Հարցումի Տուփ
◼ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերու անձնական օրինակները ի՞նչպէս կարելի է ստանալ։
Բոլոր լեզուներով տպագրուած ու ձայնագրուած Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի բաժանորդագրութեան կարգադրութիւնը դադրած ըլլալով, բոլոր հրատարակիչները իրենց ժողովքին միջոցով պէտք է ստանան իրենց պարբերաթերթերը, ձայներիզները եւ MP3 խտասկաւառակները։ Բացառութիւն կը կազմեն Պրայլ լեզուով պարբերաթերթերն ու ձայներիզները, որոնք թղթատարական միջոցով ձրիաբար կ’ուղարկուին որակեալ անհատներուն։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ժողովքները կրնան ապսպրել պարբերաթերթերու ձայներիզները, MP3 խտասկաւառակները, օտար լեզուով կամ մեծատառ տպագրութեամբ հրատարակութիւնները, գործածելով՝ Ժողովքի Ապսպրանքներ (M-202) պատճենը։
Եթէ թաղամասիդ մէջ անհատ մը խնդրէ կանոնաւորաբար պարբերաթերթերը ստանալ, փութով ասոր հոգ տար, որպէսզի ան նոյնիսկ մէկ թիւ չփախցնէ։ Վտարուած անհատները իրենց անձնական գործածութեան համար պարբերաթերթեր կամ այլ գրականութիւններ կրնան ստանալ Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Հրատարակիչները անձամբ պարբերաթերթեր պէտք չէ տանին վտարուած անհատներու։
Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը հոգ պիտի տանի միայն անոնց բաժանորդագրութիւններուն, որոնց հրատարակիչ մը չի կրնար կանոնաւորաբար պարբերաթերթեր տանիլ։ Եթէ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը անհատի մը համար բաժանորդագրութեան ապսպրանք ուղարկէ, քարտուղարը նշմար մը պէտք է ներփակէ, նշելով թէ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը այս բաժանորդագրութեան ապսպրանքը աչքէ անցուցած եւ ընդունած է։
Ասիկա կը նշանակէ թէ հրատարակիչները մասնաճիւղի գրասենեակին գրելով անձնական բաժանորդագրութիւններ պէտք չէ ապսպրեն։ Հրատարակիչներու կամ հետաքրքրուած անհատներու կողմէ ներկայացուած այսպիսի ապսպրանքներ, ետ ժողովքին պիտի ուղարկուին։
◼ Բանտարկեալ մը ի՞նչպէս կրնայ անձնական գործածութեան համար պարբերաթերթեր ստանալ։
Եթէ որոշ բանտի մը մէջ քարոզչութեան հոգ տանող ժողովքը կրնայ բանտարկեալներուն պարբերաթերթեր հայթայթել, բանտարկեալ մը Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի իր անձնական օրինակները պէտք է ստանայ այցելու հրատարակիչներուն միջոցով։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, բանտարկեալը կրնայ անձամբ բաժանորդագրութիւն ապսպրել, մասնաճիւղի գրասենեակին գրելով։ Վտարուած բանտարկեալները կրնան այս պարբերութեան նշած կերպով պարբերաթերթեր ստանալ անձնական գործածութեան համար։