Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Sept.
«Շատեր կը խորհին թէ ստեղծուած ենք, իսկ ուրիշներ՝ թէ բարեշրջուած ենք։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ հետեւեալ թելադրութիւնը, որ մեզի կ’օգնէ շիտակ եզրակացութեան յանգելու։ [Կարդա՛ Յոբայ 12։7, 8–ը։] Զարթի՛ր պարբերաթերթի այս մասնայատուկ թիւը նկատի կ’առնէ թէ բնութեան մէջ բացայայտ եղող իմաստութենէն ու կառուցուածքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 1
Թաղամասիդ մէջ եղող մարդիկը հետաքրքրող ընթացիկ լուր մը յիշէ, ապա հարցուր. «Կը խորհի՞ս թէ Աստուածաշունչի այս համարը ճշգրտօրէն կը նկարագրէ մեր ապրած ժամանակները։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք»։
Oct.
«Գրեթէ ամէն ոք հեռատեսիլ դիտելէն հաճոյք կ’առնէ։ Բայց կը խորհի՞ս թէ ընտրողական պէտք է ըլլանք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Առակաց 13։20–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ հեռատեսիլը մեզի ի՛նչպէս կ’ազդէ, եւ զայն չափաւոր կերպով դիտելու համար թելադրութիւններ կու տայ»։