Ռահվիրայական Հոգին Ցուցաբերէ
1. Ռահվիրայական հոգին ի՞նչպէս կը նկարագրես։
1 Ներկայիս իբր ռահվիրաներ կարենան ծառայել կամ ոչ, Թագաւորութեան բոլոր հրատարակիչները կրնան ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։ Անոնք խորապէս հետաքրքրուած են քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրով։ (Մատթ. 28։19, 20. Գործք 18։5) Անոնք կ’ուզեն մարդոց օգտակար դառնալ եւ զոհողութիւններ կ’ընեն՝ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ (Մատթ. 9։36. Գործք 20։24) Եհովայի ծառաները յօժար են հարկ եղածը ընելու, ուրիշներուն օգնելու որ ճշմարտութիւնը սորվին։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Այժմ նկատի առնենք Փիլիպպոս աւետարանիչի օրինակը, որ այս հոգին ցոյց տուաւ։
2. Երէցներն ու օգնական ծառաները ի՞նչպէս կրնան ծառայութեան հանդէպ Փիլիպպոսի նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակել։
2 Քարոզել ու Սորվեցնել. Փիլիպպոս առաջին դարու ժողովքին մէջ ծանր պատասխանատուութիւններու հոգ տարաւ։ (Գործք 6։1-6) Այսուհանդերձ ան գլխաւորաբար բարի լուրին նախանձախնդիր քարոզիչ մըն էր։ (Գործք 8։40) Նմանապէս այսօր, մինչ իրենց նշանակուած պարտականութիւններուն հոգ կը տանին, երէցներն ու օգնական ծառաները կրնան ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել, խանդավառօրէն ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով։ Ասիկա որքա՜ն կը կազդուրէ ժողովքին հոգին։—Հռովմ. 12։11
3. Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, ի՞նչպէս կրնանք ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։
3 Ստեփանոսի մահէն ետք, հալածանքի ալիք մը մեծ խռովութիւն պատճառեց աշակերտներուն։ Սակայն Փիլիպպոս շարունակեց քարոզել եւ Սամարացիներուն բարի լուրը հասցնելու մէջ մեծ դեր խաղցաւ։ (Գործք 8։1, 4-6, 12, 14-17) Կրնանք իր օրինակին հետեւիլ՝ շարունակելով բարի լուրը ծանուցանել երբ փորձութիւններու ներքեւ ենք, եւ անաչառօրէն քարոզելով մեր հանդիպած բոլոր անհատներուն։—Յովհ. 4։9
4. Փիլիպպոս որպէս ուսուցիչ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։
4 Եթովպիացի ներքինիին կրօնափոխութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Փիլիպպոս Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանելու մէջ հմուտ էր։ (Գործք 8։26-38) Աստուածաշունչը գործածելու եւ ‘Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանելու’ կարողութիւնը մշակելը, ռահվիրայական հոգին ցուցաբերելու այլ կերպ մըն է։ (Գործք 17։2, 3) Փիլիպպոսի նման, կը ջանանք բարի լուրը քարոզել հո՛ն ուր մարդիկ կը գտնուին եւ ամէն յարմար առիթով։
5. Ի՞նչ բան կրնայ Քրիստոնեայ ծնողներուն օգնել որ իրենց զաւակներուն մէջ ռահվիրայական հոգին քանդակեն։
5 Ընտանիք եւ Ժողովք. Անտարակոյս Փիլիպպոսի կեցուածքն ու օրինակը դրական ազդեցութիւն ձգեցին իր դուստրերուն վրայ։ (Գործք 21։9) Նմանապէս, իրենց կեանքը Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնացուցած Քրիստոնեայ ծնողները կը քաջալերեն իրենց զաւակները որ նոյնը ընեն։ Շաբթուան վերջաւորութեան յոգնած ըլլալով հանդերձ, երբ ծնող մը անձկագին քարոզէ ուրիշներուն, կրնայ իր զաւակին սիրտին վրայ մնայուն տպաւորութիւն մը ձգել։—Առ. 22։6
6. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ժողովքի ռահվիրաներուն հանդէպ գնահատութիւն յայտնել։
6 Փիլիպպոս հիւրընկալեց Պօղոսն ու Ղուկասը՝ նախանձախնդիր Քրիստոնեաներ, որոնք իրենց կեանքը Եհովայի ծառայութեան տրամադրած էին։ (Գործք 21։8, 10) Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք նախանձախնդիր քարոզիչներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնել։ Թերեւս կրնանք ռահվիրաներուն հետ ծառայութեան ելլել, կէսօրէ առաջ թէ ետք, այն օրը որ քիչեր ծառայութեան կը մասնակցին։ (Փիլ. 2։4) Կրնանք նաեւ զանոնք մեր տունը հրաւիրել, շինիչ ընկերակցութեան համար։ Ինչ որ ալ ըլլան մեր պարագաները, բոլորս ջանանք ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։