Կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնինք
1. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ ըրին բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնելու համար։
1 Յիսուսի նախկին հետեւորդները լրջօրէն ջանացին Թագաւորութեան պատգամը տարածել։ Անոնք գործնական քայլեր առին, բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց մատչելի դարձնելու համար։ Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցող Քրիստոնեաները աշխարհաբար Յունարէնը գործածեցին, որ Հռովմէական Կայսրութեան միջազգային լեզուն էր։ Ասկէ զատ, Հ.Դ. երկրորդ ու երրորդ դարու նախանձախնդիր քարոզիչները, հաւանաբար առաջին անհատներն էին որ մատեանը գործածեցին, որ մագաղաթէն աւելի դիւրին է մէջբերումները բանալու համար։
2, 3. (ա) Եսայեայ 60։16–ը մեր օրերուն ի՞նչպէս կը կատարուի։ (բ) Արուեստագիտութիւնը ի՞նչպէս կը գործածուի մաքուր պաշտամունքը յառաջացնելու համար։
2 Արուեստագիտութիւնը գործածել. Եսայի մարգարէին միջոցով Եհովա նախագուշակեց. «Ազգերուն կաթը պիտի ծծես»։ (Եսայ. 60։16) Այս մարգարէութեան արդի կատարման մէջ, Եհովայի ծառաները ազգերուն թանկարժէք աղբիւրները կ’օգտագործեն, քարոզչութիւնը յառաջացնելու համար։ Օրինակ, 1914–ին, խօսուն շարժապատկերները առեւտրական գետնի վրայ յաջողութիւն գտնելէ տարինե՜ր առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը» ցուցադրել։ Այս ութ ժամ տեւող, գունաւոր եւ խօսուն շարժապատկերն ու լուսապատկերի ներկայացումը, միլիոնաւորներու ազդու վկայութիւն տուին։
3 Այսօր Աստուծոյ ժողովուրդը կ’օգտագործէ սրընթաց տպարաններ եւ համակարգչային դրոյթի վերածուած գործիքներ, հարիւրաւոր լեզուներով Աստուածաշունչ եւ աստուածաշնչական գրականութիւններ հրատարակելու համար։ Առաքման արագ միջոցները կը փոխադրեն աստուածաշնչական գրականութիւնները մինչեւ երկրագունդի հեռաւոր մասերը, զանոնք 235 երկիրներու հասցնելով։ Իր հոգիին միջոցով, Եհովա իր ծառաները մղած է որ այս արուեստագիտութիւնը ազդուօրէն գործածեն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը աննախընթաց կերպով մարդոց մատչելի դարձնելու համար։
4. Ոմանք իրենց կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցուցած են, որպէսզի բարի լուրը շա՛տ մարդոց հասցնեն։
4 Անձնապէս ճշդումներ ընել. Ճշմարիտ երկրպագուները նաեւ մղուած են անձնապէս ճշդումներ ընելու, որպէսզի բարի լուրը շա՛տ մարդոց հասցնեն։ Շատեր պարզ կեանք կը վարեն, քարոզչութեան մէջ աւելի լման բաժին բերելու համար։ Ոմանք փոխադրուած են հո՛ն, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ուրիշներ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակած են, օտար լեզու մը սորվելով։
5, 6. Տեղական թաղամասին մէջ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց վկայելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
5 Ասկէ զատ, կրնանք բարի լուրը աւելի շատ մարդոց հասցնել, քարոզելով այն ժամերուն՝ երբ մարդիկ տունն են եւ այն վայրերը՝ ուր մարդիկ կը գտնուին։ Եթէ թաղամասիդ մէջ ցերեկը մարդիկ յաճախ տունը չեն, կրնա՞ս յայտագիրդ ճշդել որ երեկոյեան կանուխ ժամերուն վկայես։ Հանրային վայրեր կա՞ն, ուր կրնաս վկայութիւն տալ։ Հեռախօսով վկայելը եւ առեւտրական շրջանի մէջ քարոզելը փորձա՞ծ ես։ Անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ կը փնտռե՞ս։
6 Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է որ Եհովայի անունին ու Թագաւորութեան մասին տրուած հոյակապ վկայութեան մէջ բաժին կը բերենք։ Շարունակենք Աստուծոյ Խօսքին կենսատու ճշմարտութիւնը հասցնել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։—Մատթ. 28։19, 20