Օգնութիւն՝ Յարմար Ատենին
1 Երբ Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցները զօրացնելու հարկը տեսաւ, անոնց հանդէպ իր հոգածութիւնը մղեց զինք որ սիրալիր վերյիշեցումներ եւ քաջալերութիւն տայ։ (Բ. Պետ. 1։12, 13. 3։1) Ան ‘հաւատքին հասնողները’ յորդորեց, որ շարունակեն իրենց հոգեւոր յատկութիւնները մշակել, որպէսզի ‘պարապ ու անպտուղ չըլլան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ’։ (Բ. Պետ. 1։1, 5-8) Պետրոսի նպատակն էր անոնց օգնել որ Եհովայէ ստացած իրենց կոչումն ու ընտրութիւնը հաստատէին, որպէսզի վերջապէս ‘անբիծ ու անարատ գտնուէին՝ խաղաղութիւնով’։ (Բ. Պետ. 1։10, 11. 3։14) Շատերուն համար, իր քաջալերութիւնը յարմար ատենին տրուած օգնութիւն մըն էր։
2 Ներկայիս, Քրիստոնեայ տեսուչներ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ նոյնանման հոգածութիւն ունին։ Այս «դժուար ժամանակներ»ուն, Եհովայի ծառաներէն շատեր փորձիչ պարագաներու կը տոկան։ (Բ. Տիմ. 3։1, Անթիլիաս) Տնտեսական, ընտանեկան կամ անհատական խնդիրներու պատճառաւ, ոմանք կրնան Դաւիթի զգացումը բաժնել. «Անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց»։ (Սաղմ. 40։12) Այս ճնշումները կրնան ա՛յնքան սաստկանալ, որ այսպիսի անհատներ հաւանաբար անտեսեն կենսական հոգեւոր գործունէութիւնները եւ դադրին քրիստոնէական ծառայութեան մէջ բաժին բերելէ։ Այսուհանդերձ, հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, անոնք ‘Եհովայի պատուիրանքները չեն մոռնար’։ (Սաղմ. 119։176) Հիմա է յարմար ժամանակը որ երէցներ այսպիսիներուն հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթեն։—Եսայ. 32։1, 2
3 Այս կարիքը լեցնելու համար, երէցներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ մասնայատուկ ջանք մը թափեն, քարոզչութեան մէջ ներկայիս բաժին չբերողներուն օգնելու համար։ Ասիկա իրագործելու համար այժմ լուրջ ջանքեր կը թափուին, եւ ասոնք պիտի շարունակուին Մարտ ամսուան ընթացքին։ Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչներէն խնդրուած է անգործունեայ անհատներուն այցելել, անոնց հոգեւոր օգնութիւն տալու համար, որպէսզի ժողովքին հետ վերսկսին իրենց գործունէութիւնը։ Հոն ուր կարիքը տեսնուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կրնայ կարգադրուիլ։ Ուրիշ հրատարակիչներէ կրնայ խնդրուիլ որ օգնութեան ձեռք տան։ Եթէ ձեզմէ այսպիսի բան մը խնդրուի, ձեր ջանքերը կրնան շատ օգտակար ըլլալ, յատկապէս եթէ ազնուութեամբ եւ հասկացողութեամբ քաջալերութիւն տաք։
4 Բոլորս ալ ուրախանալու պատճառ կ’ունենանք, երբ անհատ մը ժողովքին հետ իր գործունէութիւնը վերսկսի։ (Ղուկ. 15։6) Անգործունեայ անհատները քաջալերելու մեր ջանքերը կրնան իրապէս «յարմարութեամբ ըսուած խօսք» մը ըլլալ։—Առ. 25։11