Պատրա՞ստ ես յարմարելու
1. Աշխարհի փոփոխական վիճակին ի տես, յարկ է որ ի՞նչ փոփոխութիւններ ընենք։
1 Ա. Կորնթացիս 7։31–ին մէջ (ՆԱ), Աստուածաշունչը աշխարհը կը նմանցնէ թատերաբեմի մը, որուն տեսարաններն ու դերասանները տեւական կը փոխուին։ Աշխարհի փոփոխական վիճակին ի տես, յարկ է որ ատեն–ատեն փոփոխութիւններ մտցնենք մեր քարոզելու մեթոտներուն, յայտագրին եւ մօտեցումին մէջ։ Պատրա՞ստ ես յարմարելու։
2. Ինչո՞ւ յարկ է որ յարմարող ըլլանք, կազմակերպութեան հետ քայլ պահելու համար։
2 Քարոզելու մեթոտներդ։ Քրիստոնէական ժողովքը միշտ յարմարող եղած է։ Երբ Յիսուս սկիզբը իր աշակերտները քարոզելու ղրկեց, անոնց ըսաւ որ իրենց հետ չառնեն ճաշի պարկ կամ դրամ (Մատ. 10։9, 10)։ Սակայն ան յետագային, նախատեսելով իր աշակերտներուն դիմագրաւելիք հակառակութիւնները եւ ուրիշ թաղամասերու մէջ քարոզչութեան տարածուիլը, իր ուղղութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ մտցուց (Ղուկ. 22։36)։ Անցեալ դարուն, Եհովայի կազմակերպութիւնը գործածած է քարոզելու տարբեր մեթոտներ, ինչպէս՝ վկայութեան քարտեր, ռատիօկայաններ, ձայնի սարքով օժտուած ինքնաշարժներ,– այդ ժամանակուան կարիքներուն համաձայն։ Ներկայիս, քանի որ շատ մը շրջաններու մէջ մարդիկ հազուագիւտ տունը կ’ըլլան, ա՛լ աւելի ուշադրութիւն կ’ընծայուի որ մեր տունէ տուն ծառայութեան վրայ աւելցնենք հանրային եւ անպաշտօն վկայութիւնը։ Նաեւ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցինք երեկոյեան կանուխ ժամերուն, ի մտի ունենալով թէ ոմանք ցերեկը գործի կ’ըլլան։ Մինչ Եհովայի երկնային կառքը իր ուղղութիւնը կը փոխէ, անոր հետ քայլ կը պահե՞ս (Եզեկ. 1։20, 21)։
3. Յարմարող ըլլալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ մեր թաղամասին մէջ աւելի ազդու ըլլալու։
3 Ներկայացումդ։ Ներկայիս շրջանիդ մէջ գտնուող մարդոց ինչ բան մտահոգութիւն կը պատճառէ. տնտեսութի՞ւնը, ընտանի՞քը, պատերա՞զմը։ Լաւ է որ տեղեակ ըլլանք մեր թաղամասի խնդիրներուն եւ պարագաներուն, որպէսզի կարենանք ըստ այնմ մեր ներկայացումը պատրաստել (Ա. Կոր. 9։20-23)։ Մինչ տանտէրները իրենց տեսակէտը կ’արտայայտեն, փոխանակ սովորական պատասխան մը տալու եւ մեր կանխաւ պատրաստած ներկայացումը շարունակելու, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ մեր խօսքը յարմարցնել իրենց մտահոգութիւններուն։
4. Ինչո՞ւ յարկ է որ յարմարելու մէջ արագ ըլլանք։
4 Շատ շուտով այս աշխարհի վերջին «տեսարանը» պիտի անցնի, եւ մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։ «Ժամանակը կարճցած է» (Ա. Կոր. 7։29)։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է որ առանց ուշանալու յարմարինք, որպէսզի կարող ըլլանք լաւագոյնս իրագործել մնացած սահմանափակ ժամանակին մէջ։