‘Ամէն բան բարի լուրին համար ընենք’
1. Թագաւորութեան քարոզիչ մը ուրիշներուն համար ի՞նչ պիտի ուզէ ընել եւ ինչո՞ւ։
1 Պօղոս առաքեալ բարի լուրը ուրիշներուն ծանուցանելու անհատական պարտաւորութիւն զգաց (Ա. Կոր. 9։16, 19, 23)։ Նոյնպէս, մարդոց յաւերժական բարօրութեան հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը մեզ կը մղէ մասնայատուկ ջանքեր թափելու, որպէսզի բարի լուրը մարդոց քարոզենք։
2. Քարոզչութեան համար ի՞նչ ճշդումներ ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք եւ ինչո՞ւ։
2 Քարոզէ ո՛ւր որ եւ ե՛րբ որ մարդիկ կրնան գտնուիլ։ Ատակ ձկնորս մը իր ուռկանը կը նետէ ո՛չ թէ այն տեղը կամ այն ժամուն որ իրեն կը յարմարի, այլ՝ այն տեղը կամ այն ժամուն, երբ հաւանական է որ ձուկ ըլլայ։ Մենք ալ իբրեւ «մարդոց որսորդ»ներ կամ ձկնորսներ, հարկ է որ մեր յայտագրին մէջ կարգ մը ճշդումներ ընենք, որպէսզի մեր թաղամասին մէջ մարդիկ գտնենք, եւ հետեւաբար «ամէն տեսակ ձուկ» ժողվելու առանձնաշնորհումը լիովին վայելենք (Մատ. 4։19. 13։47)։ Կրնա՞նք երեկոյեան կանուխ ժամերը օգտագործել՝ մարդիկ իրենց տունը գտնելու համար, կամ առաւօտեան կանուխ ժամերը՝ փողոցի վկայութեան համար։ Պօղոսի նպատակակէտն էր՝ ‘բարի լուրի մասին հիմնովին վկայութիւն տալ’, եւ ան ասիկա ընելու յարմար պատեհութիւնները օգտագործեց (Գործք 17։17. 20։20, 24, ՆԱ)։
3, 4. Ծառայութեան մէջ ի՞նչ կերպերով կրնանք յարմարիլ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ է։
3 Ներկայացումդ յարմարցուր՝ կարիքին համաձայն։ Ձկնորսներ յաճախ իրենց մեթոտները կը ճշդեն, որոշ տեսակի ձուկ մը բռնելու համար։ Ի՞նչպէս կրնանք Թագաւորութեան բարի լուրը մեր թաղամասի մարդոց գրաւիչ կերպով ներկայացնել։ Ընդհանուրը հետաքրքրող նիւթ մը նրբանկատօրէն պէտք է ներկայացնենք, ապա ուշադրութեամբ մտիկ ընենք անոնց մեկնաբանութիւնները (Յակ. 1։19)։ Կրնանք տեսակէտ արտայայտելու մղող հարցում մը ուղղել, անոնց կարծիքը գիտնալու համար (Առ. 20։5)։ Այս կերպով կարող պիտի ըլլանք բարի լուրի մեր ներկայացումը անոնց անհատական պարագաներուն յարմարցնել։ Պօղոս ‘ամէնուն հետ ամէն բան եղաւ’ (Ա. Կոր. 9։22)։ Յարմարելիութիւնը մարդոց սրտերուն հասնելու բանալի է։
4 Ի՜նչ ուրախութիւն է մարդոց հետ «բարութեան աւետիս»ը բաժնել (Եսա. 52։7)։ ‘Ամէն բան բարի լուրին համար ընենք’, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ անհատներու քարոզենք (Ա. Կոր. 9։23, ՆԱ)։