Ուրիշներուն Մաքուր Լեզուն Սորվեցնենք
1 Թէեւ Եհովայի Վկաները բազմաթիւ ‘ազգերէ, ցեղերէ, ժողովուրդներէ ու լեզուներէ’ կու գան, սակայն անոնք միացած ժողովուրդ մը, միջազգային իսկական եղբայրութիւն մըն են։ (Յայտ. 7։9) Ներկայ պառակտուած աշխարհին մէջ, ասիկա արտակարգ երեւոյթ մըն է։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Քանի որ ‘մաքուր լեզու մը’ սորված ենք։—Սոփ. 3։9, ՆԱ
2 Սքանչելի Արդիւնքներ. Ի՞նչ է այս մաքուր լեզուն։ Անիկա Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած ճշմարտութեան շիտակ հասկացողութիւնն է, մանաւանդ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, այս ճշմարտութիւնը կը մատակարարուի երկրային տեսանելի խողովակի մը՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին՝ կողմէ, եւ հետեւաբար, «ազգերուն բոլոր լեզուներէն» անհատներ ճշմարիտ պաշտամունքը կ’որդեգրեն։—Մատթ. 24։45. Զաք. 8։23
3 Մինչ մարդիկ մաքուր լեզուն կը սորվին, անոնք կը մղուին Եհովայի սկզբունքներուն համաձայն ապրելու։ Անոնք կը սորվին ‘մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլալ’։ (Ա. Կորն. 1։10) Աստուածային ուսուցումը նաեւ անոնց մէջ յառաջ կը բերէ պարկեշտ վարք եւ օգտակար ու ճշգրիտ խօսակցութիւն, յատկապէս բարի լուրը ուրիշներու խօսելու նկատմամբ։ (Տիտ. 2։7, 8. Եբր. 13։15) Այս սքանչելի փոփոխութիւնները Եհովան կը պատուեն։
4 Օրինակ, անհատ մը որ բարի լուրը լսեց, բազմաթիւ հարցումներ ունէր, որոնք բոլորն ալ Աստուածաշունչէն պատասխանուեցան։ Իր լսած բաներէն մղուած, սկսաւ շաբաթը երկու անգամ ուսումնասիրել եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ իր ստացած ջերմ ընդունելութիւնը զինք զարմացուց, քանի որ ներկաներէն շատեր տարբեր ցեղի կը պատկանէին։ Շատ չանցած, ինք եւ իր կինը իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցին եւ մկրտուեցան։ Անկէ ի վեր ան շուրջ 40 հոգիներու օգնած է որ Եհովայի ծառայեն, ի ներառեալ՝ ընտանիքի բազմաթիւ անդամներ։ Անկարողութենէ մը տառապելով հանդերձ, վերջերս ան սկսաւ որպէս ռահվիրայ ծառայել։
5 Ուրիշներու Սորվեցնել. Աշխարհի դէպքերը պատճառ կ’ըլլան որ շատ մը պարկեշտ անհատներ իրենց մտածելակերպն ու կեանքը վերաքննութեան ենթարկեն։ Յիսուսի նման, պէտք է փափաքինք անոնց օգնել։ Ազդու վերայցելութիւններն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները կարեւոր միջոց մըն են՝ անկեղծ անհատներուն օգնելու որ մաքուր լեզուն սորվին։
6 Հետեւեալ մօտեցումը ազդու եղած է զբաղած մարդոց պարագային. անոնց դրան առջեւ Աստուածաշունչի հակիրճ ուսումնասիրութիւն մը վարել։ (թծ 5/02 էջ 1) Ասիկա փորձա՞ծ էք։ Երբ կը պատրաստուիք վերայցելութիւն մը ընելու, Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն տանտիրոջ յարմարող ներկայացում մը ընտրեցէք։ Այս յաւելուածականին ներկայացումներէն շատերը ծրագրուած են որ ուղղակիօրէն Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին կամ Գիտութիւն գրքին քննարկման առաջնորդեն։ Ներկայացումը փորձ ըրէք, որպէսզի կարենաք բացման խօսքերէն սահուն կերպով անցնիլ պարբերութիւններէն մէկուն քննարկման։ Պարբերութեան մէջէն մէկ կամ երկու համար ընտրեցէք, որպէսզի կարդաք ու քննարկէք, իսկ եզրափակելու համար հարցում մը պատրաստեցէք։ Ասիկա պիտի առաջնորդէ այն պարբերութեան, որ կը ծրագրէք նկատի առնել յաջորդ այցելութեան։
7 Մաքուր լեզուն սորվելուն որպէս արդիւնք, Եհովայի ժողովուրդը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելէ։ Ժրաջանօրէն ուրիշներուն օգնենք որ ‘Եհովայի անունը կանչելու’ եւ ‘ուս ուսի անոր ծառայութիւն ընելու’ մէջ մեզի միանան։—Սոփ. 3։9, ՆԱ