Բոլոր Լեզուներէն Անհատներ Հաւաքել
1 Աստուծոյ Խօսքը կը կատարուի։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն» անհատներ ճշմարիտ պաշտամունքը կ’ընդունին։ (Զաք. 8։23) Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կ’օգնեն բոլոր ‘ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն’ անհատներու, որ Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք մը ունենան, «մեծ նեղութենէն» վերապրելու հեռանկարով։—Յայտ. 7։9, 14
2 Աստուծոյ Կազմակերպութիւնը կ’Ընդառաջէ. Կառավարիչ Մարմինը կարգադրած է որ սուրբ գրային գրականութիւններ մատչելի ըլլան շուրջ 380 լեզուներով, որպէսզի համայն աշխարհի մէջ մարդիկ կարենան յստակօրէն ըմբռնել բարի լուրին կարեւորութիւնը։ Այսքան շատ լեզուներով գրականութիւններ պատրաստելը եւ հրատարակելը հսկայ ձեռնարկ մըն է։ Անիկա կը պարփակէ՝ որակելի թարգմանիչներէ բաղկացած խումբեր կազմել եւ անոնց հարկ եղած օժանդակութիւնը հայթայթել, որպէսզի մեր գրականութիւնները ա՛յսքան շատ լեզուներու թարգմանեն, ինչպէս նաեւ գրականութիւնները տպել ու առաքել։ Սակայն, գլխաւոր դերը կը խաղայ Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչ որ Աստուածաշունչի փրկարար պատգամը մարդոց կը տանի։
3 Մարտահրաւէրը Ընդունիլ. Շատ մը շրջաններու մէջ օտարախօս մեծ հաւաքականութիւններ կը գտնուին։ Այս մարդոց բարի լուրը հասցնելու համար, հետզհետէ աւելի մեծ թիւով Աստուծոյ ծառաներ կը ջանան սորվիլ Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն կամ այլ լեզուներ, որոնք կը խօսուին իրենց շրջանին մէջ։ Ուրիշներ Ամերիկեան Համրերու Լեզուն կը սորվին։ Միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ, շուրջ 2,900 ժողովքներ ու 240 խումբեր կան, որոնք կը քարոզեն 38 լեզուներով, Անգլերէնէն զատ։ Ոմանք, որոնք բնաւ Եհովայի մասին չէին լսած կամ Աստուածաշունչի մասին բան մը չէին գիտեր, Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը կ’ընդունին։—Հռովմ. 15։21
4 Կրնա՞նք ջանք թափել որ բարի լուրը աւելի լիովին ծանուցանենք մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց, որոնք տարբեր մշակոյթի մը կը պատկանին։ (Կող. 1։25) Բազմաթիւ ժողովքներ իրենց թաղամասին մէջ գտնուող օտարախօսներուն քարոզելու գործունէութիւնը կը կազմակերպեն։ Սկիզբը հրատարակիչներ կը սորվին այդ լեզուով պարզ ներկայացում մը ընել, ինչպէս՝ «Բարեւ։ Ձեզի բարի լուր մը ունիմ։ [Ապա այդ լեզուով մատչելի եղող թերթիկ կամ գրքոյկ մը ներկայացուցէք։] Ցտեսութիւն»։ Եհովա իրապէս կ’օրհնէ այսպիսի պզտիկ սկիզբներ։
5 Թագաւորութեան պատգամը մարդոց սրտին կը խօսի, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց ենթահողն ու լեզուն։ Թող որ զայն անոնց հետ բաժնելու պատեհութիւնը օգտագործենք։