կարեւորութիւնը (Գործք 17։11)։ 5) Մեր քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելու օգուտները (Եբ. 10։24, 25)։ 6) Օրհնութիւնները՝ զորս պիտի ստանաս, երբ երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատուի (Եսա. 11։9)։ 7) Այժմու հունձքին մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումդ (Յովհ. 4։35)։
Այս տեսաերիզը հիանալի գործիք մը եղած է, հետաքրքրուած անհատներուն ծանօթացնելու Եհովայի վկաներու համաշխարհային գործունէութիւնը։ 8) Ե՞րբ յարմար է տեսաերիզը ցոյց տալ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն, ազգականներուն եւ ուրիշներուն։ 9) Դրական ի՞նչ հակազդեցութիւն նկատած ես, երբ զայն ցոյց տուած ես։
Մինչ կը խոկանք Եհովայի իրագործումներուն վրայ, կը մղուինք սաղմոսերգուին խօսքերը երկրորդելու. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ» (Սաղ. 40։5)։ Թող որ այս տեսաերիզը լաւ կերպով գործածենք, որպէսզի ուրիշներուն օգնենք որ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ գնահատութիւն մշակեն։