Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Sept. 22
«Անասուններուն իրարու հետ հաղորդակցելու կարողութեան վրայ կը հիանանք։ Բայց գիտէի՞ք թէ կարգ մը մարզերու մէջ մարդը անզուգական է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Սաղմոս 65։2–ը։] Անասուններուն հակառակը, մենք կը փափաքինք Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ։ Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք թէ՛ մարդոց եւ թէ Աստուծոյ հետ լաւ հաղորդակցութիւն մը վայելել»։
Դիտարան Հոկտեմբեր 1
«Մերօրեայ աշխարհին մէջ ոմանք կը զգան թէ անսէր ամուսնութեան մը դատապարտուած են։ Այսպիսի անհատներ օգնութեան համար ո՞ւր կրնան դիմել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուծոյ սկզբունքները կրնան մեզի օգնել։ [Կարդացէք Եսայեայ 48։17, 18] Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի սկզբունքներ, որոնք կրնան ամուսնութիւն մը ամրապնդել»։
Oct. 8
«Լսա՞ծ էք թէ երկրագործութիւնը շատ մը հողագործներուն ապրուստը չ’ապահովեր։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ այս խնդիրը եւ գալիք լաւ ժամանակներու նկատմամբ Աստուածաշունչի խոստումը։ [Կարդացէք Սաղմոս 72։16] Երբ վերադառնամ, կ’ուզեմ բացատրել թէ Աստուած ասիկա ի՛նչպէս պիտի իրագործէ»։