Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/13 էջ 2
  • Հարցումի տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Հեռաձայնով Վկայելով Յաջողութիւն Գտնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Չնչին հետաքրքրութիւն ցուցաբերող բոլոր անհատներուն վերայցելէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 4/13 էջ 2

Հարցումի տուփ

◼ Երբ հարցը կը վերաբերի ժողովներու եւ ծառայութեան ընթացքին բջիջային հեռաձայն գործածելուն, Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կը կիրարկուին։

«Ամէն բանի ատենը կայ» (Ժող. 3։1)։ Բջիջային հեռաձայններու շնորհիւ, մարդիկ կրնան գրեթէ որեւէ ատեն իրարու հետ նամակցիլ կամ խօսակցիլ։ Սակայն կան առիթներ, երբ քրիստոնեաներ չեն ուզեր իրենց հեռախօսիկին պատճառով մտացիր ըլլալ։ Օրինակ, մեր ժողովները առիթ մըն են Եհովան պաշտելու, հոգեւոր ուղղութիւն ստանալու եւ փոխադարձաբար քաջալերուելու (Բ. Օր. 31։12. Սաղ. 22։22. Հռով. 1։11, 12)։ Կրնա՞նք մեր հեռախօսիկները մարել երբ սրահ կը մտնենք, եւ մեր նամակները կարդալ երբ արդէն ժողովէն մեկնած ենք։ Եթէ ստիպողական պարագաներ կը պահանջեն որ մեր հեռախօսիկները չմարենք, լաւ է որ զանոնք այնպէս մը կարգաւորենք որ ուրիշներ չխանգարուին։

Ամէն բան «աւետարանին համար» ըրէ (Ա. Կոր. 9։23)։ Երբեմն կ’ըլլան վաւերական պատճառներ, որ ծառայութեան ընթացքին հեռախօսիկ գործածենք։ Օրինակ, առաջնորդութիւն առնող եղբայր մը թերեւս զայն գործածէ, որպէսզի թաղամասին միւս կողմերը քարոզող հրատարակիչներուն վիճակը գիտնայ։ Հրատարակիչներ երբեմն կը հեռաձայնեն հետաքրքրուած անհատի մը կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը՝ նախքան անոր այցելելը, մա՛նաւանդ եթէ անհատը հեռաւոր տեղ մը կ’ապրի։ Եթէ հեռախօսիկ կը կրենք, պէտք եղած քայլերը պէտք է առնենք, որ ատիկա մեր եւ տանտիրոջ միջեւ եղած խօսակցութիւնը չընդհատէ (Բ. Կոր. 6։3)։ Մինչ ուրիշ հրատարակիչներու կը սպասես, բարեկամի մը հեռաձայնելու կամ նամակ ուղարկելու տեղ, աւելի լաւ չը՞լլար ուշադրութիւն ընծայես ծառայութեան եւ անոնց, որոնց հետ կ’աշխատիս։

Ուրիշներու հանդէպ նկատառու եղիր (Ա. Կոր. 10։24. Փլպ. 2։4)։ Բնաւ պիտի չուզենք հաւաքավայրներէ բացակայիլ այն համոզումով, որ միշտ կրնանք հեռաձայնով կամ հաղորդագրութեամբ մը գիտնալ թէ խումբը ո՛ւր պիտի քարոզէ. որովհետեւ եթէ ուշ հասնինք, խումբը պէտք է վերստին կազմակերպուի։ Անշուշտ կամքէ անկախ պարագաներ երբեմն կրնան մեզ ուշացնել։ Սակայն, երբ սովորութիւն կը դարձնենք ճիշդ ժամանակին գալ, նկատառութիւն ցոյց տուած կ’ըլլանք Եհովայի կարգադրութեան, առաջնորդութիւն առնող եղբօր եւ մեր ընկեր հրատարակիչներուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել