Ձեր Հոգեւոր Կարիքը Գոհացուցէք
1 «Թագաւորութեան Նախանձախնդիր Ծանուցանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովը, մեր հոգեւոր կարիքը գոհացնելու հոյակապ պատեհութիւն մը կու տայ մեզի։ Օգտակար ֆիզիքական ճաշի մը նման, յայտագիրը կը խոստանայ մեզ հոգեւորապէս սնուցանել «հաւատքին խօսքերովը»։ (Ա. Տիմ. 4։6) Անիկա մեզ կարող պիտի դարձնէ Եհովայի աւելի մօտենալու։ Նաեւ կ’ակնկալենք խրատ ու քաջալերութիւն ստանալ, որոնք մեզի կ’օգնեն մեր կեանքի մէջ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ Եհովա կը վստահեցնէ մեզ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ (Սաղմ. 32։8) Որքա՜ն օրհնուած ենք, քանի որ մեր կեանքին մէջ իր սիրալիր առաջնորդութիւնը ունինք։ Նկատի առէք կարգ մը գործնական քայլեր, զորս կրնանք առնել համաժողովի յայտագրէն լաւագոյն օգուտը քաղելու համար։
2 Պէտք Է Մեր Սիրտը Պատրաստենք. Իւրաքանչիւրս պատասխանատուութիւն ունի իր այլաբանական սիրտը պահպանելու։ (Առ. 4։23) Ասիկա կը պահանջէ ինքնակրթութիւն ի գործ դնել եւ մեր անձերուն հետ պարկեշտ գտնուիլ։ Համաժողովը Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան մասին խոկալու ժամանակ մըն է, ժամանակ մը՝ ‘ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով նայելու’։ Որպէսզի մեր սիրտը պատրաստենք ‘սերմանուած խօսքը ընդունելու’, պէտք է Եհովայի աղաչենք որ մեզ քննէ, ցոյց տայ մեր մէջ սրբագրուելիք որեւէ ‘չար ճամբայ’, եւ մեզ առաջնորդէ «դէպի յաւիտենական ճամբան»։—Յակ. 1։21, 25. Սաղմ. 139։23, 24
3 Մտիկ Ըրէք ու Խոկացէք. Յիսուս գովեց Մարիամը ուշադրութեամբ իր խօսքերը մտիկ ընելուն համար, ըսելով. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։ (Ղուկ. 10։39, 42) Եթէ նոյն մտային տրամադրութիւնը ունինք, թոյլ պիտի չտանք որ աննշան բաներ մեր ուշադրութիւնը շեղեն։ Պիտի ուզենք նստիլ ու մտիկ ընել ամբողջ յայտագիրը։ Պիտի խուսափինք խօսելէ կամ անհարկիօրէն շրջագայելէ, եւ զգոյշ պիտի ըլլանք որ ուրիշները չխանգարենք բջիջային հեռաձայններով, փէյճըր–ներով, պատկերագրող եւ լուսանկարչական գործիքներով։
4 Երբ դասախօսութիւնները մտիկ կ’ընենք, լաւ կ’ըլլայ որ հակիրճ նոթեր առնենք, նիւթին զարգացման կերպը վերլուծելու համար։ Պէտք է մեր լսածը, մեր արդէն գիտցած բաներուն հետ կապենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ նիւթը ըմբռնելու եւ յիշելու։ Երբ մեր նոթերը վերաքաղ կ’ընենք, պէտք է ասիկա նիւթը կիրարկելու միտումով ընենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ հարց տալ. ‘Ասիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ Եհովայի հետ իմ յարաբերութեանս։ Կեանքիս մէջ ի՞նչ բարեճշդումներ պէտք է ընեմ։ Այս տեղեկութիւնը ի՞նչպէս կրնամ կիրարկել ուրիշներու հետ իմ գործառնութիւններուս։ Զայն ի՞նչպէս կրնամ գործածել ծառայութեանս մէջ’։ Ուրիշներու հետ նկատի առնենք այն կէտերը որ յատկապէս կը գնահատենք։ Ասոնք ընելը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի խօսքերը ‘մեր սրտին մէջ պահենք’։—Առ. 4։20, 21
5 Մեր Սորվածները Կիրարկենք. Նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուելէն յետոյ, պատուիրակ մը ըսաւ. «Յայտագիրը շատ անձնական բնոյթ մը ունէր, մղելով անհատը իր ու իր ընտանիքին սրտի վիճակը քննելու, եւ կարիքին համաձայն սուրբ գրային սիրալիր օգնութիւն հայթայթելու։ Անիկա ուշադրութեանս յանձնեց ժողովքին աւելի օգնելու պարտաւորութիւնս»։ Հաւանաբար մեզմէ շատեր միեւնոյն կերպով զգացած են։ Սակայն բաւարար չէ համաժողովէն տուն վերադառնալ պարզապէս զգալով որ քաջալերուած ու թարմացած ենք։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։ (Յովհ. 13։17) Պէտք է փութաջանօրէն գործադրենք այն կէտերը, որոնք անձնապէս կը կիրարկուին մեզի։ (Փիլ. 4։9) Ասիկա մեր հոգեւոր կարիքը լիովին գոհացնելու բանալին է։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Խոկացէք Ձեր Լսած Բաներուն Վրայ.
■ Անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ Եհովայի հետ իմ յարաբերութեանս։
■ Անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ ուրիշներու հետ իմ գործառնութիւններուս։
■ Զայն ի՞նչպէս կրնամ կիրարկել կեանքիս ու ծառայութեանս մէջ։