Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/05 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Ի՞նչպէս կրնանք օգնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Եհովայի վկաները աղէտեալներուն կ’օգնե՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 1/05 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Այլ երկիրներու մէջ բնակող կարօտեալ եղբայրներուն ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

Երբեմն կը լսենք թէ երկրի մը մէջ եղբայրները սկսած են նիւթական նեղութիւն քաշել՝ հալածանքի, աղէտի կամ այլ դժուար պարագաներու պատճառով։ Կարգ մը եղբայրներ կը մղուին ուղղակի այդ երկրին մասնաճիւղի գրասենեակին գումար մը ուղարկել, խնդրելով որ դրամը գործածուի յօգուտ որոշ անհատի մը, ժողովքի մը կամ շինարարական ծրագրի մը։—Բ. Կորն. 8։1-4

Մինչ հաւատակիցներու հանդէպ այսպիսի սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերելը գովելի է, սակայն յաճախ կան կարիքներ որ աւելի ստիպողական են, քան՝ նուիրատուին նշած կարիքը։ Իսկ կարգ մը պարագաներուն, պատահած է որ տուեալ կարիքին արդէն հոգ տարուած է։ Անշուշտ վստահ կրնանք ըլլալ որ երբ նուիրատուութիւններ տեղական մասնաճիւղի գրասենեակ ուղարկուին՝ համաշխարհային գործին, Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին կամ աղէտեալներու օգնելու համար, անոնք նուիրատուին նշած կերպով պիտի գործածուին։

Բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ եղբայրները լիովին մարզուած են որ անակնկալ կարիքներուն արագօրէն ընդառաջեն։ Մասնաճիւղը միշտ Կառավարիչ Մարմինը տեղեակ կը պահէ ծագած հարցէն։ Եթէ յաւելեալ օգնութեան հարկ ըլլայ, Կառավարիչ Մարմինը կրնայ մօտակայ մասնաճիւղերէն խնդրել որ ձեռք հասցնեն, կամ՝ կարգադրել որ ուղղակի կեդրոնատեղիէն դրամական օժանդակութիւն ուղարկուի։—Բ. Կորն. 8։14, 15

Հետեւաբար համաշխարհային գործին, ուրիշ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող շինարարութեան կամ աղէտեալներու օգնութեան համար տրամադրուած նուիրատուութիւնները պէտք է ուղարկես բնակած երկրիդ մէջ գործող մասնաճիւղին, կա՛մ ժողովքին միջոցով եւ կամ ուղղակիօրէն։ Այս կերպով, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», Կառավարիչ Մարմինին հաստատած կազմակերպչական կարգադրութիւններուն միջոցով, կարգապահութեամբ հոգ կը տանի համաշխարհային եղբայրութեան կարիքներուն։—Մատթ. 24։45-47. Ա. Կորն. 14։33, 40

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել