‘Ժողովուրդը հաւաքէ’
1. Նահանգային ու միջազգային համաժողովներուն եւ իսրայէլացիներուն յատկանշական համախմբումին միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։
1 Իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգելէ ետք, Եհովան Մովսէսին ըսաւ, որ Սինա լերան մօտ ‘ժողովուրդը հաւաքէ’ Իր խօսքերը լսելու, որպէսզի Իրմէ վախնան եւ Իր ճամբաները իրենց որդիներուն սորվեցնեն (Բ. Օր. 4։10-13)։ Ասիկա ի՛նչ անմոռանալի եւ հաւատք կերտող առիթ մը եղած ըլլալու էր։ Գալիք ամիսներուն, Եհովային ժողովուրդը նահանգային եւ միջազգային համաժողովներու մէջ պիտի հաւաքուի, որպէսզի Եհովայէն սորվի։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի լիովին օգտուինք։
2. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր համաժողովին ‘պատրաստ ըլլանք’։
2 ‘Պատրա՛ստ եղիր’։ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ «պատրաստ ըլլան» Սինա լերան մօտ տեղի ունենալիք պատմական համախմբումին (Ել. 19։10, 11)։ Համանման կերպով, ոչ միայն համաժողովներուն յայտագրին մէջ բաժին բերողները, այլեւ բոլոր ներկաները պէտք է ուշադիր կերպով նախապատրաստուին։ Օրինակ, շատեր պէտք է կարգադրեն իրենց աշխարհիկ գործէն արձակուրդ առնել։ Թերեւս Նէեմիայի պարագան կը դիմագրաւես։ Ան Արտաշէս թագաւորին մատռուակն էր, բայց ուզեց իր այս գործը ձգել, որպէսզի Երուսաղէմ երթայ՝ քաղաքին պարիսպներուն վերակառուցման մէջ բաժին բերելու,– բայց ան գիտէր որ թագաւորը թերեւս համամիտ չգտնուէր։ Նէեմիան աղօթեց եւ ապա քաջաբար ու ազնիւ խօսքերով իր խնդրանքը թագաւորին ներկայացուց։ Թագաւորը թոյլ տուաւ որ Նէեմիան երթայ եւ նո՛յնիսկ շինարարութեան գործին աջակցեցաւ (Նէ. 2։1-9)։ Գործատէրէն արձակուրդ խնդրելէ զատ, երթուդարձի եւ իջեւանի վերաբերող կարգադրութիւնները ըրած ե՞ս։ Երէցները ուրախ պիտի ըլլան օգնելու բոլոր անոնց, որոնք աջակցութեան պէտք ունին։ Այնպէս մը ծրագրէ որ համաժողովի իւրաքանչիւր բաժինը չսկսած ներկայ ըլլաս եւ պատրաստուէ լսելիք բաներուդ ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընել’ (Եբ. 2։1)։
3. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր սիրտը պատրաստենք։
3 Համաժողովին պատրաստ ըլլալու համար, պէտք է նաեւ մեր սիրտը պատրաստենք, որպէսզի կարենանք լսել եւ սորվիլ (Եզր. 7։10)։ Համաժողովին յայտագիրը կանխաւ պիտի դրուի մեր կայքին մէջ (jw.org) եւ պիտի թուէ բոլոր դասախօսութիւններուն բնաբանները՝ իւրաքանչիւրին դիմաց մէկ կամ երկու համար նշելով։ Ասիկա հոյակապ նիւթ մըն է, որ կրնանք համաժողովին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին նկատի առնել մեր Ընտանեկան պաշտամունքին մէջ։ Կարգ մը հրատարակիչներ յայտագիրը կը տպեն, որպէսզի համաժողովին ընթացքին անոր վրայ հակիրճ նոթեր առնեն։
4. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան համաժողովին միջոցաւ իրենց զաւակներուն սորվեցնել։
4 ‘Որդիներուդ սորվեցուր’։ Սինա լերան մօտ տեղի ունեցած համաժողովին նպատակներէն մէկն էր, որ իսրայէլացի ծնողները իրենց ‘որդիներուն սորվեցնեն’ (Բ. Օր. 4։10)։ Համաժողովը ծնողներուն հոյակապ պատեհութիւն կու տայ որ նոյնը ընեն։ Ծնողները պէտք է իրենց զաւակները իրենց քով նստեցնեն եւ օգնեն անոնց որ յայտագրին վրայ կեդրոնանան։ Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան եւ յետագային՝ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, ընտանիքը կրնայ համաժողովին նիւթերը միասնաբար քննարկել։
5. Մօտալուտ համաժողովին ներկայ գտնուելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։
5 Սինա լերան մօտ տեղի ունեցած յատկանշական համաժողովը իսրայէլացիներուն օգնեց, որ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալու իւրայատուկ առանձնաշնորհումը գնահատեն (Բ. Օր. 4։7, 8)։ Մօտալուտ համաժողովը ծրագրուած է որ մենք եւս համանման կերպով օգտուինք։ Երեք օր պիտի կարենանք Սատանայի աշխարհին անապատէն հեռանալ, եւ հոգեւորապէս թարմանալ ու շինիչ ընկերակցութիւն վայելել մեր հոգեւոր դրախտին մէջ (Եսա. 35։7-9)։ Քանի որ Եհովային օրը կը մօտենայ, թող որ թեթեւի չառնենք մէկտեղ հաւաքուելու այս պատեհութիւնը, որպէսզի փոխադարձ քաջալերութիւն վայելենք (Եբ. 10։24, 25)։