Վկայութիւն Տուող Պատկերիզներուն Ազդեցութիւնը
1 «Մեր տղան այս պատկերիզը սկսաւ դիտել երբ դեռ քալելու չէր սկսած։ Զայն կրկին ու կրկին կը դիտէ։ Որքա՜ն սքանչելի է ունենալ գործիքներ, որոնք մեր զաւակներուն մէջ Եհովայի հանդէպ սէր կը քանդակեն»։ Այս Քրիստոնեայ ծնողը ո՞ր պատկերիզին մասին կը խօսէր։ Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց խորագրով պատկերիզին մասին։ Վկայ չեղող մայր մը, որուն տղան Նոյ–ի պատկերիզը դիտած էր ուրիշ մէկու մը տունը, մասնաճիւղի գրասենեակին $90 նուիրատուութիւն ղրկեց, եւ հարցուց եթէ երախաներու համար այլ պատկերիզներ ունինք։ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ արտադրուած պատկերիզները զօրաւոր ազդեցութիւն մը կ’ունենան թէ՛ անչափահասներու եւ թէ չափահասներու վրայ։
2 Ընտանիքին Մէջ. Վկայ ընտանիք մը Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց պատկերիզը դիտելէ ետք, մայրը ըսաւ. «Ամբողջ օրը խորհրդածեցի թէ Եհովա ի՛նչպէս սովորական անհատներ կարող դարձուց որ արտասովոր բաներու տոկան։ Այս նիւթին մասին մտածելը ինծի յիշեցուց թէ ասոնց հետ բաղդատմամբ խնդիրներս որքա՜ն աննշան են։ Այս պատկերիզը մեր զաւակներուն հետ դիտելը, անոնց օգնեց աւելի յստակօրէն տեսնելու Եհովայի ապաւինելու կարիքը։ Ետքը, այս պատկերիզին մասին մեր աղջիկներուն հետ խօսակցելով, անոնց օգնեցինք որ աւելի լաւ պատրաստուած ըլլան ձեռք առնելու որեւէ ճնշում ու հալածանք, զոր կրնան դիմագրաւել»։
3 Դպրոցին Մէջ. Տեղեկագրութեան մը որպէս մէկ մասը, պատանի Վկայ մը իր դասարանին կրցաւ ցուցադրել Հաստատ կը Մնան պատկերիզէն հատուած մը։ Նախապէս, ուսուցչուհին ըսած էր թէ Վկաները չէր սիրեր։ Պատկերիզը դիտելէն ետք, ան ըսաւ. «Այս պատկերիզը Եհովայի Վկաներուն հանդէպ ունեցած տեսակէտս բոլորովին փոխեց։ Կը խոստանամ որ յաջորդ անգամ երբ դուռս զարնեն, անոնց մտիկ պիտի ընեմ եւ անոնց հետ պիտի սկսիմ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել»։ Ի՞նչ բան մեր մասին իր ունեցած տպաւորութիւնը փոխեց։ Ան ըսաւ թէ պատճառը մեր «իսկական սէրն ու հաւատարմութիւնն» էր։
4 Ծառայութեան Մէջ. Քոյր մը հանդիպեցաւ կնոջ մը որ վարանեցաւ մեր գրականութիւնները ընդունիլ, թէեւ մեր եւ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցումներ ունէր։ Քոյրը վերադարձաւ, իր հետ բերելով Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը, եւ կինն ու անոր ամուսինը զայն դիտեցին։ Երկուքն ալ մեծապէս տպաւորուեցան եւ համաձայնեցան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Իրենց տրուած ընտիր վկայութեան որպէս արդիւնք, անոնք սկսան իրենց կեանքը Եհովայի կամքին համակերպել։
5 Մեր պատկերիզները կը գործածէ՞ք այնպիսի կերպով մը որ լաւագոյն ազդեցութիւնը ունենան։