Նահանգային Համաժողովը Մեզ կը Խթանէ Աստուծոյ Հետ Քալելու
«Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովը հոյակապ կերպով կրկնեց Եհովայի յստակ ուղղութիւնը. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսայ. 30։21) Մեր ստացած ցուցմունքները կիրարկելը պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք ‘զգուշութեամբ քալել’։ (Եփ. 5։15) Մեր սորվածին վրայ խոկալը մեզ պիտի ամրապնդէ որ յարատեւենք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։—Գ. Յովհ. 3
Հետեւեալ հարցումները եւ անձնական նոթերդ գործածէ, որ այս տարուան նահանգային համաժողովի յայտագրին վերաքաղին համար նախապատրաստուիս ու անոր մասնակցիս։ Վերաքաղը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 18–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։
1. Ենովք խռովալից ժամանակներու մէջ ապրելով հանդերձ, ի՞նչպէս կրցաւ Աստուծոյ հետ քալել։ (Եբր. 11։1, 5, 6. Յուդա 14, 15. «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք Փոթորկալից Ժամանակներուն Մէջ»)
2. Ղուկաս 16։10–ի սկզբունքը, կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ կրնայ կիրարկուիլ։ («‘Քիչ Բանի Մէջ Հաւատարի՞մ’ Ես»)
3. (ա) Ովսեայ 6-9–րդ գլուխներուն մէջ գտնուող չորս գործնական դասեր նշէ, որոնք պիտի օգնեն մեզի որ Աստուծոյ հետ քալենք։ (Ովս. 6։6, 7. 7։14. 8։7) (բ) Ովսեայ 10-14–րդ գլուխներէն քաղուած ի՞նչ յաւելեալ կէտեր մեզի կ’օգնեն Աստուծոյ հետ քալելու։ («Ովսէէի Մարգարէութիւնը Մեզի կ’Օգնէ Աստուծոյ Հետ Քալելու»—Ճառաշարք)
4. Քրիստոնեայ ամոլներ ի՞նչ գործնական բաներ կրնան ընել, իրենց ամուսնութիւնը զօրաւոր պահելու համար։ (Առ. 12։4. Եփ. 5։29. «‘Զայն որ Աստուած Միաւորեց’՝ Մի՛ Զատէք»)
5. Մեր սրբազան համախմբութիւնները ի՞նչպէս կը յարգենք։ (Ժող. 5։1. Եսայ. 66։23. «Մեր Սրբազան Համախմբութիւնները Յարգենք»)
6. (ա) Մեր քարոզչութեան ո՞ր երեք կարեւոր երեսակները պէտք է վերլուծենք, վստահ ըլլալու համար որ իմաստալից կերպով անոր կը մասնակցինք։ (Եսայ. 52։7. Զաք. 8։23. Մար. 6։34) (բ) Բարի Լուր՝ Բոլոր Ազգերուն գրականութեան ո՞ր երեսակները յատկապէս օգտակար կը գտնես։ («Բարի Լուր՝ Բոլոր Ազգերուն». «Օտարախօսներուն Օգնենք»)
7. Ի՞նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել որ ինքնավստահութեամբ Թագաւորութեան պատգամը ներկայացնեն։ (Դատ. 7։17. «Շատերու Օգնենք որ Մեզի Հետ Ծառայեն»)
8. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք մեր համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։ (Սոփ. 1։14. «‘Հաւատքով Քալենք ու Ո՛չ թէ Երեւոյթով’»)
9. (ա) Գայթակղութեան հարցը որքա՞ն լուրջ է։ (Մար. 9։41-47) (բ) Ի՞նչպէս կրնանք գայթակղելէ խուսափիլ։ (Սաղմ. 119։165) (գ) Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշները գայթակղեցնելէ խուսափիլ։ (Ա. Կորն. 10։24. «‘Գայթակղութիւն Մի՛ Պատճառեր’»)
10. Ի՞նչպէս կրնանք մեր հաւասարակշռութիւնը պահել, երբ կողակից փնտռենք, լաւ առողջութեան հետամուտ ըլլանք եւ առեւտրական հարցեր ձեռք առնենք։ (Սաղմ. 26։4. Մատթ. 6։25. Ա. Տիմ. 6։9. «‘Կատարելապէս Զգա՛ստ Եղէք’»)
11. (ա) Յիսուսի հիւրասիրութեան առիթներուն նկատմամբ, ի՞նչ բան ուշադրութեան արժանի է։ (Ղուկ. 10։42. 24։32) (բ) Ի՞նչպէս կրնանք մեր զբօսնելու կարիքը լեցնել այնպիսի կերպով որ մենք եւ ուրիշներ թարմանանք։ (Ա. Կորն. 10։31-33. «Օգտակար եւ Թարմացուցիչ Գործունէութիւններ»)
12. 23–րդ սաղմոսին համաձայն, իբր Եհովայի ոչխարներ ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանանք, իսկ ի՞նչ են մեր պատասխանատուութիւնները։ (Ա. Կորն. 10։21. «Եհովա Մեր Հովիւն Է»)
13. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս «ժամանակը ծախու առէք» ներշնչեալ խրատին կ’անսան։ (Եփ. 5։16. «‘Ժամանակը Ծախու Առնենք’»)
14. (ա) Յայտնութիւն 14։7–ի մէջ յիշուած «դատաստանին ժամը» ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք թէ Մեծ Բաբելոնէն իրապէս զատուած ենք։ («‘Արթո՛ւն Կեցէք’՝ Դատաստանին Ժամը Եկաւ») (գ) Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկին ո՞ր կէտերը հաւնեցար։
15. ‘Շիտակ ճամբան չձգելու’ համար հարկ եղող երեք յատկութիւններ յիշէ։ (Բ. Պետ. 2։15. «‘Շիտակ Ճամբան Ձգելէ’ Զգուշացէք»)
16. Պատանիները ի՞նչպէս կրնան ‘ամբարիշտներուն ճամբայէն’ մէկդի կենալ։ (Առ. 4։14. «Պատանինե՛ր, Արդարութեան Ճամբային Մէջ Քալեցէք»)
17. (ա) Պօղոս ի՞նչ կերպերով համբերատարութեան հոյակապ տիպար մըն էր։ (Գործք 14։18, 19. 16։25-33) (բ) Ինչո՞ւ ճշմարիտ պաշտամունքին հակառակորդներէն պէտք չէ վախնանք։ (Թատերախաղը եւ՝ «Ամբողջական Վկայութիւն Տուէք, Ի Հեճուկս Հակառակութեան»)
18. Աստուծոյ հետ քալողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան։ («Աստուծոյ Հետ Քալելը Օրհնութիւններ կը Բերէ՝ Հիմա ու Յաւիտեան»)
Թող վճռենք ‘մեր ետեւէն եկած խօսքը’ մտիկ ընել, որպէսզի մեր երկնաւոր Հօր հետ յաւիտեան քալենք։—Եսայ. 30։21. Յովհ. 3։36