Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/02 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ձեր Հոգեւոր Կարիքը Գոհացուցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 7/02 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Բջիջային հեռաձայններ եւ ելեկտրոնական փէյճըր–ներ գործածելու նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

Այսպիսի գործիքներ մեզ կարող կը դարձնեն որ ուրիշներու հետ շփման մէջ գանք, գրեթէ ո՛ւր որ ալ գտնուինք։ Թէեւ ասիկա կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք որ անյարմար ատենին բջիջային հեռաձայնի ու փէյճըր–ի գործածութիւնը, մեր ծառայութիւնը կամ քրիստոնէական ժողովները չնսեմացնէ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ։

Երեւակայեցէք այն տպաւորութիւնը որ կրնանք ձգել, եթէ մեր բջիջային հեռաձայնը կամ փէյճըր–ը հնչէ մինչ դաշտի ծառայութեան մէջ վկայութիւն կու տանք։ Տանտէրը ի՞նչ պիտի խորհի։ Ի՞նչ տպաւորութիւն կրնանք ձգել եթէ խօսակցութիւնը դադրեցնենք եւ հեռաձայնին պատասխանենք։ Վստահաբար, պիտի չուզէինք ընել որեւէ բան որ կրնայ ուրիշներուն արգելք հանդիսանալ Թագաւորութեան պատգամին մտիկ ընելու։ (Բ. Կորն. 6։3) Հետեւաբար, եթէ բջիջային հեռաձայն կամ փէյճըր մը կը կրենք, զայն այնպիսի վիճակի մը մէջ պէտք է ձգենք, որ մեզ կամ ուրիշները չխանգարէ երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք։

Ի՞նչ կրնանք ըսել այն պարագային մասին, երբ կը սպասենք մինչ ուրիշներ վկայութիւն կու տան։ Եթէ դաշտի ծառայութեան ժամանակ յատկացուցած ենք, պէտք չէ՞ մեր միտքը անոր վրայ կեդրոնացնենք։ Մեր սրբազան ծառայութեան հանդէպ յարգանքէ մղուած, հաճեցէք անհրաժեշտ չեղող անձնական գործերուն կամ ընկերային գործունէութիւններուն ուրիշ ատեն հոգ տանիլ։ (Հռովմ. 12։7) Անշուշտ ասիկա չի պարփակեր հեռաձայնը գործածելով յաւելեալ վկայութիւն տալը կամ վկայելու համար ժամադրութիւն մը առնելը։

Յատկապէս զգոյշ պէտք է ըլլանք ինքնաշարժ վարելու ժամանակ բջիջային հեռաձայն գործածելու նկատմամբ, քանի որ կարգ մը հետազօտութիւններ ցոյց կու տան թէ ասիկա ընելը, արկածի մը հանդիպելու հաւանականութիւնը մեծապէս կ’աւելցնէ։ Պէտք է բծախնդրաբար պահենք որեւէ օրէնք, որ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ բջիջային հեռաձայնի գործածութիւնը կ’արգիլէ։

Քրիստոնէական ժողովներուն ու համաժողովներուն կու գանք Եհովան պաշտելու եւ իրմէ սորվելու համար։ Այս առիթներուն սրբութեան հանդէպ գնահատութիւնը մեզ պէտք չէ՞ մղէ որ բջիջային հեռաձայններն ու փէյճըր–ները այնպիսի վիճակի մը մէջ ձգենք, որ մեզ կամ ուրիշներ չխանգարեն։ Եթէ անմիջական ուշադրութիւն պահանջող ստիպողական հարց մը կայ, պէտք է անոր հոգ տանինք ժողովի վայրէն դուրս ելլելով։ Այլապէս, պէտք է մեր անձնական ու աշխարհիկ հարցերուն հոգ տանինք այնպիսի ժամերու, որ պաշտամունքի համար որոշուած ժամերէն տարբեր են։—Ա. Կորն. 10։24

Թող որ բջիջային հեռաձայններու կամ ելեկտրոնական որեւէ սարքի գործածութիւնը, միշտ ուրիշներու հանդէպ նկատառութիւն եւ հոգեւոր բաներու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել