Եհովայի Հետ Մտերմութիւն Մշակել
1. Քոյր մը իր հոգեւոր սովորամոլութեան նկատմամբ ի՞նչ նկատեց։
1 «Շուրջ 20 տարի է որ ճշմարտութեան մէջ եմ, բայց պարզապէս ժողովներու յաճախելով ու դաշտի ծառայութեան մասնակցելով», խոստովանեցաւ Քրիստոնեայ քոյր մը։ Սակայն ան կը շարունակէ. «Այն եզրակացութեան յանգած եմ թէ այս բաները կարեւոր ըլլալով հանդերձ, առանձին չեն կրնար զիս կազդուրել երբ պարագաները դժուարանան։ . . . Այժմ կը գիտակցիմ թէ մտածելակերպս պէտք է ճշդեմ եւ ուսումնասիրութեան իմաստալից յայտագիր մը սկսիմ, որպէսզի իրապէս կարենամ Եհովան ճանչնալ ու զինք սիրել եւ գնահատել ինչ որ իր Որդին մեզի տուած է»։
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակել։
2 Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը կերտելը ջանք կը պահանջէ։ Անիկա քրիստոնէական գործունէութեան սովորութեան մը հետեւելէն շատ աւելին կը պահանջէ։ Եթէ Եհովայի հետ կանոնաւորաբար չհաղորդակցինք, ժամանակի ընթացքին կրնանք զինք նկատել՝ նախապէս մտերիմ եղող բարեկամ մը, որուն հետ մեր կապը կորսնցուցած ենք։ (Յայտ. 2։4) Այժմ նկատի առնենք թէ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ աղօթքը ի՛նչպէս կրնան մեզի օգնել Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակելու։—Սաղմ. 25։14
3. Մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է վարենք, որպէսզի Աստուծոյ մօտենանք։
3 Աղօթելը եւ Խոկալը Կենսական Են. Սիրտը սնուցանող անձնական ուսումնասիրութիւնը, սերտուելիք նիւթին գլխաւոր կէտերը ընդգծելէն ու նշուած համարները բանալէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա կը նշանակէ խոկալ թէ տեղեկութիւնները ի՛նչ կը յայտնեն Եհովայի ուղիներուն, չափանիշներուն եւ անձնաւորութեան մասին։ (Ել. 33։13) Հոգեւոր բաները ըմբռնելը մեր զգացումներուն կ’ազդէ եւ մեզ կը մղէ որ մեր կեանքին մասին մտածենք։ (Սաղմ. 119։35, 111) Անձնական ուսումնասիրութիւնը Եհովայի մօտենալու նպատակով պէտք է ըլլայ։ (Յակ. 4։8) Լուրջ ուսումնասիրութիւնը ժամանակ եւ յարմար միջավայր կը պահանջէ, իսկ կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը՝ կրթութիւն։ (Դան. 6։10) Նոյնիսկ եթէ շատ զբաղած կեանք մը կը վարէք, ամէն օր ժամանակ կը յատկացնէ՞ք Եհովայի սքանչելի յատկութիւններուն մասին խոկալու համար։—Սաղմ. 119։147, 148. 143։5
4. Անձնական ուսումնասիրութիւնը սկսելէ առաջ աղօթելը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակենք։
4 Սրտանց աղօթելը իմաստալից անձնական ուսումնասիրութեան կենսական մէկ մասն է։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին կարիքը ունինք, որպէսզի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները մեր սիրտը շարժեն ու մեզ մղեն որ «Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ»։ (Եբր. 12։28) Հետեւաբար, ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր նիստ աղօթքով պէտք է սկսինք, Եհովայի աղաչելով որ մեզի իր հոգին տայ։ (Մատթ. 5։3) Երբ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ խոկանք եւ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ հայթայթուած ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւնները գործածենք, մեր սիրտը Եհովայի կը բանանք։ (Սաղմ. 62։8) Այս կերպով ուսումնասիրելը պաշտամունքի արարք մըն է, որով Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումը կ’արտայայտենք եւ իր հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրացնենք։—Յուդա 20, 21
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկանք։
5 Ինչպէս բոլոր յարաբերութիւններու պարագային, Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը պէտք է շարունակաբար սնուցանուի, որպէսզի յարատեւաբար աճի մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ Արդ, ամէն օր ժամանակը ծախու առնենք Աստուծոյ մօտենալու համար, գիտնալով որ ան իր կարգին մեզի պիտի մօտենայ։—Սաղմ. 1։2, 3. Եփ. 5։15, 16