Լսենք ու սորվինք
1. Նահանգային համաժողովի ընթացքին լսելու եւ սորվելու համար, ինչո՞ւ թերեւս մեզմէ յաւելեալ ջանք պահանջուի։
1 Շուտով 2013–ի նահանգային համաժողովները պիտի սկսին։ Շատ աշխատանք տարուած է պատրաստելու յայտագիր մը, որ համաշխարհային դաշտին այժմու կարիքները կը քննարկէ։ Կարգադրութիւններ ըրա՞ծ ես համաժողովին երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու համար։ Մեծ համաժողովներու մէջ շատ մը բաներով կրնաս մտացիր ըլլալ, ուստի թերեւս կարիք ունենաս յաւելեալ ջանք թափելու, յայտագրին ուշադրութեամբ հետեւելու համար։ Քանի որ նիստերը ժողովքային հանդիպումներէն երկար են, ուստի աւելի երկար ատեն կեդրոնացած պէտք է մնանք։ Ասկէ զատ, երթուդարձը եւ ա՛յլ ազդակներ կրնան որոշ չափով մեզ յոգնեցնել։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ արթուն մնանք, որպէսզի կարենանք լսել ու սորվիլ (Բ. Օր. 31։12)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք սրտերնիս պատրաստել նահանգային համաժողովի յայտագրին համար։
2 Նախքան համաժողովը սկսիլը։ Մեր պաշտօնական ցանցակայքը՝ www.jw.org, կու տայ համաժողովին յայտագիրը, որուն մէջ նշուած են բոլոր դասախօսութիւններուն վերնագիրները եւ մէկ կամ երկու գլխաւոր համարներ իւրաքանչիւր նիւթի համար։ Եթէ համացանց ունինք, այդ տեղեկութիւնները նախապէս գիտնալը մեզի պիտի օգնէ որ սրտերնիս պատրաստենք՝ ներկայացուելիք նիւթերուն համար (Եզր. 7։10)։ Ընտանեկան պաշտամունքիդ երեկոյին, կրնա՞ս ժամանակ տրամադրել համաժողովին յայտագիրը նկատի առնելու, որպէսզի ընտանիքդ անձկութեամբ սպասէ անոր։
3. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ուշադրութեամբ լսենք։
3 Յայտագրի ընթացքին։ Եթէ հարկ կայ, լուացարանէն օգտուէ՝ համաժողովի պահերը սկսելէն առաջ։ Հեռախօսիկդ մարէ, որպէսզի մտացիր չըլլաս հեռաձայնով կամ նամակով մը, կամ յայտագրի ընթացքին ուրիշներուն հաղորդագրութիւն ղրկելու փորձութեան մէջ չիյնաս։ Իսկ եթէ ստիպուած ես հեռախօսիկդ բաց պահել, զայն այնպէս մը կարգաւորէ, որ եթէ մէկը քեզի հեռաձայնէ, ուրիշներ չխանգարուին։ Եթէ յայտագրի ընթացքին ելեկտրոնական յուշատետր պիտի գործածես, այնպէս մը ըրէ որ ուրիշներ չխանգարուին։ Լաւ կ’ըլլայ որ յայտագրի ընթացքին չուտենք կամ չխմենք (Ժող. 3։1)։ Ուշադրութիւնդ կեդրոնացուր դասախօսին վրայ։ Երբ համար մը կը կարդացուի, Աստուածաշունչդ բաց ու հետեւէ։ Կարճ նոթեր առ։
4. Ծնողներն ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ լսեն ու սորվին։
4 Կ’ուզենք որ մեր զաւակներն ալ լսեն ու սորվին։ Առակաց 29։15–ը կ’ըսէ. «Իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ Հետեւաբար, լաւ կ’ըլլայ որ ընտանիքի անդամներ իրարու քով նստին, որպէսզի ծնողներ հսկեն իրենց երեխաներուն վրայ, որ յայտագրի ընթացքին չխօսին, նամակներ չուղարկեն կամ չպտըտին, հապա՝ նիւթերուն ուշադրութիւն ընծայեն։ Եթէ նոյնիսկ այն տարիքին են, որ քննարկուած բոլոր կէտերը դեռ չեն հասկնար, կրնաք զանոնք դաստիարակել որ լուռումունջ նստին ու չքնանան։
5. Յայտագիրը վերաքաղ ընելը ինչո՞ւ օգտակար է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։
5 Յայտագրի իւրաքանչիւր օրուան աւարտէն ետք։ Ուշի մի՛ մնար։ Հարկ եղածին չափ կանուխ քնացիր, որպէսզի բաւարար չափով հանգստանաս։ Լսածներդ վերաքաղ ընելը քեզի պիտի օգնէ, որ աւելի երկար ատեն զանոնք մտքիդ մէջ պահես։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ ընտանիքներ ամէն երեկոյ քանի մը վայրկեան տրամադրեն յայտագիրը քննարկելու։ Եթէ բարեկամներով ճաշարան պիտի երթաս, ինչո՞ւ նոթատետրդ հետդ չառնես եւ չբաժնես մէկ կամ երկու կէտ, որմէ յատկապէս տպաւորուեցար։ Համաժողովի աւարտէն ետք, կրնաս Ընտանեկան պաշտամունքիդ ընթացքին որոշ ժամանակ տրամադրել քննարկելու՝ թէ ինչպէ՛ս կրնաք տեղեկութիւնները ընտանեօք կիրարկել։ Նաեւ կրնաս ամէն շաբաթ ժամանակ յատկացնել՝ լոյս տեսած նոր հրատարակութիւններէն մաս մը նկատի առնելու։
6. Համաժողովին ներկայ գտնուիլը ինքնին բաւարա՞ր է. բացատրէ՛։
6 Ճաշկերոյթ մը իր նպատակին հասած չըլլար, եթէ կերակուրը չուտուի եւ չմարսուի։ Նոյնը կարելի է ըսել այն հոգեւոր ճաշկերոյթին մասին, որ պիտի ներկայացուի նահանգային համաժողովի ընթացքին։ Թող որ լիովին օգտուինք՝ բոլոր պահերուն ներկայ գտնուելով, ուշադրութեամբ լսելով եւ մեր սորվածները կիրարկելով։