‘Լսենք ու Աւելի Հրահանգ Ստանանք’
1 Առակաց գիրքը իմաստութեան մասին կը խօսի, որպէս թէ ան աղաղակելով կ’ըսէ. «Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։ Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը, . . . իմս են։ . . . Ինծի՛ մտիկ ըրէք, վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։ Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ»։ (Առ. 8։6, 14, 32, 35) Այս խօսքերը լաւ կերպով կը նկարագրեն «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին մէջ մեզ սպասող ուսուցումը։
2 Համաժողովի յայտագիրը պատրաստուած է համաշխարհային եղբայրակցութեան կարիքներուն գոհացում տալու համար։ Ներկայացուելիք հոգեւոր հրահանգներն ու գործնական թելադրութիւնները, եթէ գործադրուին, կրնան մեզի օգնել որ ուրախ ըլլանք եւ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։ Վստահաբար, լաւ պատճառներ ունինք որ ‘լսենք ու աւելի հրահանգ ստանանք’։—Առ. 1։5, ՆԱ
3 Յայտագրէն Առաջ. Ներկայացուելիք նիւթերէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է յայտագրին սկսած ատենը պատշաճ մտավիճակով մը մեր տեղերը նստած ըլլանք։ Ասիկա անձնական լաւ կազմակերպութիւն կը պահանջէ։ Գլխաւոր ազդակ մըն է առտուն կանուխ արթննալը։ Գիշերը կանուխ անկողին մտէք։ Բաւական կանուխ արթնցէք, որպէսզի ձեր խումբի բոլոր անդամները պատրաստուելու եւ պատառ մը ուտելու ժամանակ ունենան։ Համաժողովի վայրը կանուխ հասէք, որպէսզի նստելու տեղ գտնէք եւ յայտագիրը սկսելէն առաջ անհրաժեշտ հարցերու հոգ տանիք։ Դռները պիտի բացուին ամէն օր կ.ա. 8։00–ին, իսկ յայտագիրը պիտի սկսի կ.ա. 9։30–ին։
4 Քանի որ մեր հաւաքուելուն գլխաւոր նպատակը «ժողովներուն մէջ» Եհովան փառաբանել է, իւրաքանչիւր նիստ պէտք է սկսի մեր Աստուածը մեծարող կերպով մը։ (Սաղմ. 26։12) Այս նպատակով ալ, բոլորիս քաջալերութիւն կը տրուի որ բացման երգեցողութիւնը ներկայացուելէն առաջ նստած ըլլանք։ Ասիկա սուրբ գրային հետեւեալ յորդորին հետ ներդաշնակ է. «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ»։ (Ա. Կորն. 14։40) Ասիկա իւրաքանչիւրիս համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ տեսնէք որ երաժշտութիւնը նուագուած միջոցին ատենապետը բեմին վրայ նստած է, անմիջապէս ձեր տեղերը գրաւեցէք։ Ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ լման սրտով մասնակցիք իւրաքանչիւր նիստի բացման երգեցողութեան, Եհովայի փառաբանութիւն երգելով։—Սաղմ. 149։1
5 Յայտագրի Ընթացքին. Եզրաս «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ»։ (Եզրաս. 7։10) Մենք ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել Եհովայի հայթայթած հրահանգները իւրացնելու համար։ Մինչ տպուած յայտագրին մէջ զանազան բաժիններու բնաբանները աչքէ կ’անցընէք, դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Այս յայտագրին միջոցաւ Եհովա ի՞նչ կ’ըսէ ինծի։ Այս տեղեկութիւնները ի՞նչպէս կրնամ գործածել, իմ անձիս ու ընտանիքիս օգտին համար’։ (Եսայ. 30։21. Եփ. 5։17) Շարունակեցէք այս հարցումները հարցնել ամբողջ յայտագրի ընթացքին։ Նոթագրեցէք այն կէտերը, զորս կը ծրագրէք գործածել։ Իւրաքանչիւր օրուան նիստերու աւարտին, անոնց մասին խօսելու ժամանակ յատկացուցէք։ Ասիկա պիտի օգնէ որ տեղեկութիւնը յիշէք եւ կիրարկէք։
6 Երկար ժամեր կեդրոնանալը մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մտքով թափառելու հակումին դէմ դնելու։ Աչքին զօրութիւնը օգտագործեցէք։ Որոշ չափով, մեր աչքերը ի՛նչ բանի վրայ որ կեդրոնացնենք, անիկա մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ (Մատթ. 6։22) Հետեւաբար, իւրաքանչիւր ձայնի կամ շարժումի պարագային, ձեր գլուխը այդ կողմ դարձնելու հակումին դէմ դրէք։ Ձեր աչքերը դասախօսին վրայ կեդրոնացած պահեցէք։ Երբ համար մը կարդացուի, ձեր Աստուածաշունչը բանալով ընթերցանութեան հետեւեցէք, եւ մինչ համարին մասին կը խօսուի՝ ձեր Աստուածաշունչը բաց պահեցէք։
7 Քրիստոնէական սէրը պիտի մղէ մեզ որ յայտագրի ընթացքին ուրիշները խանգարելէ խուսափինք։ (Ա. Կորն. 13։5) Ասիկա «լռելու» եւ մտիկ ընելու «ժամանակ» է։ (Ժող. 3։7) Հետեւաբար, անտեղի խօսակցութիւններէ եւ պտոյտներէ խուսափեցէք։ Զուգարան երթալ–գալը նուազեցուցէք, կանխաւ ծրագրելով։ Մինչեւ որոշուած ժամը մի՛ ուտէք կամ մի՛ խմէք, բացի եթէ առողջապահական լուրջ պատճառ մը ունիք։ Անոնք որոնք իրենց հետ բջիջային հեռաձայններ, փէյճըր–ներ, պատկերագրող եւ լուսանկարչական գործիքներ կը բերեն, զանոնք պէտք չէ գործածեն այնպիսի կերպով մը որ ուրիշները կը խանգարէ։ Ծնողներ պէտք է կարգադրեն որ ամբողջ ընտանիքը, ի ներառեալ դեռատիները, միասին նստին, որպէսզի կարենան իրենց զաւակներուն պատշաճ կերպով վերահսկել։—Առ. 29։15
8 Անցեալ տարի երէց մը, որ տասնեակ տարիներէ համաժողովներու ներկայ կը գտնուի, դիտել տուաւ. «Զգացի թէ այս համաժողովը յատկանշական էր ուրիշ պատճառով մըն ալ։ Գրեթէ բոլոր ներկաները նոթեր կ’առնէին, ի ներառեալ երախաները։ Մեծ հաճոյք էր ասիկա տեսնել։ Աստուածաշունչերը գործածութեան կը դրուէին, երբ դասախօսներ խնդրէին որ որոշ համարներ բացուէին»։ Այսպիսի ուշադիր ունկնդրութիւն իրապէս գովելի է։ Անիկա ո՛չ միայն մեզի եւ համաժողովի պատուիրակներուն օգուտներ կը բերէ, այլեւ, ամէն բանէ աւելի, մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովա Աստուածը կը փառաբանէ։—Եսայ. 30։20, ՆԱ