Աստուածաշունչը Ազդուօրէն Գործածէ
1 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ այն գրականութիւնը որ կը ծրագրենք ծառայութեան մէջ ներկայացնել, օգտաշատ է ընտրել միտք–գրգռող համար մը ու զայն կարդալ ականջ տուողներուն։ (Եբր. 4։12) Ներկայացուցած գրականութեանդ նշած մէկ համարը գործածելով, կրնաս գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնել։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, հրատարակիչները հասութաբեր գտած են Աստուածաշունչը իրենց ձեռքը ունենալ, երբ անհատի մը մօտենան կամ տունէ տուն քարոզեն։
2 Համարով մը Սկսիր. Հրատարակիչներէն ոմանք իրենց ներկայացումը կը սկսին, տանտիրոջ պարզ հարցում մը հարցնելով համարի մը շուրջ, որ ետքը պիտի կարդան։ Այս մօտեցումը անմիջապէս ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին կ’ուղղէ։ Թերեւս հետեւեալ բացումներէն ոմանք թաղամասիդ մէջ ազդու ըլլան։
◼ «Եթէ հարկ եղած կարողութիւնը ունենայիր, հետեւեալ փոփոխութիւնները յառաջ կը բերէի՞ր»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4–ը։
◼ «Ինչո՞ւ այսպիսի վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք»։ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը։
◼ «Կը խորհի՞ս որ մեր համայնքը աւելի լաւ վիճակ պիտի վայելէ, եթէ ամէն ոք սա խրատին հետեւի»։ Կարդա՛ Մատթէոս 7։12–ը։
◼ «Կը խորհի՞ս որ զաւակներդ պիտի կարենան հոս նկարագրուած վիճակները վայելել»։ Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11–ը։
◼ «Կը խորհի՞ս որ օրին մէկը այս խօսքը պիտի իրականանայ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը։
◼ «Որեւէ գաղափար ունի՞ս հոս յիշուած կառավարական փոփոխութեան մասին»։ Կարդա՝ Դանիէլ 2։44–ը։
◼ «Բնաւ փափաքա՞ծ ես այս հարցումը Աստուծոյ հարցնել»։ Կարդա՛ Յոբայ 21։7–ը։
◼ «Կարելի՞ է որ մեր ննջեցեալ սիրելիները դարձեալ տեսնենք»։ Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ն։
◼ «Մեռելները գիտե՞ն թէ ողջերը ի՛նչ կ’ընեն»։ Կարդա՛ Ժողովողի 9։5–ը։
3 Բացատրէ, Լուսաբանէ, Կիրարկէ. Երբ անհատ մը խօսակցելու հակամէտ է, աճապարանօք մի՛ խօսիր։ Ժամանակ յատկացուր կարդացած համարդ բացատրելու, լուսաբանելու եւ կիրարկելու, որպէսզի անհատը զայն հասկնայ։ (Նէեմ. 8։8) Երբ մարդիկ Աստուծոյ Խօսքին սորվեցուցածը հասկնան ու ընդունին, անիկա կրնայ իրենց կեանքին մէջ սքանչելի փոփոխութիւններ յառաջ բերել։—Ա. Թես. 2։13
4 Մինչ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը կը մշակես, շարունակէ Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածել։ Վերայցելութեան կրնաս այս նոյն մեթոտը գործածել. (1) Յարմար համար մը ընտրէ։ (2) Համարին մասին պարզ հարցում մը հարցուր, ապա զայն կարդա՛։ (3) Համարը բացատրէ, լուսաբանէ ու կիրարկէ։ Ամէն անգամ որ վերայցելես, ջանա՛ Աստուծոյ Խօսքին մասին անհատին գիտութիւնը աւելցնել։ Այս կերպով, շուտով կը սկսիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումները]
1. Դաշտի ծառայութեան առ ի պատրաստութիւն, ի՞նչ կրնաս ընել։
2. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք համարով մը մեր ներկայացումը սկսիլ։ (բ) Ի՞նչ աստուածաշնչական նիւթեր կրնան թաղամասի մէջի մարդիկը հետաքրքրել։
3. Ի՞նչպէս կրնանք մարդոց օգնել որ մեր կարդացած համարները հասկնան։
4. Վերայցելութեան ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածել։