«Տէ՛րը Սիրեցէք, Ո՛վ Անոր Բոլոր Բարեպաշտները»
Յիսուսի Մահը Պիտի Յիշատակուի Ապրիլ 4–ին
1 Տարիներ առաջ, երբ Ուքրանիա Համայնավար վարչակարգին ներքեւ էր, իշխանութիւնները մօտէն կը հետապնդէին եղբայրները, յատկապէս երբ Տէրունական Ընթրիքին օրը կը մօտենար, յուսալով անոնց ժողովատեղին գտնել։ Ասիկա միշտ խնդիր կը յարուցանէր, քանի որ իշխանութիւնները տօնակատարութեան թուականը գիտէին։ Եղբայրները ի՞նչ կրնային ընել։ Քրոջ մը տունը հեղեղուած ստորնայարկ մը ունէր։ Որովհետեւ իշխանութիւնները չէին ակնկալեր որ մարդիկ հոն հաւաքուէին, մինչեւ ծունկ հասնող ջուրին վրայ եղբայրները տախտակամած մը շինեցին։ Թէեւ անոնք ցած առաստաղի տակ ստիպուեցան կծկուած նստիլ տախտակամածին վրայ, սակայն խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ Յիշատակատօնը տօնակատարեցին։
2 Յիսուսի մահը տօնակատարելու պատուէրին հնազանդելու մեր Ուքրանացի եղբայրներուն վճռակամութիւնը, Աստուծոյ հանդէպ իրենց սիրոյն սքանչելի մէկ ապացոյցն էր։ (Ղուկ. 22։19. Ա. Յովհ. 5։3) Երբ մեր կեանքին մէջ խոչընդոտներ դիմագրաւենք, թող որ այսպիսի օրինակներէ քաջալերուինք եւ վճռենք ներկայ գտնուիլ Ապրիլ 4–ին տեղի ունենալիք Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան։ Ասիկա ընելով ցոյց կու տանք թէ սաղմոսերգուին զգացումները կը բաժնենք, որ տաղերգեց. «Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր [«բարեպաշտները», ԱՎ]»։—Սաղմ. 31։23
3 Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Աստուած Աւելի՛ Սիրեն. Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ նաեւ որ ուրիշները հրաւիրենք այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուելու։ Փետրուարի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը մեզմէ իւրաքանչիւրը քաջալերեց որ մեր հրաւիրելիք անհատներուն անուանացանկը պատրաստենք։ Ջանադրութեամբ հոգ կը տանի՞ք ձեր ցանկին մէջ յիշուած իւրաքանչիւր անհատը հրաւիրելու։ Ժամանակ յատկացուցէք անոնց բացատրելու առիթին իմաստը։ Յիշատակատօնին օրն ու ժամը ազնուօրէն անոնց յիշեցնելը եւ, եթէ յարմար է, առաջարկելը որ զանոնք սրահ հասցնէք, կրնան զիրենք քաջալերել ներկայ գտնուելու։
4 Յիշատակատօնի ժողովին, ջանացէք մեր հրաւէրը ընդունողները ողջունել եւ անոնց բարի գալուստ մաղթել։ Ի՞նչպէս կրնաք անոնց օգնել որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը աւելցնեն։ Պատրաստ եղէք անոնց հարցումներուն պատասխանելու։ Գերուշադիր եղէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու, եթէ յարմար է։ Զիրենք հրաւիրեցէք որ մեր շաբաթական ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Մանաւանդ երէցները ուշադրութիւն պիտի ընծայեն ներկայ գտնուող անգործունեայ Քրիստոնեաներուն։ Անոնք կրնան կարգադրութիւն ընել այսպիսիներուն այցելելու եւ զանոնք քաջալերելու որ իրենց գործունէութիւնը վերսկսին, թերեւս Յիշատակատօնի դասախօսութեան մէջ յիշուած գաղափարներուն վրայ հիմնուելով։—Հռովմ. 5։6-9
5 Եհովայի Հանդէպ Մեր Սէրը Խորացնենք. Փրկանքի պարգեւին մասին խոկալը կրնայ Եհովայի ու իր Որդիին հանդէպ մեր սէրը խորացնել։ (Բ. Կորն. 5։14, 15) Երկար ատենէ Յիշատակատօնի ներկայ գտնուող կին մը ըսաւ. «Անհամբեր կը սպասենք Յիշատակատօնին։ Ամէն տարի անիկա մեզի համար աւելի մասնայատուկ կը դառնայ։ Կը յիշեմ 20 տարի առաջ մեռելատան մէջ, երբ սիրելի հօրս կը նայէի, սկսայ սրտանց գնահատել փրկանքը։ Անկէ առաջ, փրկանքը միայն գիտութեանս մէկ մասն էր։ Անոր առնչութեամբ բոլոր համարները գիտէի ու կը բացատրէի։ Բայց միայն մահուան պաղ իրողութիւնը զգալէս ետքն էր որ սիրտս իսկապէս ուրախացաւ, այդ թանկագին փրկանքին շնորհիւ մեզի ի նպաստ իրագործուելիք բաներուն համար»։—Յովհ. 5։28, 29
6 Մինչ այս տարուան տօնակատարութեան թուականը կը մօտենայ, ձեր սիրտը պատրաստելու համար ժամանակ յատկացուցէք։ (Բ. Մնաց. 19։3) Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին ու 2004–ի Օրացոյց–ին մէջ յիշուած Յիշատակատօնի վերաբերեալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան վրայ խոկացէք։ Ոմանք իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին հաճոյքով վերաքաղ կ’ընեն Մեծագոյն Մարդը գիրքին 112-116–րդ գլուխները։ Ուրիշներ յաւելեալ պրպտումներ կ’ընեն, գործածելով հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած ուսումնասիրութեան օժանդակող այլ գրականութիւններ։ (Մատթ. 24։45-47) Բոլորս կրնանք փրկանքի պարգեւին մասին սրտանց աղօթել։ (Սաղմ. 50։14, 23) Այո, այս Յիշատակատօնի շրջանին, թող որ յարատեւ մտածենք մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն մասին եւ ջանանք իրեն հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերելու կերպեր փնտռել։—Մար. 12։30. Ա. Յովհ. 4։10