Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Sept. 22
«Շատերը կը մտահոգէ պատանիներուն մէջ հետզհետէ աճող խնդիր մը, որ է՝ առատ խմիչքով նշուող հաւաքոյթներ սարքել։ Ասոր մասին լսա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Առակաց 20։1–ը։] Այսպիսի հաւաքոյթներ պատանիները բազմաթիւ վտանգներու կ’ենթարկեն։ Այս յօդուածին տեղեկութիւնները կրնան անոնց օգնել որ գինովնալու ճնշումին դէմ դնեն»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 1
«Բոլորս անհամբեր կը սպասենք ոճիրի, բռնութեան ու պատերազմի չքանալը տեսնել։ Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը այս խօսքին կատարումը պիտի տեսնենք։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։11–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ այս խոստումը ի՛նչպէս կապ ունի մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակին հետ եւ ի՛նչպէս կրնանք անոր մէջ բաժին ունենալ»։
Oct. 8
«Ցաւալի չէ՞ որ ամէն տարի միլիոնաւոր չամուսնացած պատանուհիներ կը յղանան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը մի քանի կէտեր կը ներկայացնէ, անոնց օգնելու որ մայրութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Բայց անիկա նաեւ նկատի կ’առնէ թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ այս խնդրէն խուսափին»։ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։15–ը։